Կազմակուռ Սփիւռքով հզօրացնել Հայաստանն ու Արցախը. Խմբագրական
«Քալել ժամանակին հետ, կազմակերպուիլ արդի ժամանակներու ոգիին ու պահանջներուն համաձայն, արդիանալ ու արդիացնել կազմակերպական մեր կառոյցներն ու գործելակերպը՝ համահայկական ընդհանրական մեր տեսլականներու ներշնչումով»
Սարգիս Զէյթլեան
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 տարին հռչակած է «Սփիւռքի Տարի»՝ մեկնելով Սփիւռքի պարզած առկայ իրավիճակէն եւ իբրեւ հայութեան բաղադրիչ կարեւոր գործօն անոր ունեցած առանցքային դերակատարութենէն։
Հայոց Ցեղասպանութենէն տարագրուած վերապրողներու կողմէ կեանքի կոչուած «Դասական Սփիւռք»ը այսօր կը թեւակպխէ իր 107-րդ տարին։ Կրթական հաստատութիւններու, մարզական եւ մշակութային միութիւններու, բարեգործական, հասարակական, քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ կրօնադաւանական համայնքներու համալիր ցանցն է Սփիւռքը, որ հայրենիքէն դուրս, տասնամեակներու ընթացքին, որպէս ինքնակազմակերպուած կառոյց, իր ժամանակակից օրակարգերով ու ծրագիրներով առաջնորդած է աշխարհասփիւռ հայ գաղթօճախները եւ հունաւորած համայնքային կեանքը։
Սփիւռքահայութեան պատմական տոմարները կը փաստեն, որ առանց Սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւններու որոշիչ եւ ուղղորդող դերակատարութեան՝ արտերկրի տարբեր ցամաքամասերու վրայ բնակութիւն հաստատած յետ եղեռնեան հայութեան շառաւիղները՝ դատապարտուած պիտի ըլլային համընդհանուր ուծացման։ Տասնամեակներու ընթացքին, հայ աւանդական կուսակցութիւններու, բարեգործական կազմակերպութիւններու եւ հայ եկեղեցւոյ կողմէ ազգապահպանման ջանադիր ճիգերը փրկալաստ հանդիսացած են սերունդները հայ պահելու եւ հայօրէն կենսաւորելու։
Հարիւրամեայ իր գոյութեան թեւակոխման այս արարը, գիտարուեստի սրընթաց զարգացման եւ համաշխարհային նոր զարգացումներու լոյսին տակ, Դասական Սփիւռքի համար ինքնահայեցողութեան եւ վերակազմակերպման առիթ է։ Յատկապէս, հայապահպանման ծիրէն ներս, նոր մարտավարութիւնները այնքան կարեւոր են համատարած համաշխարհայնացման յորձանուտը դիմակայելու համար։
21-րդ դարու փոխակերպուած աշխարհակարգի պայմանները լուրջ սպառնալիքի տակ առած են սփիւռքահայութեան մշակութային արժէքները, ազգային մտածողութիւնը, լեզուն, ինքնութիւնը եւ հաւատքը: Նման պայմաններու տակ, Սփիւռքի կազմակերպութիւններու համար հրամայական կը դառնայ ազգային արժէքներու պահպանումը, սփիւռքահայ դպրոցներու հիմնումն ու սփիւռքահայութեան հայեցի կրթութեան համակարգի ամրապնդումը, որպէս հայապահպանութեան ներուժի խթանման գլխաւոր գործօններ։
Վերանկախացումէն ետք, երեք տասնամեակներու թաւալումին հետ, Սփիւռքը երբեք չէ զլացած իր անշահախնդիր աջակցութիւնը հայրենիքին, յատկապէս իր ներդրումը բերելով հայրենիքի տնտեսութեան զարգացման գծով եւ արցախեան գոյամարտի տարբեր ժամանակահատուածներուն արցախհայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր։
Հայութեան ազգային անվտանգութեան հիմնական բաղադրիչ կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց եւ Սփիւռքահայութեան միասնականութիւնն ու համահայկական ներուժի ապահովումը՝ ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հայութեան պահանջատիրական դատին շուրջ միաւորուած գոյապայքարի օրակարգ ձեւաւորելու հրամայականին։ Ի մասնաւորի, 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ետք, յստակօրէն կ՚իմաստաւորուի եւ կ՚ընդգծուի Սփիւռքի բազմաբեւեռ հնարաւորութիւններու օգտագործումն ու ընդգրկումը պետականաշինութեան բնագաւառէն ներս, յատկապէս սփիւռքահայ ազդեցիկ լոպպիյինկի կազմակերպութիւններու դիւանագիտական փորձառութեան օգտագործումը աշխարհաքաղաքական բեմին վրայ եւ գիտարուեստական մտքի ներուժի օգտագործումը Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման բնագաւառէն ներս։
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 19-րդ կէտը կ՚ընդգծէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայկական սփիւռքի հետ իրականացնում է համակողմանի կապերի զարգացմանը և հայապահպանման ուղղուած քաղաքականութիւն, նպաստում է հայրենադարձութեանը»:
Հայրենի պետութեան կողմէ նոր եւ մշակուած հայրենադարձութեան հայեցակարգի մը գործադրութիւնը այսօր գերխնդիր է։ Հայութեան ազգային անվտանգութեան համար այնքան կարեւոր այս գերխնդրի իրագործման համար անհրաժեշտ են հայրենադարձութեան պետական ծրագիրներու կեանքի կոչումն ու հայահաւաքի գործընթացը ասպանդակելու կամքը, որովհետեւ, ի վերջոյ՝ հայրենադարձութիւնը ժողովրդագրական բացասական միտումները արգելակող գործօն է։
Պէտք է գիտակցիլ նաեւ, որ խաբուսիկ է այն տեսութիւնը, թէ Սփիւռքի գոյատեւելիութիւնը մշտնջենական է։ Սփիւռքի հայութեան վերջնանպատակը հայրենադադրձութիւնն է։ Սփիւռքը՝ գնայուն է, իսկ հայրենիքը՝ մնայուն։ Սակայն մինչ այդ անցնողականութեան ժամանակակէտը՝ հզօր եւ կազմակուռ Սփիւռք մը միայն ու միայն կրնայ հզօրացնել Հայաստանն ու Արցախը։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական