Խանասո՜ր. Արիութեան, Կամքի Եւ Յանդգնութեան Արշաւանքը (125-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յարգա՛նք ձեզ, սրտի մարդիկ:
… Մի սիրտ ունէիք, այն էլ զոհ բերիք
ժողովուրդի ազատութեան սուրբ գործին:

«ԴՐՕՇԱԿ», 1897

Նորահաս սերունդի ոեւէ ներկայացուցիչ կրնայ ըսել, որ տարբեր էին այդ ժամանակները, բայց եւ այնպէս մեր ըսելիքն այն է, որ տուեալ ժամանակին մէջ ապրող ու գործող մարդիկն ալ կը զատորոշուէին իրենց մեծահոգութեամբ, խոնարհ եւ ազնուասիրտ ըլլալու յատկութեամբ:

Ճիշդ է, որ ժամանակի հասկացութիւնը, այս պարագային, չունի ճշդորոշիչ վայր ու թուական, այլ անիկա ընդգրկուն է եւ կը պարփակէ անցեալ մը ամբողջ, հեռաւոր թէ մօտիկ, այդուհանդերձ, հայութեան ընդերքը միշտ ալ ծնունդ տուած է այնպիսի փաղանգներու, որոնք, պահ մը, տուեալ ժամանակին մէջ ցոյց տուած են իրենց ցեղային արժանիքը եւ գալիք սերունդներու ժառանգ են թողած այնպիսի հերոսագրութիւն, որով հպարտացած է ամբողջ ժողովուրդ մը, ու ցարդ կը շարունակէ հայկականութեամբ լեցուիլ մեր օրերու ազգային մարդը, յեղափոխական գործիչը եւ արարատասէր տղան:

Բոլոր ազատատենչ ազգերու նման, հայութիւնն ալ ունեցած է «սրտի տղաներ», որոնք տուեալ ժամանակի շունչին ու մթնոլորտին համապատասխան` ցոյց տուած են իրենց կազմաւորումին թէ նկարագրային առանձնայատկութեան տեսակը, որակը եւ գիտակցական մակարդակը:

Իր դարաւոր ստրկութեան թմբիրէն հազիւ արթնցած, հայութեան մէկ մասնիկը, 19-րդ դարու աւարտին, շնորհիւ ազգային կեանքի զարթօնքին եւ հայաբոյր սերունդի մը անմնացորդ նուիրումին, արդէն մարտի էր ելած բարբարոս թուրքին դէմ` իր շալակին ունենալով ազգի տառապանքն ու հոգը, ազատ շնչելու եւ անկախ ապրելու սերունդներու երազանքը:

Հայոց պատմութեան էջերուն ոսկեայ տառերով արձանգրուած դրուագ մը կայ, ի շարս տարբեր յեղափոխական արարքներու, որ իր եզակի դերն ու իմաստը ունեցած է օրին ու կը շարունակէ ունենալ նաեւ այսօր, մանաւանդ` ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան պահուածքին մէջ:

Յեղափոխական դրուագ մը, որ պատժական բնոյթ ունի եւ իր մէջ կը կրէ բոլոր ժամանակներու ռազամագիտական ուսմունքը` հարուածել թշնամին իր որջին մէջ, բարոյալքել զայն ու զգետնել անոր կորովը:

Իրօք, իրերայաջորդ սերունդներու համար այս արշաւանքը եղած է տիպար օրինակ մը` իբրեւ գաղափարական աշխարհի սնուցիչ տարր, ներշնչման աղբիւր եւ ինքնակատարելագործման վարակիչ արտայայտութիւն:

Փաստօրէն, ինչ որ յետնորդ սերունդներու սրտին ու մտքին մէջ ամրապնդուած գեղեցկութիւն մը մնացեր է այս դրուագէն, զայն կարելի է պարփակել երկու բառի մէջ. կազմակերպուածութիւն եւ յանդգնութիւն: Իրականութեան մէջ, ժողովուրդներու թէ ազգերու պատմութեան խորապատկերին,  ինչպիսի՜ արժանիքներ յաճախ ընդգծուեր են յանուն ինքնաճանաչողութեան եւ հպարտանքի` եթէ ոչ յիշեալ երկու բառերու խորագոյն իմաստները` իբրեւ հայեցակարգ եւ բարոյահոգեբանական ուսմունք:

 

25  յուլիս  1897: Խանասորայ արշաւանքին 125-ամեակն է:

Պահ մը, ի մտի ունենալով հանդերձ հայ շրջապատի մէջ առկայ այն մօտեցումը կամ վերաբերումը տուեալ դրուագին մասին` զայն շղարշելով զգացականութեամբ եւ աննպատակայարմարութեամբ, ահաւասիկ, արժէ կրկին լոյսին բերել եւ յիշեցնել  ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ կարմիր թելի պէս կ՛երկարի հայ ժողովուրդի ծնունդէն ի վեր, այդ ալ` հայու զգացականութիւնն է, անհանդուրժողութիւնը, յաճախ պառակտուած ըլլալու իրողութիւնը, անտեղի ողբն ու ճակատագրապաշտութիւնը, մանաւանդ` երբ թշնամի ուժեր ուզած են գրաւել ամրոց մը, քաղաք թէ հայրենիք մը ամբողջ: Աւելի՛ն. հայու թշնամիին, յատկապէս թուրքին, երբեւէ պատճառ պակսած է ջարդելու հայը եւ տիրելու անոր հայրենիքին:

Բարեբախտաբար, դաշնակցական մամուլը տասնամեակներ շարունակ յիշած ու լոյսին բերած է Խանասորի սխրանքին ամբողջական պատկերը: Փաստօրէն, հայ գրիչն ու միտքը ըստ էութեան արժեւորած եւ գնահատած է յեղափոխական այս դրուագը, ընդհանրապէս շեշտադրելով անոր սնուցած թելադրականութիւնը հայ կեանքին մէջ:

1895-96 համիտեան համատարած ջարդերը ցնցած էին ողջ հայութիւնը: Վանի հայութիւնը կրցած էր դիմել զէնքի եւ ցոյց տալ ըմբոսութեան ոգին: Հայաբոյր այս քաղաքին մէջ տիրապետող էր միասնականութեան շունչը, հայդուկներու փոխադարձ յարգանքն ու իրարու զօրավիգ կանգնելու գիտակցութիւնը: Ի տես այս կացութեան, օսմանեան պետութիւնը ամէն ճնշում ի գործ կը դնէ, որ Վանի հերոսամարտին մասնակից հայդուկները հեռանան քաղաքէն` վար դնելով իրենց զէնքերը:

Հայ յեղափոխականներ կը գտնուէին տարակուսանքի մէջ, մնա՞լ, թէ՞ թողնել Վանը ու հեռանալ դէպի Պարսկաստան: Քանի մը մասի բաժնուած հայդուկներու խումբեր կ՛որոշեն հեռանալ քաղաքէն եւ ապաստան գտնել Պարսկաստան:

Օրուան հայդուկապետեր` դաշնակցական Պետօ, հնչակեան Մարտիկ եւ արմենական Աւետիսեան, կ՛որոշեն ընթացք տալ, այսպէս ըսած, ընդհանուրի այն որոշումին` դուրս գալու քաղաքէն, եւ Վասպուրականի վրայով անցնիլ պարսկական հողեր: Ու այդ ժամանակամիջոցին եւ աշխարհագրական տարբեր վայրերու մէջ աւելի քան 800 զինեալ տղաներ զոհ կը դառնան թշնամի ուժերու հարուածներուն:

Փաստօրէն, Վասպուրականի լեռնաշխարհի մէջ մեր տղաները թիրախ կը դառնային քրտական խումբերու, որոնց շարքին` մազրիկ ցեղախումբին, եւ անոնք մինչեւ վերջին փամփուշտ կռուելով կը նահատակուէին: Ահաւոր հարուածին լուրը ոչ միայն բարոյալքած էր յեղափոխականները, այլ նաեւ ժողովուրդը, որ կ՛ապրէր դժոխային պայմաններու մէջ:

Պէտք էր վրէժը լուծել սրբազան տղոց, որոնք դարանակալ քիւրտին զոհն էին դարձեր: Հայուն պէտք էր վրէժխնդրական արարք մը, որով պիտի կարենար դուրս գալ հիասթափութենէ եւ անոր վերադարձնել ինքնավստահութիւնը:

Այս ահագնագոռ կացութեան մէջ, ահաւասիկ, դաշնակցական անկրկնելի հայդուկապետ մը, որ կը յատկանշուէր իր աննկուն կամքի, հմուտ ռազմագէտի, քաջ ու հեռատես յեղափոխականի արժանիքով, կը յղանար միտք մը` պատժել թշնամին եւ ցոյց տալ հայու կամքին ու յանդգնութեան զօրութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան ռայոնական ժողովը (1896), ճիշդ է, որ կ՛որոշէր արշաւանքի կազմակերպումը, ընթացք տալով Նիկոլ Դումանի մտայղացքին, այդուհանդերձ, կային դաշնակցական ընկերներ, որոնք դէմ էին նման ցուցական արարքի մը, պարզապէս առարկելով` արշաւանքին կազմակերպչական աշխատանքի լայն տարողութիւնն ու ժամանակի խիստ սահմանափակումը:

Աննման ռազմավար Նիկոլ Դումանի կը յանձնուէր կազմակերպչական աշխատանքը իր լրումին հասցնելու պարտականութիւնը: Շնորհիւ Քրիստափորի եւ Ռոստոմի անմնացորդ նեցուկին, Նիկոլ Դուման կը յաջողի, տիւ եւ գիշեր աշխատանք ու քրտինք թափելով` կազմակերպել արշաւանքը իր ամբողջական տարողութեամբ (զէնք, զինամթերք, տղաներ եւ այլն), ու ինք կը ստանձնէր յիսնապետի պաշտօնը:

Խանասորայ Վարդանի հրամանատարութեամբ եւ աւելի քան 250 քաջարի տղոց ընդգրկուածութեամբ, յուլիսեան առաւօտ մը, Խանասորի դաշտի հանդիպակաց լեռներու լանջին կը տեղաւորուին հայդուկները: Խանասորի դաշտին վրայ կար հսկայ վրանաքաղաք մը, ուր հաստատուած էր քիւրտ մազրիկ ցեղախումբը: Արշալոյսին, հայոց արշաւախումբը, կազմ ու պատրաստ կը սպասէր ազդանշանին ու առաջին համազարկին:

Պատեհ է ընդգծել, որ Նիկոլ Դումանի գաղափարական կազմաւորումին ու մեծահոգութեան արտայայտութիւն էր այն մօտեցումը, սրբազան պատգամը, որ հայ կռուողը, ֆետային, հայդուկը պէտք չէ զէնք բարձրացնէ քիւրտ մանուկին, կնոջ ու ծեր մարդու դէմ, որովհետեւ նման արարք կը նուաստացնէր հայ յեղափոխականը:

Ու այդ օր, 25 յուլիսին, Խանասորայ դաշտին վրայ կարկուտ տեղաց, կրակի ու փամփուշտի կարկուտ: Տղաքը, վրէժի ու յանդգնութեան զգացողութիւնը իրենց սրտին ու մտքին մէջ ամրապնդած` յարձակեցան թշնամիին վրայ:

Անակնկալի եկած քիւրտ մազրիկը` ահ ու սարսափի մատնուած էր: Քանի մը ժամուան հրացանաձգութիւնը, հրոյ ճարակ կը դարձնէր վրանաքաղաքը: Նոյնինքն ցեղապետ Շարաֆ բեկ` կնկայ շորեր հագած, փախուստ կու տար մարտադաշտէն:

Փաստօրէն, արշաւանքը իր նպատակին հասած էր: Թշնամին պատժուած եւ փախուստի դիմած էր: Նահանջի ազդանշանէն ետք տղաքը կը քաշուէին լեռները:

Մարտի դաշտին վրայ ինկած էին 19 ֆետայիներ: Անոնց շարքին էր Ռոստոմի եղբայրը` Կարոն (Արիստակէս Զօրեան), որ մինչեւ վերջ կռուած էր, ապահովելու իր ընկերներուն նահանջը: Կարօ, իր եղբօր նման, երդուած էր անսակարկ նուիրուիլ հայոց բագինին, յանուն ազատութեան եւ իրաւունքի պաշտպանութեան:

Ի լուր արշաւանքին, հայութիւնը եւ ի մասնաւորի վանեցիներ ապրեցան հպարտութեան եւ վերապրումի պահեր, երբ իմացան, որ նահատակ տղոց վրէժը լուծուած էր եւ հայ ֆետային իր կամքը պարտադրած:

Այդ օրերուն, 125 տարի առաջ, ջարդի ու արհաւիրքի կացութեան մէջ, ի տես արշաւանքի մը կատարեալ կազմակերպումին եւ յանդգուն հարուածին, մարդ այսօր կը շշմի, երբ ուզէ վերապատկերացնել այդ ժամանակի դժուարութիւնը, հայութեան ողբերգական կացութիւնն ու թշնամիին բարբարոսութիւնը:

Միասնականութեան ամրապնդման խորհրդանիշ Խանասորայ արշաւանքը, արդեօք ցարդ չի պահե՞ր իր թելադրականութիւնը, արժէքն ու իմաստը, երբ հայոց բանակը կը գտնուի իր տխուր կացութեան մէջ, երբ հայրենիքը կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային շատ լուրջ հարցեր, երբ պառակտուած է հայութիւնը` իր ընդդիմադիր թէ պետական այրերով, երբ թուրք-ազերին կը փորձէ իրականացնել փանթուրանական իր ծրագիրը, երբ արեւմուտքի ու արեւելքի ուժեր կռուախնձորի վերածած են Հայաստանն ու Արցախը, երբ ազգային մեր տեսակը, ինքնութիւնն ու պետականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձեր են արդի աշխարհի քարտէսին վրայ:

Ի զուր չէ ըսուած, «մեզ պէտք է նոր Խանասոր, Խանասորնե՜ր»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.