Խեղդող Ամօթը
Գարեգին Նժդեհ կ՛ըսէ. «Կռիւներում հեռոսանալուց աւելի, դժուար է կեանքում հերոսավայել կեցուածք ունենալը»…
«Հաց բերող»ը կռիւներուն չհերոսացաւ. տկար ու հիւանդոտ էր իր մարմինը, բայց ան չվախցաւ գնդակներէն եւ ռումբերէն ու Արցախեան պատերազմին իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ դիրքերուն հաց հասցնելով: Արիւն թափեց միւս բոլոր կռուող տղոց նման՝ երբ հրազէնային վիրաւորում ստացաւ դիրքեր հաց տանելու ժամանակ:
«Հաց Բերող»ը չէր կրնար ուրիշ ձեւով մահանալ… ան պէտք է համակարգին զոհը դառնար, այլապէս համակարգը պիտի դառնար մահացողը: «Հաց բերող»ը մահացաւ, որովհետեւ մերժեց համակարգը, մերժեց համակերպումը, մերժեց քծնանքը, պատիւը, պաշտօնը, թէեւ այդ բոլորը ունենալու առիթը տրուեցաւ իրեն՝ բանտէն առաջին արձակումէն անմիջապէս ետք: Ան այսօր կրնար պատգամաւորի թեկնածու ըլլալ, նոյնինքն իր մահը բերած համակարգի հեղինակներուն ցանկին վրայ… Մերժեց, որովհետեւ չէր կրնար Երուսաղէմը շահիլ՝ իր անձը կորսնցնելով: «Հաց բերող»ը 23 օր շարունակ հացադուլ ըրաւ, սովահարութեան դիմեց՝ ցոյց տալու համար, որ մարդ ոչ միայն հացիւ կեցցէ, այլեւ արժանապատուութեամբ եւ սկզբունքով, գաղափարականութեա՛մբ, մարդկայնութեա՛մբ: Հացադուլով՝ ուզեց սնուցել մարդոց ոգու սովը, որ համակած է հայաշխարհը՝ Հայաստանէն Սփիւռքի մինչեւ հեռաւոր ոստաններ:
Այն վայրկեանին, երբ «Հաց բերող»ը իր ինքնաշարժը հացով ու սնունդով լեցուցած՝ կտրեց ոստիկանութեան պաշարման շղթան, գիտէ՛ր, շա՜տ լաւ գիտէր, որ արդէն ճանապարհը ետդարձ չունի, կեանքի շղթան կտրուած է այլեւս, մօտ է աւարտին: Շատ լաւ տեղեակ էր, որ հաց բերելով սովահարին, իր սեփական կեանքը սնուցող երակը կը կտրէր: Ճիշդ այնպէս, երբ դիրքեր հաց տարած տղան գիտէր, որ թուրքին կրակը տարբերութիւն չի դներ դիրքերուն վրայի տղոց ու անոնց սնունդ տանող հիւանդ մարդուն միջեւ:
Ափսո՜ս, շա՜տ ափսոս, թուրքի գնդակէն չզոհուեցաւ «Հաց բերող»ը: «Հաց Բերող»ը սպաննեցինք մենք, մեր անտարբերութեամբ, մեր լռութեամբ, մեր համակերպումով, մեր պատեհապաշտութեամբ, անձը հաւաքականին զոհելու սո՛ւտ համոզումով, քաղաքական մանր հաշիւներուն տուրք տալով, վախը իբրեւ իմաստութիւն վաճառելով…
«Հաց բերող»ը գիտէր, շա՜տ լաւ գիտէր մեր մեղքը: Բայց ինք այլ բան չէր կրնար ընել, չէր ալ ուզեր ընել… «Հաց բերող»ը ինքնազոհութեամբ միայն կրնար բաժնուիլ մեզմէ, մեզ թողելով բերան-բաց, զարմացած, հիացած, շուարած, ամօթի մէջ կորած…
Հիմա «Հաց բերող»ը չկայ: Իր բացակայութեան՝ շատ աւելի ծանր պիտի շնչենք Հայաստանի քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ քուէ մուրացող, կաշառք բաժնող, խոստում տուող, խաբող, թալանող բայց քաղաքական մարդու փայլուն զգեստներ հագած խաչագողներու ներկայութեան:
«Հաց բերող»ը չկայ: Իր բացակայութեան՝ շատ աւելի արագ եւ աժան պիտի վաճառուի Երուսաղէմը, ոգու սովը համաճառակի նման պիտի տարածուի երկրի ամբողջ տարածքին: Ու մենք պիտի ապրինք իբրեւ սոսկ շնչող մարմիններ, ու երբեք պիտի չհասկնանք, որ խօսիլը, բառերը, գիրերը՝ հացէն շատ աւելի արժէք ունին… Պիտի չըմբռնենք, որ լռութիւնը ոսկի չէ՛, որ պիղատոսի նման ձեռքեր լուալով՝ Երուսաղէմը չի փրկուիր: Պիղատոսը չկրցաւ Երուսաղէմը ազատել սուտ ռաբբիներէն ու տաճառները առեւտուրի շուկաներու վերածած վաճառականներէն:
Բայց աւելի լաւ է հիմա… լռենք, յանկարծ կարեկցանքի ու ցաւի խօսքեր չարտայաայտենք: Շատ կեղծ պիտի հնչէ, շատ յուդայական պիտի երեւի: Հիմա միայն լռութեամբ արտայայտենք այն ամօթի զգացումը, որուն տակ մեր միտքն ու հոգին կը խեղդենք արդէն ամէն օր:
Րաֆֆի Տուտագլեան