ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԹ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ

«Դիմադրութեան» շարժումի ցոյցերու շարքին այսօր՝ 6 Մայիսին Ֆրանսայի հրապարակէն սկիզբ առաւ բազմահազարանոց երթը՝ բացառապէս կիներու եւ աղջիկներու մասնակցութեամբ:

Երթը կը կրէր՝«Յանուն խաղաղութեան, Յանուն մեր երկրի անվտանգութեան, Յանուն մեր երեխաներուն, Յանուն մեր զոհուած տղոց ու վաղուան ապահով Հայաստանի, Արցախի» խորագիրը:

«Միացում, Պայքար, Յաղթանակ», «Տէր ենք մեր Հայրենիքին», «Արցախ», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով, յաղթական երաժշտութեան հնչիւններով քայլերթը ուղղուեցաւ Երեւանի կեդրոնական փողոցէն։

Երթին կը մասնակցին ՀՀ ԱԺ կին պատգամաւորներ, մշակոյթի գործիչներ, «Դիմադրութիւն» շարժումի աջակիցներ, զոհուած զինծառայողներու ծնողներ:

«Դուք գացէք՝ ձեզմէ հարիւրապատիկ արժանաւորները այստեղ հազար անգամ շատ են, հաստատ այս ազգին արգանդը չէ չորցած», ըսաւ ՀՅԴ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստնէ Վարդանեան։

Ան վստահեցուց, որ մարդիկ հայրենիքի կռիւ կ’ընեն, ոչ թէ աթոռի՝ ինչ որ ակնյայտ է ընդամէնը մէկ հայեացք նետելով։

«Սա որդեկորոյս մօր պայքար է, կ’ըսենք՝ ոչ պատերազմին, կ’ըսենք՝ ոչ Նիկոլին», կը վանկարկէին երթին մասնակիցները։ Կիներ Ֆրանսայի հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Մաշտոցի պողոտայ, այնուհետեւ՝ Պարոնեան փողոց, ուր կանգ առին՝ յարգելու Նիկոլ Փաշինեանի ինքնաշարժային շարասիւնի կողմէն վրաերթի ենթարկուած Սոնա Մնացականեանին յիշատակը։

«Սա թող ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին սպանութիւնը», ըսաւ երթը համակարգող կիներէն մէկը։ Կիներ Պռոշեան փողոցէն պահ մը կանգ առին կառավարական ամառանոցներուն մօտ։

Անոնք պահանջեցին, որ ոստիկանութեան պատնէշի ետեւ թաքնուած Նիկոլ Փաշինեանն ու Աննա Յակոբեան դուրս գան տունէն ու մօտենան իրենց։

Երթին մասնակիցները սկսան վանկարկել՝ «Վախկոտ Նիկոլ», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Պայքար» յետոյ «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Դաւաճան, դաւաճան»։

Երեւանի մէջ կիներու երթը շարունակուեցաւ՝ հակառակ յորդառատ անձրեւին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.