Կարդինալ Եւ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք` Գրիգոր-Պետրոս Ժե. Աղաճանեանի Երանացման Դատին Առթիւ

«Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, թէ որքան
երախտապարտ են անոր` հայ քրիստոնեայ
ժողովուրդը, կաթողիկէ առաքելութիւնները,
Սուրբ Աթոռը եւ ամբողջ եկեղեցին»

Պօղոս Զ. Քահանայապետ
26/05/1971

Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ակնկալու յոյսով կը նայի դէպի Հռոմի Ս. Աթոռը, ուր «Աստուծոյ ծառայ» կարդինալ եւ Տանն Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման դատը պիտի հռչակուի յառաջիկայ 28 հոկտեմբեր 2022-ին: Հռոմի Լատիրան մայր տաճարի ժողովասրահին մէջ, սրբազան քահանայապետին փոխառաջնորդ Հռոմի թեմին կարդինալ Անճելօ Տի Տոնադիսն պիտի հռչակէ սիրեցեալ կարդինալին երանացման դատին բացումը` ներկայութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի:

Կարդինալ Աղաճանեան բառին ամենաճշմարիտ իմաստով Աստուծոյ ծառան էր: Օծուած` ծառայելու կաթողիկէ ս. եկեղեցիին եւ իր սիրեցեալ ազգին: Աղաճանեան եղաւ եզակի անձնաւորութիւն մը, որ իր ուրոյն դերը ունեցաւ հայ ազգի պատմութեան մէջ` ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Կաթողիկէ ս. եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն ու ի պարծանս հայ ազգին:

Համառօտ տողերով գրել Աղաճանեանի նման մեծանուն անձնաւորութեան մը մասին` հեշտ աշխատանք  չէ: Աղաճանեան` որպէս կաթողիկոս-պատրիարք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, անոր անխոնջ հոգատարն էր: Ան թեմեր եւ գաղութներ հիմնեց, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ կառուցեց եւ թափ տուաւ հայկական հրատարակչական գործերու: Տարբեր երկիրներու հայկական գաղութները այցելելով` անոնց հովուական  կարիքներուն հասաւ: Եղաւ` շինարար, կրթական մշակ, մարդկանց իրաւանց պաշտպան, լայնատարած հողամասերու հովիւ: Ան աստուածաբան, լեզուաբան (կը տիրապետէր ութ լեզուներու) եւ իրաւաբան էր: Սակայն ասոնցմէ վեր եւ առաջ  միշտ Աստուծոյ ծառան էր:

Կարդինալի Կեանքէն Համառօտ Տեղեկութիւններ

Ան ծնած է 18 սեպտեմբեր 1895 թուականին, Ջաւախքի հայկական շրջանի Ախալցխա քաղաքին մէջ, Յարութիւն Աղաճանեանի եւ Իսկուհի Սարուխանեանի ընտանիքէն ներս`  աւազանի անունով կոչուելով Ղազարոս:

Ան իր փոքր հասակէն սիրած է եկեղեցին: 1906 թուականին, երբ շուրջ 12 տարեկան էր,  կ՛ուղարկուի  Հռոմ` Հայ կաթողիկէ ճեմարան, ստանալու եկեղեցականի կազմաւորման  ուսումը:

23 դեկտեմբեր 1917-ին քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կը վերակոչուի Ֆրանչիսկոս:

21 յուլիս 1935-ին, իր կարողութեանց ու յաջողութիւններուն շնորհիւ, կը բարձրանայ եպիսկոպոսական աստիճանին:

1937-ին Պէյրութի մէջ կայացած հայ կաթողիկէ ընտրական սինոտի հայրերը Աղաճանեանը կ՛ընտրեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք: 42 տարեկանին ան պատրիարքական գահ կը բարձրանայ` վերանուանուելով Գրիգոր, Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անունով:

1946-ին Աղաճանեան իր օրինակելի հոգեւորականի վարքագծով կը ստանայ կարդինալի իր կարմիր գլխարկը:

Կարդինալին ստանձնած Պաշտօններ

1932-ին կը նշանակուի  Հայ կաթողիկէ ճեմարանի տեսուչի օգնական, ապա` տեսուչ:

Պիոս ԺԲ. քահանայապետը զինք կը նշանակէ Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքը կազմելու կոչուած յանձնաժողովի նախագահ` դառնալով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երկուհազարամեայ պատմութեան այս պաշտօնին կոչուած առաջին հայը:

1935-ին Պիոս ԺԲ. պապը զինք` որպէս առաքելական այցելու, կ՛ուղարկէ Լիբանանի Զմմառու վանք, ուր ան յաջողութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը:

Հռոմ վերադառնալէ ետք ան կը նշանակուի Հաւատքի տարածման համալսարանի փրոֆեսէօր, ինչպէս նաեւ` Արեւելեան սինոդի եւ Արեւելեան եկեղեցւոյ իրաւական յանձնաժողովի խորհրդական անդամ:

Աղաճանեանի Իրագործումները

Ան Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմի բացումը կը կատարէ Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ` եկեղեցի կառուցելու հիմնաքարը դնելով:

Աղաճանեան առանցքային դեր ունեցած է 1939 թուականին Քեսապի ու հարեւան գիւղերու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ բռնագրաւումէն ետք անոնց սուրիական իշխանութեան վերադարձումին մէջ:

Իր պատրիարքութեան ընթացքին եկեղեցական շատ կարեւոր ծրագիրներ կ՛իրականացնէ` կառուցելով եկեղեցիներ, ներառեալ` Պէյրութի Ս. Եղիա- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցին եւ Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցին:

1963-ին Վատիկան Բ. ժողովի ընթացքին, որուն համակարգողն էր ան, Աղաճանեան կ՛առաջարկէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը սոյն ժողովին: Այս իմաստով երկու անջատ պատմական հանդիպումներ կը կազմակերպէ Պօղոս Զ. քահանայապետին եւ Խորէն Ա. եւ ապա Վազգէն Ա.  կաթողիկոսներուն միջեւ:

Շատ մը աղբիւրներու համաձայն, 1958 եւ 1963 թուականներու պապական ընտրութիւններու ընթացքին, երկու անգամներուն  ալ Աղաճանեանի թեկնածութիւնը դրուած էր, եւ հաւանաբար ընտրուած էր առանց ընդունելու սոյն պաշտօնը:

Աղաճանեան արժանի է երախտագիտութեան բարձրագոյն գնահատանքի, որովհետեւ ան` որպէս Աստուծոյ ծառան, իր կեանքը անսակարկ եւ անմնացորդ տուաւ իր Աստուծոյն, իր եկեղեցւոյն եւ ժողովուրդին:

Եղաւ սիրոյ եւ արդարութեան առաքեալ: Դարձաւ միութեան եւ համերաշխութեան դեսպան: « Բարի պատերազմը պատերազմեցաւ, ընթացքը կատարեց, հաւատքը պահեց: Ասկէ յետոյ կը մնայ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿԸ» (Բ. Տիմ. 4:7):

Իր կեանքին ամբողջ ընթացքին, Աղաճանեան եղած է իր գեղեցիկ խօսքով, քահանայական արժանավայել կեանքով եւ հոգեւորականի յատուկ շնորհքով օժտուած եկեղեցական մը: Ան բաժնուեցաւ այս աշխարէն 16 մայիս 1971-ին` ըլլալու համար իր սիրելի Տիրոջ հետ:

Կ՛եզրափակեմ իր յուղարկաւորութեան ժամանակ Պօղոս Զ. քահանայապետին արտասանած վկայութեան խօսքերով.

«Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ այն, ինչ որ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը, կաթողիկէ առաքելութիւնները, Սուրբ Աթոռը եւ ողջ եկեղեցին կարդինալ Աղաճանեանին կը պարտին»:

Այո՛, մենք իսկապէս շատ բան կը պարտինք անոր:

Միասնաբար աղօթենք, որ Աղաճանեանի երանացման դատը յառաջ երթայ, եւ մենք` որպէս հայեր, կարենանք տեսնել զինք Ընդհանրական եկեղեցւոյ զոհասեղաններուն վրայ:

Հ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.