Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս Ա. այցելեց Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանք՝ Ս. Ղազար հայոց կղզի

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս Ա. այս օրերուն պաշտօնական այց կը կատարէ Յոյներու Մետրապոլիտի աթոռանիստ քաղաքը վենետիկ, Իտալիոյ եւ Մալթայի Յոյն Մետրապոլիտ՝ Կեննատիոսի անուանակոչութեան տօնին առիթով։

Ընդառաջելով Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ՝ Լեւոն Արք. Զէքիեանի հրաւէրին, Նորին Սրբութիւնը Հինգշաբթի 15 Նոյեմբեր 2018ին այցելեց Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանք՝ Ս. Ղազար կղզի։ Մայրավանքի զանգերու ղօղանջով, վանաբնակ հայրերու եւ դպրաց դասի «Այսօր Աստուածութիւնն» եւ «Հրաշափառ» շարականներով շքախումբը, քաղաքի իշխանութիւնները եւ հրաւիրեալ ազգայիններ թափորով ուղղուեցան եկեղեցի։ Յոյն հոգեւորականները «Ֆոս Իլարիոն» (Լոյս զուարթ) շարականը կատարեցին, իսկ հայերէն հնչեց Կոմիտասի Սուրբ Սուրբը։ Աւարտին Նորին Սրբութիւն Բարթողիմէոս Պատրիարքը իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն եւ բոլորը բարձրացան Մխիթար Աբբահօր ձեռակերտ գրադարանը։

՚Քահանայապետական Պատուիրակ Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ ողջոյնի յունարէն հակիրճ բանաձեւէ մը ետք, իտալերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութիւն Բարթողիմէոս Ա.-ին, շեշտելով որ Տիեզերական Պատրիարքի մը անդրանիկ այցելութիւնն է Ս. Ղազար։ Համառօտ պատմական ակնարկով մը ան ներկայացուց սերտ կապերը Յոյն եւ Հայ ժողովուրդներու, Հայրապետներու, եւ իշխանաւորներու միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայերու հայացքը դէպի Բիւզանդիոն որպէս Մշակոյթի եւ վաճառականութեան կեդրոն։

Եզրափակելով՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրելով Տիրամօր բարեխօսութեան եւ պաշտպանութեան յանձնեց Նորին Սրբութեան անձը եւ իրեն յանձնուած հօտն ու համայն մարդկութիւնը։

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, յիշեց սէրն ու յարգանքը Յոյն եւ Հայ եկեղեցիներու միջեւ եւ շեշտեց որ ներկայ աշխարհիս կրօնական ծայրահեղութեան աճման երեւոյթին դիմաց, անհրաժեշտ է որ համայն քրիստոնեայ ընտանիքը միաձայն ըլլայ, Աստուծոյ խօսքի աւետարանման առաքելութեան մէջ։

Ան Ս. Ղազարը նկատեց Հայ Մշակոյթի եւ Արժէքներու պահպանման ամենակարեւոր կեդրոնը Արեւմուտքի մէջ , ինչպէս նաեւ հոգեկանութեան, աղօթքի եւ խաղաղութեան ովասիս։

Տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, հուսկ Նորին Սրբութիւնը ոսկեմատեանին մէջ դրոշմեց իր տպաւորութիւնները ի յիշատակ եկող սերունդներուն։

Գասբար Եդեսացի Համոյթը ղեկավարութեամբ Ճիւսթին Ռափաչոլիի կատարեց Կոմիտասէն երկու ժողովրդական երգ։

Որմէ յետոյ, Պատրիարքը իր շքախումբով այցելեց Մայրավանքիս մատենադարանը, թանգարանն ու ձեռագրատունը։

Այցելութիւնը եզրափակուեցաւ եղբայրական սեղանով։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.