Կարսի Մէջ Գանձագողերը Կ՛ոչնչացնեն Հայկական Գերեզմանները

Կարսի մէջ գանձ փնտռողները կը շարունակեն մշակութային աւերը: Այս անգամ անոնք թիրախ ընտրած են հին հայկական գերեզմանները: Այդ մասին կ՛ահազանգէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով Karsmanset.com կայքէջը:

Ըստ աղբիւրին` տարիներ շարունակ գանձագողերու աւերումներուն ենթարկուած այս տարածքին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանաքարերու տակէն մարդկային ոսկորներ ելած են: Ինչպէս կը նշուի թրքական աղբիւրին մէջ, մինչ օրս կանգուն մնացած պատմական շինութիւնները մեծապէս կը տուժեն նաեւ իշխանութիւններու անտարբերութեան հետեւանքով:

Այս տարածքին մէջ կան խաչի պատկերներով զանազան մեծութեան գերեզմանաքարեր, իսկ գանձախոյզերու փորած փոսերէն դուրս եկած մարդկային ոսկորները այս ու այն կողմ ցրուած են եւ կը սպասեն համապատասխան մարմիններու ուշադրութեան:

define-avcilari-tarihi-yok-ediyor-(4).jpgdefine-avcilari-tarihi-yok-ediyor-(1).jpgdefine-avcilari-tarihi-yok-ediyor-(3).jpg

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.