Կարիքաւոր անձերու լսողական սարքեր ապահովող ծրագրի բարերարները հիւրընկալուեցան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ

Հոկտեմբեր 10-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ գործիչներ, լսողական սարքեր արտադրող ամերիկեան Սթարքի (Starkey) ընկերութեան «Որ աշխարհը լսէ» միջազգային բարեգործական ծրագրի բարերար եւ խորհրդատու տէր եւ տիկին Արմէն եւ Հայկուհի Գաւուգճեանները, ծրագրին հայաստանեան առաքելութեան («Որ Հայաստանը լսէ») ղեկավար Թրէվըր Թրնըրը, համակարգող Լիանա Սահակեանն ու ամերիկահայ բարերար, ծրագրին աջակից Նորա Եագուպեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը՝ նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ ծրագրին իրականացման ի խնդիր Լոս Անճըլըս բնակող Գաւուգճեան ընտանիքին ջանքերը: Նախարարը շեշտեց հայրենիքին աջակցելու, առողջապահական նման կարեւոր խնդիրը համալիր կերպով լուծելու անոնց նախաձեռնութիւնն ու համագործակցութիւնը «Արաբկիր» Միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին հետ: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ մեր հայրենակիցները կը յաջողին համարկուիլ, կայանալ եւ իրենց կապերն ու հնարաւորութիւնները, փորձառութիւնն ու գիտելիքները ներդնել հայրենիքի զարգացման: Սիրելի՛ Արմէն եւ Հայկուհի, ձեր ընտանիքը փայլուն օրինակ է, գիտեմ որ այս լայնամասշտապ, սրտառուչ ծրագիրը իրականութիւն դարձած է նախեւառաջ ձեր մեծ ցանկութեան, աշխատանքին ու նուիրումին շնորհիւ, գիտեմ նաեւ, որ յատուկ ծրագրի մեկնարկին մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի գան նաեւ ձեր չորս որդիները, եւ վստահ եմ, որ անոնք եւս պիտի շարունակեն ձեր սկսած գործը, պիտի քալեն հայրենիքին սատար կանգնելու ձեր բացած ճանապարհէն: Խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ձեր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ընկերութեան հիմնադիր-ղեկավար Պիլ Ասթընին եւ այս հրաշալի երիտասարդին` Թրէվըր Թրնըրին, որ այնքան սիրեր է մեր երկիրը, որ արդէն հայերէն կը խօսի, եւ ծրագրին միջազգային առաքելութեան համակարգողը ըլլալով, ցանկացեր է գալ եւ անձամբ ղեկավարել «Որ Հայաստանը լսէ» ծրագիրը: Իսկ Հայաստանը կը լսէ, բարձր կը գնահատէ եւ կը սիրէ Պիլ Ասթընի նման մարդասէր բարերարները, Թրէվըրի նման Հայաստանի սիրահարներն ու զանոնք կը համարէ իր զաւակները: Մեր ժողովուրդին համար բարեկամութիւնը բարձրագոյն արժէք է, մենք գթասրտութիւնը կ’ընդունինք սիրով ու երախտագիտութեամբ եւ փոխհատուցելու պատրաստակամութեամբ: Կ’ուզեմ առանձնակի իմ երախտիքի խօսքը փոխանցէք Հայաստանի տեղը նոյնիսկ չիմացող այն ամերիկացի բարերարին, որ 125.000 տոլար նուիրած է «Որ Հայաստանը լսէ» ծրագրին»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Հայկուհի Գաւուգճեանը նշեց, որ այս անգամ հայրենի հողին վրայ ոտք դնելը այլ զգացումով համակած է զինք, այդքան հայրենակիցներու հարցերու լուծման աջակցելու միտքը հանգստութիւն, ու բացառիկ յուզմունք պատճառած է զոյգին:

Արմէն Գաւուգճեան շեշտեց նաեւ համայնքին աջակցութիւնը, որ կազմակերպուեր էր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ: Ան նշեց, որ 2015 թուին Գաւուգճեան ընտանիքին նախաձեռնութեամբ լսողական սարքեր արտադրող ամերիկեան հանրայայտ Սթարքի (Starkey) ընկերութիւնը, համագործակցելով «Արաբկիր» Միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին հետ, Հայաստանի մէջ սկիզբը դրաւ բարեգործական ծրագրի մը, որուն նպատակն է կարիքաւոր անձերու ապահովել յատուկ լսողական սարքեր: Մինչ այժմ իրականացուած է առաջին փուլը՝ յայտնաբերուած են կարիքաւոր անձեր, հետազօտուեր է անոնց լսողութիւնը, կատարուեր է սարքերու կաղապարներու չափումը եւ այլն, այժմ անձնակազմը կեանքի կը կոչէ երկրորդ կարեւոր հատուածը. Հոկտեմբեր 15-17-ը Երեւանի Մարզահամերգային համալիրին մէջ ԱՄՆ-էն եւ Մեծն Բրիտանիայէն ժամանած մասնագէտները կը տեղադրեն լսողական սարքերը: Ծրագրին մասնակցելու համար իր անձնական ինքնաթիռով Երեւան պիտի ժամանէ Սթարքի լսողական սարքերու ընկերութեան հիմնադիր-նախագահ Պիլ Ասթընը: Ծրագրին կը մասնակցին 1800 շահառուներ:

Հայաստանեան առաքելութիւնը համակարգող Լիանա Սահակեանը նշեց, որ Սթարքի ընկերութիւնն ու Սթարքի լսողութեան հիմնադրամը առաքելութիւնը իրականացուցեր են աշխարհի 106 երկիրներու մէջ, որոնցմէ 52-ին մէջ կը կրէ շարունակական բնոյթ: Հայաստանը պիտի ըլլայ 107-րդը, եթէ «Որ Հայաստանը լսէ» ծրագիրը յաջող ընթանայ՝ ան նոյնպէս պիտի ըլլայ շարունակական եւ կայուն: Ծրագիրը մեկնարկուած է Երեւանի, Շիրակի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ, կը նախատեսուի յետագային իրականացնել նաեւ մնացած մարզերուն եւ Արցախի մէջ: Կազմակերպուած է բոլոր շահառուներու տեղափոխումը մարզերէն Երեւան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.