ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՆԵՐՔԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Վարչապետ Փաշինեանի Նոյեմբերի 23-ի մամլոյ ասուլիսի նախօրեակին, Դիմատետրի համայնքի ուշադրութեան կը յանձնեմ հետևեալ կարևոր հանգամանքը, կապուած՝ խորհրդային ներքին սահմաններու վաւերականութեան հարցին։

Խորհրդային ներքին սահմանները ընտրելով որպէս չափորոշիչ, Նոյեմբեր 9, 2020-ի Եռակողմանի Յայտարարութեան ստորագիր կողմերը (յանձինս Ռուսաստանի, Ազրպէյճանի և Հայաստանի պետերուն) հաստատած են շատ ծանրակշիռ մէկ նախընթաց, որ յղի է աննախատեսելի հետևանքներով ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան համար, այլև Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակին։

Գաղտնիք չէ, որ Արցախի հողատարածութեան մօտ 70%-ը յափշտակած Ազրպէյճանը այսօր բացայայտօրէն կը խօսի ամբողջ Արցախը իւրացնելու հռետորաբանութեամբ և այլևս կը մերժէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան միջնորդութիւնը։ Գաղտնիք չէ նաև, որ ան ունի Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը այս խնդրին մէջ։ Իսկ թէ ի՞նչ կը մտածէ ներկայիս Մոսկուան այս հարցի կապակցութեամբ ծրարուած է թանձր մշուշի մէջ։ Մէկ կողմէ կը խօսուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին…ներառելով Արցախը և միւս կողմէ առաջ կը քաշուի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման դատը։ Այլևայլ նրբերանգներով, այս է էութիւնը մոսկովեան շփոթ խօսոյթին։

Յամենայն դէպս մէկ կարևոր հանգամանք հետզհետէ կ՚ուրուագծուի եռակողմանի դիւանագիտութեան խօսակցութիւններու խորապատկերին մէջ։ Խորհրդային ներքին սահմաններուն հապշտապ վաւերականութիւն շնորհելով (և Հայաստանն ալ կողմ դարձնելով այս որոշման), Մոսկուա և Ազրպէյճան ինքնաբերաբար իրաւական հող կը պատրաստեն ինքնորոշուած և ինքնիշխան Արցախի անկախութեան վերջ տալու։ Իսկ Ազրպէյճանի պարագային՝ Արցախը ամբողջութեամբ իւրացնելու նպատակ ունեցող ազրպէյճանական յառաջիկայ նախայարձակումը (aggression) այժմէն իսկ արդարացնելու և «օրինականացնելո՛ւ»։ Պարզ խօսքով, խորհրդային ներքին սահմանները չափորոշիչ ընդունելու սկզբունքը ինքնաբերաբար կ՚անտեսէ Արցախի ժողովուրդի մղած ազատագրական պայքարը Ազրպէյճանի լուծէն ազատուելու և Խորհրդային Միութեան Սահմանադրութեան իսկ ընձեռած իրաւունքներով օրինաւորապէս ինքնորոշուելու։

Վարչապետ Փաշինեան կը մեղադրէ Ազրպէյճանը իր վերջին ռազմական գործողութիւններով Եռակողմանի Համաձայնագրերու գործադրութիւնը խափանած ըլլալուն համար։ Իրականութիւնը, սակայն, բոլորովին տարբեր պատկեր կը պարզէ։ Խորհրդային ներքին սահմանները չափորոշիչ ընդունելով, ստորագիր եռեակը (Հայաստանի Վարչապետն ալ՝ ներառեա՛լ) ի յառաջագունէ հնարաւոր դարձուցած է Ալիևի սանձարձակութիւնը։ Հնարաւոր դարձուցած է Ալիևի անպատիժ յաղթարշաւը ՀՀ անկախութեան իրաւակարգով հաստատագրուած մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը ոտնակոխ ընելու և Արցախեան հիմնահարցը ամենէն արագ ձևով փակուած հռչակելու։ Պր. Վարչապետը՝ ի՛նք – խախտելով իր սահմանադրական պարտաւորութիւնները – իր ամէնօրեայ բառապաշարով և դիրքորոշումներով «վաւերականութիւն» ընծայած է մեր հայրենիքի սահմաններէն ներս Ազրպէյճանի կազմակերպած տարածքային բացայայտ կողոպուտներուն։ Պարզ չէ՞, որ Եռակողմանի Համաձայնագրերու կառուցակարգը (institution, ինստիտուտ) ի վերջոյ ստեղծուած է այս չարաշուք նպատակին համար և ոչ՝ զայն կանխելու։

Այս բոլորէն կը հետևի այն, որ խորհրդային ներքին սահմաններուն նոր կիրառութիւն տալու փորձերը նոր ողբերգութեան մը սկիզբն են և ոչինչ կայ դրական յիշեալ գաղափարին մէջ։ Սահմանազատման բանակցութիւնները այսօր կեանքի իրականութեան մաս կը կազմեն։ Անոնք պիտի ըլլան բարդ, կնճռոտ, ականապատուած և հայկական կողմէն հաստատակամութեան մեծ պաշարներ պահանջող։ Հայաստանը պէտք է մտնէ այդ բանակցութիւններուն մէջ նոր դիմագծով և քաղաքական կամքի նոր կարողականութիւններով օժտուած։ Այսինքն՝ նախ և առաջ իր կեանքէն դուրս քշելով Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը։ Ուրկէ՞ կ՚անցնի ապագայի սահմանագիծը կախուած է բանակցային գործընթացին մէջ ցուցաբերուած կողմերու ուժային յարաբերութիւններէն և եռակողմ (և բազմակողմ) համակարգը կառավարելու մեր իմաստութենէն։ Խորհրդային ներքին սահմաններու չափորոշիչը, այս պարագային, կը գործէ միայն Հայաստանի գերագոյն շահերուն դէմ։ Ան թշնամին կը դնէ իրավիճակ թելադրողի միահեծան դիրքերու վրայ։ Այդ դիրքերը մենք պիտի զլանանք թշնամիին։

Սահմանազատման բանակցութիւններու ճակատագիրը կախուած է մեր ազգային համատարած զօրաշարժէն։ Այսինքն՝ ՀՀ ընդդիմադիր ուժերու հաւաքական բազուկէն և տարածաշրջանի խաղատախտակին վրայ ինքնուրոյն քաղաքական կամքով գործելու մեր անշեղ յանձնառութենէն։ Թշնամին և բարեկամը պիտի շուտով համոզուին, որ նոր, կորովի, նպատակախնդիր, ինքնավստահ, երիտասարդ և գործունակ Հայաստանն է, որ մտած է գործի ասպարէզ պատերազմի քոշմարը թողնելով իր ետին։

Կարօ Արմենեան

Նոյեմբեր 22, 2021

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.