Կրթութիւն եւ մշակոյթ՝ հիմքը արդար կարգերու

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հրապարակուեցաւ «ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները»՝ որպէս նախագիծ, որ կը դրուի «հանրային բաց քննարկման՝ հրապարակայնացնելու, առաջարկներ ստանալու եւ շահագրգիռ քննարկումների արդիւնքներով առաջ քաշուած հիմնադրոյթները բարելաւելու նպատակադրմամբ»։

Այս Նախագիծը, որ մշակուած է ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակին կողմէ եւ որ առցանց (www.arfd.info/hy/?p=45879) լոյս տեսաւ 2018 օգոստոս 10-ին, առաջին անգամ ըլլալով ի մի կը բերէ ու կ՚ամփոփէ կուսակցութեան տեսլականն ու գործնականը՝ ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ, համապարփակ կերպով ու բաւական մանրամասնութեամբ ներկայացնելով այն տեսութիւնները, որոնց վրայ կը հիմնուի այդ քաղաքականութիւնը եւ այն նպատակները, զորս անհրաժեշտ է հետապնդել՝ Հայաստանի՛ մէջ արդար կարգեր հաստատելու համար։

Անշուշտ Նախագիծը նախագի՛ծ է, կ՚ակնկալուի որ ենթարկուի քննարկման ըլլա՛յ շարքերէն ներս, ըլլա՛յ մանաւանդ շարքերէն դուրս, հանրութեա՛ն կողմէ, յատկապէս հայրենաբնակ հանրութեան, որուն կեանքին իսկ առնչուած է այդ ամենը։ Ենթարկուի քննարկման եւ ամբողջանայ ու բիւրեղանայ, նաեւ համառօտագրուած՝ մաս կ՚ազմէ ՀՅԴ ծրագրին, որուն վերջին տարբերակը, արդէն 20-ամեայ վաղեմութեամբ, իր ամենէն վերջին երկու էջերը միայն յատկացուցած է «Ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներ»-ուն։

Նոր վաւերաթուղթը կը բաղկանայ նախաբանէ մը եւ երեք գլխաւոր մասերէ (վերջին մասը ինքն ալ երեք բաժիններով)՝

Նկատի առնելով, որ տնտեսական մարզի զանազան ոլորտներուն մէջ ինձմէ աւելի հմուտ ընկերներ ու ազգայիններ կրնան իրենց դրական ներդրումը ունենալ, կ՚ուզեմ այստեղ կեդրոնանալ կեանքի որակի ոլորտին վրայ, ուր կարեւոր (կ՚ըսուի «առանցքային») ազդակներ են կրթութիւն ու մշակոյթ՝ առողջապահութեան կողքին։

Կ՚արժէ այստեղ «Նախաբան»-էն մէջբերել երկու հատուածներ, որոնցմէ մէկը առաջին իսկ պարբերութիւնն է.

«Սահմանադրութեան համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է: Սոցիալական պետութիւնն ապահովում է իր քաղաքացիների տնտեսական և սոցիալական իրաւունքները և բարեկեցութիւնը: Նրան է վերապահւում իր քաղաքացիների սոցիալ-տնտեսական բարեկեցութեան և կեանքի որակի առաջանցիկ աճի ապահովման առանցքային դերը՝ հիմնուած հնարաւորութիւնների հաւասարութեան և սոցիալական արդարության, եկամուտների արդար վերաբաշխման և արժանապատիւ կեանքի նուազագոյն պայմաններն ինքնուրոյն ապահովել չկարողացող անձանց պետական առաջնային աջակցութեան սկզբունքների վրայ»: Այս պարբերութեան մէջ աչքի զարնող հիմնական բառերն են «բարեկեցութիւն» եւ «կեանքի որակ» եզրերը, որոնց ապահովումը որեւէ քաղաքակիրթ երկրի պետութեան ճիտին պարտքն է իր քաղաքացիներուն հանդէպ, հասկնալով հանդերձ, թէ նախապայման է նաեւ երկրի անվտանգութեան ապահովումը…

Երկրորդ մէջբերումը «Նախաբան»-ի երրորդ պարբերութենէն է.

«ՀՅԴ համար սոցիալական պետութեան հիմնական առաքելութիւնը Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու համար աղքատութիւնից զերծ կեանքի ապահովումն է, սեփական երկրում արարելու, ստեղծագործելու և արժանապատիւ ապրելու համար անհրաժեշտ պայմանների ստեղծումը: […] Հայաստանում աղքատութեան յաղթահարման կարևորագոյն ուղղութիւններից է հոգևոր աղքատութեան յաղթահարումը՝ որպէս բարձր արժեհամակարգով նոր սերունդ և նոր հասարակութիւն ձևաւորելու անհրաժեշտ նախապայման»: Այստեղ ալ ընդգծուելիք հասկացութիւններն են «արարել», «ստեղծագործել» «արժանապատիւ ապրել», այլեւ «հոգևոր աղքատութեան յաղթահարում»։ Կարելի՞ է չվերյիշել ՀՅԴ մեծ գաղափարախօս ու տեսանող Վահան Նաւասարդեանի բառերը, որոնք, «գրուած յուզիչ եւ սրտագրաւ ոճով, այլ նաեւ հայրենասիրական ջերմ շունչով», հատուած մըն են իր «Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը» կոթողական գործէն եւ իր քաղաքական կտակը կրնան նկատուիլ,– ինչպէս կ՚ըսուի «Յուսաբեր»-ի բացառիկին մէջ՝ անոր մահուան առթիւ հրատարակուած,– որոնք որքա՛ն այժմէական կը հնչեն տակաւին՝ հրատարակութենէն գրեթէ 70 տարի ետք.

«Արցունք եւ արիւն չտեսնել հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ։

Հայ շինականը տէր դարձնել իր արդար վաստակին։

Հաւատացեալը ազատ ձգել անվախօրէն իր Աստծուն աղօթելու։

Խորտակել հայ մտածումին վրայ ծանրացած շղթաները։

Հայ լեզուն ազատել զինք կաշկանդող կապանքներէն։

Թոյլ տալ, որ հայ հանճարը ազատօրէն ծաղկի ու ստեղծագործէ իր ազատ հայրենիքին մէջ։

Ազատ տեսնել հայ քաղաքացին ազատ Հայաստանի մէջ։

……

Պայքարի՛նք թոյլ չտալու համար, որ ստրկութեան ժանգը պատէ մեր հինաւուրց ու քաջարի ժողովուրդի հոգին»։

Չէ՞ք լսեր Նաւասարդեանի այս խօսքերուն արձագանգները քննարկուող Նախագիծին մէջ։

Իրապէս գնահատելի է այնտեղ՝ ընկերային-տնտեսական հիմնադրոյթներուն մէջ, գիտակցիլ կրթութեան ու մշակոյթի կարեւորութեան։

Կրթութեան ոլորտին մէջ նշուած են որակեալ անձնակազմերու («կադրերի») պատրաստումը, աշխատաշուկային հետ կրթութեան լիարժէք համապատասխանեցումը, մասնագիտական ուսման եւ ասպարէզի («կարիերայի») առնչումը, վերջապէս ատկէ ալ անդին՝ ինքնազբաղուածութեան ապահովումը՝ սեփական գործարարութիւնը («բիզնեսը») ունենալ կարենալու հմտութեան ձեռքբերումը։ Այս նպատակները չենք կրնար մերժել, բայց աւելի՛ն կ՚ակնկալենք որ կրթութիւնը իրագործէ արդար ընկերա-տնտեսական պայմաններու յառաջացման մէջ։

Կրթութիւնը շատ աւելիին պիտի ձգտի, քան մասնագիտութեան ու նախաձեռնութեան ոգիի մշակումին՝ նոր սերունդին մէջ։ Այս վերջինին պիտի ջամբուի ինչպէս անհատական որոշ արժէքներու համակարգ մը,– ուր պիտի զարգանան, օրինակ, բարոյական նկարագիրը, պատասխանատւութեան գիտակցութիւնը, ուսման, գիտութեան, գեղեցիկի սէրը եւ լաւագոյնին հասնելու ձգտումը,– այնպէս ալ մարդկային ու ազգային արժէքներու համակարգեր՝ բնութեան, հողին, պետութեան տէր կանգնելու պատրաստակամութիւնն ու ընկերային արդարութեան հասկացութեան ըմբռնումը եւ այլն։ Այսինքն սեփականէն անդին տեսնելու, հաւաքականին արժէքը հասկնալու եւ պաշտպանելու ուսուցումը։

Գալով մշակութային ոլորտին, որուն «համակարգաստեղծ» նշանակութիւնը կը շեշտուի իրաւամբ, Նախագիծը կը նշէ «մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, զարգացումն ու կապիտալացումը (արժէքաւորումը – Վ-Ա.)», «հոգևոր աղքատութեան յաղթահարումը, սկսնակ ստեղծարար նորարարութիւնների խթանումը, մշակութային բազմազանութեան քաջալերումն ու հասանելիութիւնը, մշակութային ազգային արժէքների հետևողական միջազգայնացումը, ինչպէս նաև մշակութային կրթութեան և գեղարուեստական դաստիարակութեան համար ինստիտուցիոնալ (կազմակերպական, սահմանակարգային – Վ-Ա.) լիարժեք հիմքերի ապահովումը»: Շատ դրական է, որ չի խօսուիր մշակոյթի առեւտրականացման մասին, որ որոշ պարագաներու կրնայ տանիլ մինչեւ մշակոյթի խեղաթիւրում։

Պէտք չէ անտեսուի նաեւ մարմնամարզի դերակատարութիւնը, մանաւանդ որ ինչպէս գիտութեան եւ մշակոյթի այլ երեսներով, մարմնամարզի ճամբով եւս, գերազանց արդիւնքներու ձեռքբերումով՝ միջազգային բեմերու վրայ Հայաստանի ու հայութեան վարկը կարելի է բարձրացնել՝ համակիրներ, աջակիցներ ու գործակիցներ վաստկելով։

Սակայն կայ աւելին։ Այդ՝ կենցաղային մշակոյթի զարգացումն է, որուն մաս կը կազմեն, ինչպէս Նախագիծը կ՚ըսէ՝ «սեռերի շահերի լիարժէք գնահատումն ու հաւասար հնարաւորութիւնների ապահովումը», ինչպէս նաեւ «կանանց ներուժի» արդիւնաւէտ օգտագործումը հանրային կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ եւ կիներու ներկայացուածութիւնը պետական կառավարման բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Մաս կը կազմեն նաեւ այլ պահանջներ՝ որոնք վերեւը նշուեցան կրթութեան ոլորտին մէջ. բարեկեցիկ կեանքի ձգտումը ներառելու է իմաստալից կեանքի հասկացութիւնը, որ անհատական ցանկութիւններու ու նախասիրութիւններու բաւարարումէն շատ անդին կ՚անցնի։

Նախագիծը կը կարօտի որոշ յստակացումներու, որոշ մանրամասնութիւններու զեղչումին (յատկապէս գործնական քայլերու տեսակէտէն, քանի որ անոնք ընտրութենէ ընտրութիւն պէտք է մշակուին ու զարգանան նախընտրական ծրագրերու ճամբով՝ համապատասխան երկրի օրուան կարիքերուն։ Կը կարօտի այլեւ լեզուական՝ հայերէնի բիւրեղացման եւ արեւմտահայերէն տարբերակի մըն ալ ստեղծման՝ Սփիւռքի մէջ աւելի դիւրաւ հասկնալի դառնալու համար։

Այս բոլորը ըսելէ ետք, կրկնեմ, որ այս Նախագիծը մեր կուսակցութեան համար կրնայ դառնալ նոյնքան կարեւոր վաւերաթուղթ մը, որքան 1890-ին իր հիմնադրութիւնը յայտարարող հռչակագիրը՝ «ՀՅԴ մանիֆեստ»-ը, եթէ բոլորս գիտակցինք անոր խաղալիք կարեւոր դերակատարութեան։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.