Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը հրապարակած է 301 տեղամասերու արդիւնքները

Հայաստսնին Հանրապետութեան Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը հրապարակած է Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու 301 տեղամասերու արդիւնքները:

Ըստ այդմ՝

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը 3,88%,

«Քաղաքացու որոշում» սոցիալ֊դեմոկրատական կուսակցութիւնը՝ 0.49%

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` 5.32%,

«Իմ քայլը» դաշինքը` 68.69%,

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը`6.32 %,

«Քրիստոնեա֊ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւնը`0.45 %,

«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը`0.36 %,

«ՄԵՆՔ» դաշինքը`2.01 %,

«Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը`0.86 %,

«Սասնա ծռեր» համահայկական կուսակցութիւնը`1.47 %,

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը`10.03 %:

Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն ժամը 20։00-ի դրութեամբ 2 միլիոն 592 հազար 479 ընտրողներէն քուէարկութեանը մասնակցած է 1 միլիոն 260 հազար 840-ը, կամ ընտրողներու 48,63 տոկոսը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.