Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ Ընթացք Առաւ Հայերէնի Ուսուցման Ծրագիրը

Փետրուար 1-ին, Հալէպի Պետական Համալսարանի Լեզուներու Բարձրագոյն Ուսումնարանէն ներս սկսաւ հայերէնի ուսուցման ծրագիրը: Դասաւանդութիւնը կը վարէ Համազգայինի Հայագիտական Հալէպի Հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան: Ծրագրի առաջին փուլին կը մասնակցին աւելի քան տասը ուսանողներ, վկայեալ մասնագէտներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Ուսումնարանի տնօրէն դոկտ. Մուհամմէտ Խէյրիի ողջունելով այս ծրագիրին մեկնարկը նշած է, որ իրենց նպատակն է քաջալերել ազգային լեզուները, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնել տուեալ լեզուները օգտագործող ազգերուն մշակոյթն ու պատմութիւնը, հասարակութեան ծանօթացնել անոնց մշակոյթին եւ կարեւորութիւն ընծայել սուրիական ընկերութեան բազմագոյն խճանկարին։

Դասընթացքի մասնակից դատախազ Հալա Նաամի ըսած է, որ կը մասնակցի, քանի որ ամուսինը հայ է։ Մէկ այլ մասնակից նշած է, իրեն համար նոր լեզու սորվիլը հաճոյք է, ինչպէս նաեւ՝ «հայ ժողովուրդը աշխատասէր եւ ստեղծարար ժողովուրդ է: Սուրիոյ տագնապի օրերուն միշտ մեր կողքին էր նաեւ Հայաստանը, ես հայ ընկերուհիներ ալ ունիմ: Այս բոլորը զիս կը մղեն, որ սորվիմ հայերէն, ծանօթանամ հայ մշակոյթին»:

Ըստ Ուսումնարանի փոխտնօրէն Ռիմ Իսայի՝ Ուսումնարանը հիմնուած է 2000-ին, Ուսումնարանը ունի անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն լեզուներու ուսուցման բաժին, կը գործեն նաեւ օտար լեզուներու եւ ազգային լեզուներու բաժինները։ Վերջինս կ՛ընդգրկէ հայերէն, քրտերէն, սիրիաններէն եւ ասորերէն լեզուները: Առաջին անգամ ըլլալով Համալսարանէն ներս ընթացք կ’առնէ հայերէնի դասաւանդութիւնը:

Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեան ըսած է, որ պետական համալսարանէն ներս հայերէնի ուսուցման այս դասընթացքը գործնական արտայայտութիւնն է մեր լեզուին նկատմամբ, որպէս ազգային լեզու, Սուրիոյ պետութեան տածած յարգանքին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի գոյութիւնը գնահատող քայլ է․․․ նախապէս նման ծրագիր մը մշակուած էր, բայց գործնականացման փուլի չէր անցած: Այսօր գործնական առաջին քայլն է, որ կ’առնուի: Կը յուսանք որ այս քայլը զարգանալով կը հասնի Հալէպի պետական համալսարանէն ներս հայագիտական ամպիոնի հիմնադրման ծրագիրին․․․»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.