Լոս Անճելըսի Մէջ Սինանեանի Դէմ Բողոքի Ցոյց

Երեքշաբթի, 7 յունիսին, սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան փորձեց համախոհներ հաւաքել Քալիֆորնիոյ Հիւսիսային Հոլիվուտի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` հանդիպման համար: Ճաշարանին մէջ հաւաքուածները եկած էին բողոքելու թէ՛ Լոս Անճելըսի մէջ Սինանեանի ներկայութեան, թէ՛ ալ Փաշինեանի վարած ապազգային քաղաքականութեան մէջ անոր ստանձնած շարունակական դերակատարութեան համար:

Ճաշարանին մէջ ներկաները Սինանեանին դիմաւորեցին «Սինանեան դաւաճան» եւ «Նիկոլ դաւաճան» վանկարկումներով:

Անցեալ ամիս Սինանեանը վրդովեցուց սփիւռքը` յայտարարելով, որ անոնք, որոնք դէմ են Արցախի հարցով Փաշինեանի դաւաճանական քաղաքականութեան, «դաւաճաններ» են: Ցուցարարները Սինանեանին յիշեցուցին, որ սփիւռքը պիտի շարունակէ զգօն մնալ Հայաստանի ապագային նկատմամբ, եւ որ ինքը եւ իր վարչապետը սփիւռքը լռեցնելու հարցին մէջ ձախողած են,  ինչպէս Հայաստանի մէջ:

Նախատեսուած հաւաքին կազմակերպիչները` հասկնալով, որ ներկաները հաւաքուած են Սինանեանին դէմ բողոքելու համար, ակնյայտօրէն թշնամացած են եւ սկսած հայհոյանքներ ու սպառնալիքներ հնչեցնել ցուցարարներուն հասցէին: Սինանեանը, որ նոյնպէս նկատելիօրէն ջղայնացած էր, սկսաւ պոռալ բողոքողներուն վրայ, եւ կազմակերպիչները շուտով դուրս հանեցին զինք:

Այնուհետեւ մօտ հարիւր ցուցարարներ շարունակած են իրենց բողոքի ցոյցը Սինանեանի հաւաքավայրէն դուրս:

Ցուցարարները իրենց բողոքը աւարտեցին երգելով հայկական հայրենասիրական «Զարթի՛ր լաօ» եւ «Գինի լից» երգերը եւ բողոքի ցոյցը  աւարտեցին Հայաստանի քայլերգով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.