Կիրօ Մանոյեան. «Մինչեւ 2019 Թուականը Արցախի Հարցով Լուրջ Տեղաշարժեր Պիտի Չըլլան»

Արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման առնչութեամբ զարգացումներու բացակայութիւնը խիստ մտահոգիչ է: 19 փետրուարին «Փաստարկ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

«Ազրպէյճանը կը փորձէ պատրանք ստեղծել, թէ դրական միտումները առկայ են, սակայն հիմքեր չկան հաւատալու անոր: Մենք պէտք է լսենք Ալիեւի հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնք չեն խօսիր տագնապի խաղաղ լուծման պատրաստակամութեան մասին», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Մանոյեան համաձայն չգտնուեցաւ յաճախ հնչող այն տեսակէտին հետ, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, որոնց կարգին` Երեւանի մասին վերջին յայտարարութիւնը, զուտ ներքին սպառման համար են: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ պատգամներ փոխանցէ Ազրպէյճանին եւ ըսէ, որ նման յայտարարութիւններ անընդունելի են», ըսաւ Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հաւանակա՞ն է, որ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ վերսկսին, Մանոյեան ըսաւ, որ մօտ ապագային ապրիլեան պատերազմի կրկնութիւն չի կանխատեսեր, սակայն հայկական կողմը զգօնութիւնը պէտք չէ կորսնցնէ: Եթէ, այնուամենայնիւ, լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ սկսին, հետեւանքը իսկապէս անկանխատեսելի պիտի ըլլայ:

«Խաղաղ լուծում կրնայ ըլլալ, եթէ միջազգային հանրութենէն ութ պետութիւն ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը այնքան, ինչքան Հայաստանը ճանչցած է: Ատիկա Ազրպէյճանի վրայ լուրջ ճնշում կ՛ըլլայ: Խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի` ատիկա կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի, թէ աշխարհի կողմէ ճանաչումով», ամփոփեց Մանոյեան` համոզմունք յայտնելով, որ մինչեւ 2019 թուական Արցախի հարցով լուրջ տեղաշարժեր պիտի չըլլան:

Մտահոգիչ հարց է նաեւ, ըստ Մանոյեանի, Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վերաբերմունքը:

Անդրադառնալով Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ելոյթին, որ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է բանակցութեան սեղանին դրուի հայ-թրքական այլ փաստաթուղթ մը, Մանոյեան նշեց. «Երկրի ղեկավարի ըսածին մէջ նորութիւն չկար»: Ըստ անոր, նախագահը հաստատեց, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները Հայաստանի համար այլեւս արժէք չունին եւ մինչեւ գարուն անոնք առ ոչինչ պիտի յայտարարուին:

ՀՅԴ գործիչը շեշտեց նաեւ, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացումը չի բխիր Հայաստանի շահերէն:

Միւս կողմէ, «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կիրօ Մանոյեան` խօսելով Միւնիխի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին մասին, ուր ան կ’արձագանգէր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ Երեւանը պատմական ազրպէյճանական տարածք է, շեշտած է, որ Դաշնակցութեան տեսակէտն ալ միեւնոյնն է, ինչպէս նախագահինը: Յիշեցնենք, որ Սարգսեան յայտարարած էր, որ ասիկա, ի հարկէ զառանցանք է, բայց Եւրոպայի լռութեան լոյսին տակ այդպիսի յայտարարութիւնները կրնան ունենալ շատ լուրջ հետեւանքներ:

Կիրօ Մանոյեան ընդգծած է, որ միջազգային համայնքին լռութիւնը խրախուսանք է Ազրպէյճանին, որ շարունակէ նման յայտարարութիւններ կատարել:

Ան համակարծիք չէ եղած բոլոր անոնց, որոնք խորհուրդ կու տան հայութեան` չանհանգստանալու, որովհետեւ ասոնք ներքին սպառման համար են: «21-րդ դարուն ներքին սպառման համար նման բաներ չեն ըսեր, որովհետեւ մենք ալ կը լսենք: Ի՞նչ կը նշանակէ ներքին սպառման համար ըսել, երբ որ ան այդ մթնոլորտը կը ստեղծէ իր իսկ հասարակութեան մէջ: Երբ նման յայտարարութիւններուն պատշաճ կերպով չի հակազդեր միջազգային ընտանիքը, ապա ատիկա Ազրպէյճանի մէջ կը մեկնաբանուի իբրեւ քաջալերանք», դիտել տուած է Մանոյեան` բացատրելով, որ ասիկա կրնայ Ազրպէյճանի նախագահին շրջապատն ու հասարակութիւնը մղել նման հաւանականութիւններու մասին մտածելու:

Ըստ Մանոյեանի, այդ պատճառով ալ միջազգային ընտանիքը պարտաւոր է իր գնահատականը տալ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ կատարուած նման յայտարարութիւններուն, որոնք ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման:

Արձագանգելով այն դիտարկման, որ արդեօք հայկական կողմէն թերացո՞ւմ կայ, որ միջազգային հանրութիւնը պատշաճօրէն չի հակազդեր Ալիեւի նման յայտարարութիւններուն` Մանոյեան նկատել տուած է, որ երբ նախագահին կողմէ նման յայտարարութիւն կը կատարուի, ատիկա մեր ակնկալիքի դրսեւորման ամէնէն բարձր մակարդակն է: «Միշտ կարելի է ըսել, թէ Հայաստան ոչ մէկ բան ըրած է, ատոր համար է, որ միջազգային համայնքը լուռ է: Բայց մենք արդէն նախագահի մակարդակով կը յայտարարենք, որ ասիկա վտանգաւոր է. ձգել, որ Ազրպէյճան նման բաներ ըսէ, եւ չլսելու տալ, ուրեմն ատիկա իսկապէս վտանգաւոր է», նշած է ան:

Ան բացատրած է, որ վտանգը այն է, որ նման յայտարարութիւններ պատերազմի առաջնորդեն:

«Ազրպէյճանի մէջ կը սկսին կարծել, թէ իսկապէս Երեւանը իրենցն է, եւ պէտք է այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել, իսկ այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելը պատերազմ կը նշանակէ: Ատիկա արդէն վտանգ է, ասիկա ռազմատենչ յայտարարութիւն է, իսկ ռազմատենչ յայտարարութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ վերածուիլ նաեւ զինուորական գործողութիւններու. ատիկա բնականաբար մեծ վտանգ է», շեշտած է Մանոյեան:

Անդրադառնալով Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մասին նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան` Մանոյեան նշած է, որ այս առումով նախագահը ոչ մէկ նոր բան ըսած է, ընդգծելով, որ «նախագահը միշտ ըսած է, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները մինչեւ գարուն առ ոչինչ պիտի յայտարարէ: Այդ իմաստով նոր բան չէ ըսած, կրկնած է այն, ինչ որ արդէն ըսած է սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի բարձրագոյն ամպիոնէն: Ան յայտարարած է, եթէ Թուրքիան կը սպասէր, որ այլ իրավիճակ ստեղծուի, որպէսզի վաւերացնէ արձանագրութիւնները, ապա այդ իրավիճակի ստեղծումը մենք կը հասկնանք այնպէս, որ Թուրքիան վաւերացման համար նախապայման կը դնէ Արցախի հարցին վերաբերեալ: Ուստի մենք կ’ըսենք, որ եթէ իրավիճակի փոփոխութեան կը սպասէք, ուրեմն նոր իրավիճակի լոյսին տակ պէտք է նոր փաստաթուղթի մասին բանակցինք», ըսած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.