Կ՚ապրինք պատերազմական պայմաններու մէջ
2043
0
Ասոնք Ալիևի խօսքերն են յայտնապէս ի պատասխան Վարչապետ Փաշինեանի և Նախարար Տոնոյեանի յայտարարութիւններուն։ Ալիև կը փութայ աւելցնել՝ «Պատերազմը վերջ չէ գտած։ Միայն առաջին փուլն է, որ վերջ գտած է։» Ան նաև կը պնդէ, որ բանակցութիւններու նպատակը ազրպէյճանական հողեր ազատագրելն է, քանի որ Արցախի հիմնահարցը միայն մէկ լուծում կրնայ ունենալ Ալիևի համար։ Վերականգնե՛լ Ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութիւնը» և վե՛րջ։ Իսկ ալիևեան Ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» իտէալին մաս կը կազմեն ոչ միայն ագատագրուած տարածքներն ու Արցախը, այլև ամբողջ Հայաստանը իր ներկայ սահմաններով և առանց հայերու։ Ասոնք հրահրիչ վերագրումներ չեն։ Այս ցնորական քարտէզը վաղուց գծուած է Ալիևի ռազմագէտներուն կողմէ։
Բայց այնուամենանիւ յաճախ կը լսեմ սրտցաւ ձայներ, որոնք կը թուին հաւատալ, որ այս բոլորին ետին պէտք է խոհեմաբար լուսանցք մը տալ Ալիևի ժողովրդահաճութեան (polpulism) քաղաքական պահանջներուն և այդ չափով նաև զեղջել վտանգին հաւանականութիւնը…Այսինքն պէտք է ի վերջոյ հասկնալ, թէ ի՞նչ բան է Ալիևը։ Իր խորքերուն մէջ, բանակցո՞ղ մըն է ան, թէ պատերազմող մը։ Դժուարահաճ սակարկո՞ղ մը, թէ ժամանակ շահող մը՝ պատրաստուելով յաջորդ գրոհին։ Պարզ խօսքով, պէտք չէ անտեսել քաղաքական Ալիևին ներքին սպառման կարիքները և լուրջի առնել իր ռազմամոլ հռետորաբանութիւնը։
Կասկած չկայ, որ այս հարցադրումներուն պէտք է անպայման պատասխան տան հայկական կողմի ռազմագէտները իրենց դժուարին քննարկումներուն մէջ և մեր նպատակը չէ փորձել մուտք գործել այդ ներքին ոլորտէն ներս առանց մանաւանդ տիրապետելու անհրաժեշտ տեղեկոյթին։
Բայց մենք պէտք է հաւաքաբար հարց տանք, թէ իսկապէս մեր պետութիւնը ունի՞ արդեօք պերճանքը Ալիևի սպառնալիքները լուրջի չառնելու։ Ունի՞ պերճանքը վտանգը թերագնահատելու և իր ռազմավարական առաջնահերթութիւնները ըստ այնմ չդասաւորելու։
Արդար ըլլալու համար, պէտք է ընդգծել, որ ժողովրդահաճութեան (populism) տուեալը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է և ունի հակամարտ իրավիճակներու բևեռացման գործընթացին մէջ, ուր կը գտնուի այս հարցը տարիներէ ի վեր։ Պէտք չէ կասկածիլ, որ այդ քաղաքական ախտէն բոլորովին ազատ չենք նաև մենք որպէս պետութիւն և հասարակութիւն։ Այնուամենայնիւ ճակատագրական սխալ մըն է այդպիսի ենթադրութիւններու վրայ ռազմավարութիւն կառուցելը։ Նախորդ իշխանութեան օրով ալ կը հնչէին այդպիսի առարկութիւններ։ Եւ սակայն երբ ճիշտ պահը ներկայացաւ (ըստ թշնամիի ռազմագիտական հաշիւներուն), Ալիև չվարանեցաւ մտնելու Քառօրեայ Պատերազմի արկածախնդրութեան մէջ և հակառակ այն իրողութեան, որ հայկական ուժերը կրցան ի վերջոյ ձախողութեան մատնել թշնամիի նախայարձակումը՝ այնուամենայնիւ թշնամին յաջողեցաւ ծանր գին վճարել տալ հայկական կողմին։ Ես կասկած չունիմ, որ մեր պետութեան մասնագիտական շերտերը այսօր ևս հարց կու տան, թէ արդեօ՞ք մենք լիարժէքօրէն պատրաստ էինք այդ գրոհը ընդունելու։ Չեմ ուզեր մտնել մանրամասնութիւններու մէջ։ Մէկ բան անուրանալի է։ Մենք բարոյական իրաւունքը չունինք ժողովրդահաճութեան ենթադրեալ վարկածով «խաղաղութեան» ռազմավարութիւն կառուցելու այսօր։ Մենք հարկին տակն ենք պատերազմի ռազմավարութեամբ գործելու բաց աչքերով ընդունելով չոր իրականութիւնը, որ մեր առջևն և որուն բիւրեղացումը ըրաւ Ալիև յաչս աշխարհին։
Միաժամանակ կարևոր է, որ սխալ ենթադրութիւններու չդիմենք։ Պատերազմի ռազմավարութիւնը — վերոյիշեալ առումով — չի նշանակեր նախայարձակ (aggression-based) քաղաքականութեամբ գործել։ Բայց նաև չի նշանակեր յարձակողականի (offense) գործօնը ջնջել մեր ռազմավարական հաշուարկներէն։ Թշնամին երբեք պէտք չէ հանգստանայ մեզի վերագրելով «պաշտպանողական» ռազմավարութիւն։ Ատիկա ժխտումն իսկ է ռազմավարական գաղափարի էութեան։ Թշնամին միշտ պէտք է համոզուած ըլլայ, որ մեր ռազմավարութիւնը կը գործէ ամբողջական խաղաքարտերով և մեր զինարանին մէջ ինքնաբացարկման այլընտրանք (proposition eliminatoire) գոյութիւն չունի։
Կ՚ապրինք պատերազմի իրականութեան մէջ։ Պիտի գործենք պատերազմի իրականութեան գործիքակազմով (toolbox)։ Վարչապետ Փաշինեան կը խօսի դիւանագիտութեան մասին և կը փորձէ ճեղքեր բանալ տարածաշրջանային խաղաղութեան եզրերու ոլորտին մէջ։ ՀՀ գործադիր իշխանութեան պետը անպայման պիտի գործէ արտաքին քաղաքականութեան բոլոր ճակատներուն վրայ ամրապնդելու համար հայկական կողմի խաղաքարտերը միջազգային ուժերու ընդհանուր դասաւորման մէջ։ Բայց ան նաև ՀՀ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարն է այնպիսի ժամանակ, երբ թշնամին կը խօսի պատերազմի մասին…
Երբեք չկասկածինք, որ պատերազմ փնտռող թշնամին իր դիմաց պիտի գտնէ հայ ժողովուրդի հզօր բռունցքը, եթէ կրկին Ալիև որոշէ իր երկիրը մխրճել պատերազմական տխմար գործողութիւններու մէջ արհամարհելով խաղաղութեան հրաշալի պատեհութիւնը, որ հայկական կողմը դրած է իր առջև։ Հայաստան և Արցախ պատրաստ են դիմագրաւելու բոլոր հնարաւոր մարտահրաւէրները։ Այդպէ՛ս ծնունդ առաւ նոր ժամանակներու հայ անկախ պետականութիւնը հարիւր տարի առաջ և հասաւ այսօրուան։ Ալիև կասկած պէտք չէ ունենայ, որ ժամանակները չեն սպառեր մեզ։ Եւ իր պատերազմը ի վերջոյ ի՛ր ժողովուրդին ողբերգութիւնն է։
Կարօ Արմենեան
Ապրիլ 3, 2019