Կարմիր Կրակին Շուրջ

ՏԻՐՈՒԿ ՄՆԱԿԵԱՆ

– Ժողովը Կարոյենց տանիքն է…

– Լա՛ւ, հիմա կու գամ:

Քառորդ ժամ ետք լամբարի մը շուրջ հաւաքուած են` Վարդանը, աւելի ծանօթ`  «Էթթօ» անունով, Համբիկը` թաղի տոնժուանը, Պարսիլը` թաղի մարտիկը, պզտիկ Յարութը` շիք պարոնը, Կարոն, Զոհրապը եւ Սիմոնիկը:

Կաղանդէն երեք շաբաթ անցեր էր, բայց դեռ ոչ մէկ ծառ դուրս դրուած էր, մտահոգ էին: Ի՞նչ պիտի ընէին, ի՞նչ պիտի վառէին. Տեառնընդառաջը կը մօտենար: Ատաղձագործ Տագէսը այլեւս փայտ չէր տար իրենց, Սահակ քեռին հոս չէր, երիտասարդներն ալ իրենց շատ ականջ չէին կախեր: Համրեցին. տասնհինգ տուն թաղեցիներէն ծառ զարդարեր էին, իսկ վերի թաղէն չէին գիտեր. պահ մը լռեցին, յետոյ յանկարծ Պարսիլը գոչեց.

– Ի՞նչ շշմեր մնացեր էք, արաբներուն ծառե՛րն ալ կ՛առնենք:

– Եթէ բռնուի՞նք…

– Եթէ բռնուինք, ետ կու տանք, եթէ ոչ` Սիմոնիկենց պարտէզը ողջ մնայ:

Բոլորն ալ համաձայն էին. ժողովը վերջացաւ:

Յաջորդ շաբաթներուն տղաքը ցերեկով կը դիտէին, թէ ո՛ւր չորցած ծառեր կան թաղին մէջ. մութ գիշերով, գաղտնօրէն կը յափշտակէին իրենց աւարը եւ զայն կը նետէին Սիմոնիկենց պարտէզը: Իսկ երբ ծառերու թիւը հասաւ քսաներեքի, տղաքը գոհացան ու սպասեցին Տեառնընդառաջին:

***

– Էհէ՜յ, դեռ եկեղեցին չվերջացա՞ւ, դեռ լուսաւորուած մոմ բերող չեղա՞ւ…

Էթթոն էր պոռացողը:

Ծառերու ճիւղերը  դիզուած էին իրարու վրայ, ճամբուն մէջտեղը, թաղի պզտիկները հաւաքուած էին դէզին շուրջ, ինքնաշարժները, տղոց արգելքին դէմ, իրենց ճամբան կը փոխէին:

– Կա՛զ, կա՛զ,- կը պոռար Համբիկը,- ձեռքո՞վ պիտի վառենք, Յարո՛ւթ, կազ բեր ձեր տունէն…

– Ես քանի՜ ծառ գողցայ, Կարոն բան մըն ալ չըրաւ, կազն ալ ինք թող բերէ…

– Իրա՞ւ, հապա ո՞վ շալկեց ծառերը, ինշալլա` դուն,- հեգնեց Յարութը:

– Է՛հ, կռուեցէք տեսնենք, թող միւս թաղերը մեզմէ առաջ վառեն, իսկ մենք ալ սպասենք,- ընդմիջեց Համբիկը:

Զոհրապը անկիւնէն երեւաց.

– Եկեղեցիէն ելա՜ն, մոմ մը բերէք` կրակ բերեմ…

Մեծ աղմուկ, իրարանցում` ծառերու շուրջ. Յարութն ու Կարոն, մոռնալով իրենց վէճը, վազեցին քարիւղ բերելու. Սիմոնիկն ալ, ձեռքը երկար փայտ մը, կը հեռացնէր փոքրիկները ծառերու կոյտէն ու շրջանակը լայն կը պահէր:

Փրթաւ ծայրը ժամուորներուն: Ծեր կիներ, նոր հարսեր, աղջիկներ ու պապուկներ կը հասնէին իրարու ետեւէ` ափով վառած մոմերը պաշտպանելով: Կրակին շուրջ շրջանակը հետզհետէ կը մեծնար:

– Երեք շիշ քարիւղ ունինք, այլեւս մի՛ բերէք, թուղթ հաւաքեցէք…

Ոմանք սկսեր էին արդէն երգել. Սիլվան, Սիրոն եւ Շուշիկը ուրախութենէ կը ցատկռտէին, ուրիշներ, շրջանակ բռնած, կը դառնային ծառերուն շուրջ, ամէն մարդ անհամբեր էր դէպի վեր սլացող կրակի բոցերը վայելելու: Մեծ խանդավառութեամբ չորս կողմէն քարիւղ թափեցին ծառերուն վրայ եւ եկեղեցիէն բերուած մոմով մը կրակ տուին դէզին: Նախ թեթեւ, ապա կարմիր ու մեծ բոց մը բարձրացաւ վեր, ու բոցին հետ կարծես բոլոր դիտողներու սիրտն ալ բարձրացաւ վեր, դէպի երկինք: Բոլորին  երեսները կարմրած էին,  կրակին ճարճատիւնը ու վառ գոյնը կարծես գինովցուցած էր ներկաները: Ինքնաբերաբար կազմուեցաւ մեծ շրջանակ, աղջիկ-տղայ, մեծ ու պզտիկ սկսան պարել  աւանդական պարը` եարկիւլէն: Բոլորը միասին  կը ցատկէին վեր` կրակի բոցին հետ, եւ իրենց ոտքերուն ձայնը կը խառնուէր այրող չոր ճիւղերու  ճարճատումին հետ:

– Տղա՛ք, մէյ մը վարի թաղի կրակին նայեցէք, մէյ մըն ալ մերինին,- ըսաւ Սեդան:

– Անշո՛ւշտ, իրենք ալ եթէ ամէն գիշեր ծառ «կարգադրէին», իրենց ալ կրակի բոցը շնորհք կ՛ունենար:

– Տղա՛ք, ո՞վ պիտի ցատկէ կրակին վրայէն, թող այս կողմ գայ…

– Դեռ բարձր է բոցը,- կմկմաց Վահէն:

– Բա՞րձր, լա՛ւ, ուրեմն դուն երկրորդ խումբէն կ՛իջնես,- հեգնեց Համբիկը:

– Յարո՛ւթ, դո՞ւն ալ. հապա՞ եթէ մազերուդ ձեւը աւրուի,- լսուեցաւ Յարութի մօր ձայնը:

– Սիմոնի՛կ, շարքի չմտնես` աւելի լաւ կ՛ըլլայ. դժուար է քեզ կրակէն դուրս քաշել…

– Եալլա Համբի՜կ,- կը պոռային ամէն կողմէ:

Կազմուած էր շարքը մրցումի մասնակցողներուն, եւ բոլորն ալ անհամբեր կը սպասէին խաղի սկսելուն:

– Քեզի կ՛ըսեմ` Համբիկը պիտի յաղթէ…

– Իրա՞ւ, հապա ո՞ւր ձգեցիր Պարսիլը, Ալպերը ի՜նչ կը ցատկէ, գիտե՞ս…

– Լա՛ւ, հիմա կը տեսնենք:

Մինչ տղաքը կը մրցէին, ուրիշներ, մասնաւորաբար ծեր կիներ, փոքրիկ աղջիկներ եւ տղաք, կը դառնային կրակին շուրջ ու ատեն- ատեն կը լսուէր.

– Քանի՞երորդ անգամդ է այս…

– Ի՞մ, երկրորդս:

– Ես արդէն երեք անգամ դարձայ…

– Իմ վերջինս է, եկո՛ւր հետս դարձիր:

– Չեմ դառնար, չե՞ս գիտեր` մեղք ունի երեք անգամ միայն կը դառնան:

Հետզհետէ կրակին բոցը կ՛իջնէր, ան չունէր այլեւս նոյն աշխուժ կարմրութիւնը եւ ծեքծեքուն խաղերը: Կրկնապատկուած էր ցատկողներուն թիւը, աղջիկներն ալ կը մասնակցէին մրցումին:

Օրուան ախոյեան հանդիսացաւ Համբիկը: Անճարակ տղան` Կարոն, իսկ Վահէն բնաւ չէր  մասնակցած մրցումին:

Թաղի երիտասարդները, կիները, նոր հարսերը  հեռացեր էին արդէն: Ծեր պապուկներ, կկուզ եղած պատերու տակ, տակաւին կրակը կը դիտէին` սառած ժպիտով ու կը յիշէին իրենց էրկրի Տեառնընդառաջն  ու խաղերը, իսկ թաղի «հերոսները» դեռ գործ ունէին կատարելիք: Բոց չկար այլեւս, միայն` կարմիր պլպլացող կոյտ մը. ձգե՞լ այդ կրակը այնտեղ, որ մոխրանայ, այդ կարմիր կրակը անցնի ու մարի՞: Դեռ չէին կշտացած անկէ: Պլպլացող կոյտին շուրջ շարուէր էին կրակամաններ, ու ամէն տուն բաժին ունէր այդ օրհնուած կրակէն ու մոխիրէն:

Լեցուն կրակաման մըն ալ իրենց` «հերոսներ»-ուն   բաժինն էր: Մեծ աղմուկով ու արարողութիւններով տարին կրակը իրենց «տուն»-ը, հաւաքուեցան շուրջը ու սկսան երգել: Ատեն-ատեն կը լսուէր. «Որքան բարձր է մեր կրակի բոցը…». «ինչպէ՛ս ալ ծառերը չորցեր էին երկու օրէն», «Տագէսին փայտը թող իրեն մնայ»: Ուրախ ու գոհ էին տղաքը, այս տարի ալ կատարեր էին իրենց պարտականութիւնը, տարոսը գալ տարուան:

Հիմա միայն կոյտ մը մոխիր մնացած է ճամբուն մէջտեղ, դադրած է ամէն աղմուկ, ամայացած է փողոցը, ուշ գիշեր է արդէն:

Այսպէս էր մեր թաղը:

«Ջահակիր» 1962
Պարբերաթերթ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.