Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Ազդարարեց Պայքարի Նոր Մեկնարկը` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Կատարուած Հանրահաւաքով

5 ապրիլին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Պաշտպանելով Արցախը` պաշտպանենք Հայաստանը» խորագիրով` Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններուն նախաձեռնած բազմամարդ հանրահաւաքը:

Հանրահաւաքին միացած էին շարք մը քաղաքական ուժեր, ընդդիմադիր հասարակական գործիչներ: Հանրահաւաքի նախաձեռնողները քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղէին կանգնելու Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ:

ՀՅԴ-ի անդամները Մատենադարանի յարակից հրապարակէն երթով շարժեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ:

Հանրահաւաքի մասնակիցները բարձրացուցած էին հետեւեալ գրութիւններով պաստառներ. «Արցախը երբեք չի լինելու Ազրպէյճանի կազմում», «Թուրքն իմ թշնամին է», «Հայաստանը թրքական միջանցք չէ», «Նիկոլը չի ներկայացնում հայկական շահը», «Recognize Artsakh»:

Անոնք կը վանկարկէին «Հայաստա՛ն, ոտքի», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Արցախը չի լինելու Ազրպէյճանի կազմում»:

«Մեր հայրենիքը վտանգի տակ է», յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան եւ աւելցուց, որ դիմադրութեան հոլովոյթը պիտի չդադրի, քանի դեռ այս իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց զիջողական քաղաքականութիւնը:

Այսուհետեւ հանդուրժելու տեղ չունինք, ո՛չ մեր երկրի բզկտումը, ո՛չ ալ բզկտողները պիտի հանդուրժենք. իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեան:

Ելոյթներով հանդէս եկան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արամ Վարդեւանեան, Տիգրան Աբրահամեան եւ Հայկ Մամիջանեան:

«Այսօր այս հրապարակէն կը յայտարարենք նոր պայքարի սկիզբը», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Ի՞նչ պէտք է ընել. ասիկա ձեր բոլորին գլխաւոր հարցադրումն է: Հրապարակին վրայ հիմա կան բազմաթիւ մարդիկ, առցանց հարթակին վրայ, պատկերասփիւռով կը հետեւին հազարաւոր քաղաքացիներ: Պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ այդ քաղաքացիները բերենք փողոց, պարզ ձեւակերպեմ` բոլոր անոնք, որոնց համար սուղ է մեր հայրենիքը, պէտք է իջնեն փողոց եւ միանան այդ պայքարին: Պայքարը աւարտին պիտի հասցնենք այն օրը, երբ բոլորը միանան մեզի, եւ այդ օրը հեռու չէ: Կ՛ըսէք` ծրագիր ունի՞ք, կ՛ըսեմ` այո, կրնա՞նք երկիրը այս վիճակէն դուրս բերել, կ՛ըսեմ` այո»:

Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ հանրահաւաքը պայքարի մեկնարկն է եւ անիկա շարունակական պիտի ըլլայ:

Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ հանրահաւաքը պիտի աւարտեն հետեւեալ ձեւով. «Հիմա միասին պիտի երթանք Ֆրանսայի հրապարակ եւ փակենք հրապարակին չորս մուտքերը, պիտի դադրեցնենք երթեւեկը, որ պիտի տեւէ մէկ ժամ: Ֆրանսայի հրապարակին մէջտեղը պիտի զետեղենք Արցախի դրօշը, եւ ասիկա պիտի ըլլայ մեր առաջին նախազգուշական քայլը: Ասիկա մեր պայքարին սկիզբն է, մենք կը պայքարինք յանուն Արցախի դրօշին, յանուն Եռագոյնի, յանուն միասնութեան եւ վաղուան յաղթանակին»:

Հանրահաւաքի մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Ֆրանսայի հրապարակ, ուր տեղադրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մեծ դրօշը:

Կարճ ելոյթով հանդէս եկաւ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ չորս տարի առաջ այս օրերուն այս հրապարակէն սկսաւ Հայաստանի պետականութեան կործանման ընթացքը:

Ան հաւաքուածներուն առաջարկեց, որ վաղուընէ Հայաստանի բոլոր քաղաքներու հրապարակներուն վրայ բարձրացուի Արցախի դրօշը:

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաքի մասնակիցները հրապարակեցին եզրափակիչ բանաձեւ, զոր ընթերցեց Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան հրաւիրուած հանրահաւաքի մասնակիցները, անկախ իրենց գաղափարաբանական եւ քաղաքական տարբերութիւններէն, վճռականօրէն կը մերժեն թուրք-ազրպէյճանական լծակից կողմերէն պարտադրուող օրակարգերը: Ըստ ցուցարարներուն, խաղաղութեան նախադրեալներ ստեղծելու համար Ազրպէյճան պէտք է վերադարձնէ հայ ռազմագերիները, պատանդները, այլ պահուող անձեր, ազատազրկման դատապարտուածները, իր զօրքերը հեռացնէ թէ՛ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն, եւ թէ՛ Արցախի տարածքին մէջ` 9 նոյեմբեր 2020-ի դրութեամբ դիրքերուն:

Հանրահաւաքի մասնակիցներ հրապարակեցին այն հիմնարար սկզբունքները, որոնցմով պիտի առաջնորդուին.

«Հաստատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման երաշխաւորն է` բոլոր բաղադրիչներով,

«- բացառել Արցախի որեւէ կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմում,

«- բացառել առանց Հայաստանի հետ յուսալի ցամաքային կապի Արցախի անքլաւային վիճակը,

«- քայլեր ձեռնարկել 1994 թուականի ԵԱՀԿ-ի գագաթաժողովի որոշմամբ ամրագրուած ձեւաչափով եւ նպատակներով բանակցային գործընթացի վերականգնման ուղղութեամբ,

«- բացառել Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հաշուին հաղորդակցութեան ուղիների ապաշրջափակման անուան տակ միջանցքների տրամադրումը,

«- Ազրպէյճանի կողմից ուժի կիրառման եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի պայմաններում բացառել ցանկացած միջպետական պայմանագրի ստորագրում եւ սահմանազատման ու սահմանագծման ցանկացած գործընթաց,

«- չստորագրել Ազրպէյճանի հետ որեւէ պայմանագիր, որը կը խափանի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի` առանց սահմանափակումների իրացումը,

«- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններում բացառել որեւէ համաձայնութիւն, որը հարցականի տակ կը դնի հայ ժողովրդի հայրենազրկման եւ ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ հայութեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան կրողը լինելու իրաւունքը»:

Յայտարարութիւնը կ՛եզրափակուի այն հաստատումով, որ այս սկզբունքները կը բխին հայ ժողովուրդի կենսական շահերէն, ուստի որեւէ իշխանութիւն պարտաւոր է առաջնորդուիլ այս օրակարգով եւ ապահովել անոր իրականացումը: «Այս օրակարգի առաջադրումը չի նշանակում պատերազմ, այլ հայ ժողովրդի կենսական շահերի հաշուառմամբ իրական, արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւն: Ներկայացուած սկզբունքների չիրագործումն անխուսափելիօրէն կը յանգեցնի համաժողովրդական օրինական հակազդեցութեան բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ եղանակներով», կը փակուի յայտարարութիւնը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.