Լոյս տեսաւ «Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Երանացման Ճանապարհին» գիրքը

Պէյրութի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ «Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան երանացման ճանապարհին» գրքոյկը` բաղկացած 64 էջերէ: Հեղինակ` Սարգիս Նաճարեան:

Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կը նշէ, որ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կարդինալին երանացման եւ ապա սրբադասման դատին բացման մեծաշուք արարողութիւնը: Այնուհետեւ ընթացք առին աշխարհասփիւռ վկաներու հարցաքննութիւնները:

Նաճարեան իր հեղինակած գրքոյկը կը նկատէ համեստ վկայութիւն մը կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատին:

Ան կը շարունակէ` ըսելով, որ կարդինալ Աղաճանեանի առջեւ խոնարհելու եւ աջը համբուրելու ուրախութիւնը ապրելու առիթներ ունեցած է վաղ մանկութենէն մինչեւ պատանեկութեան տարիները:

Նաճարեան կը գրէ, որ կարդինալ Աղաճանեան տիեզերքը դարձուց սահման իր քրիստոնէաճաճանչ յայտնութեան, որոնցմէ բխած բարեխոհ արժանիքները, հոգիի ու մտքի լոյսը ողողեցին համայն քրիստոնեայ աշխարհը եւ անոր շրջապատը:

Կարդինալ Աղաճանեան հպարտութեամբ զգացուց առաջին քրիստոնեայ ազգին իր պատկանելիութիւնը եւ իր կառչածութիւնը այդ ինքնութեան: Հոն, ուր որ գնաց ան` իր մտքի ու սրտի արժանիքներով առինքնեց իր հիւրընկալները եւ ունկնդիրները, անոնց մօտ արթնցուց հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ կրած արհաւիրքներու մասին հետաքրքրութիւնը:

Աւազանի անունով Ղազարոս, ան ծնած է 1895-ին, Ախալցխա: Հռոմի Ուրբանեան քոլեճը աւարտելէն ետք` 1917-ին, ձեռնադրուած է վարդապետ: Եղած է Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր: 1935-ին Հռոմի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուած է: 1937-ին ընտրուած է Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք:

Ֆրանսական հոգատար իշխանութեան մեղսակցութեամբ սուրիական Սանճաքը 1938-ին Թուրքիոյ կցուեցաւ: Կարդինալ Աղաճանեան եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի առաքելական նուիրակ Ռեմի լը Փրեթրը Պիոս ԺԲ. պապին միջամտութիւնը խնդրեցին: Անոնց ջանքերուն շնորհիւ Քեսապ անջատուեցաւ Սանճաքէն եւ Սուրիոյ կցուեցաւ:

Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքի նախաձեռնութեամբ 1939-ին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի բակին մէջ Ապրիլեան նահատակներու յուշակոթող կանգնեցուեցաւ: Նոյն տարին Պուրճ Համուտի մէջ բարձրացաւ Մեսրոպեան վարժարանը եւ ընդարձակուեցաւ Սրբուհի Ագնէս վարժարանը, իսկ 1953-ին օծուեցաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին:

Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. կաթողիկոս պատրիարք 1946-ին կարդինալ նշանակուեցաւ Պիոս ԺԲ. պապին կողմէ: 1958-ին ան հաւատոյ տարածման Սուրբ ժողովի փոխնախագահ, իսկ 1960-ին նախագահ նշանակուեցաւ: 1962-ին հրաժարեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռէն: Պօղոս Զ. պապ կարդինալ Աղաճանեանը Վատիկանի Բ. ժողովի առաջին ատենավար նշանակեց:

Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի Վատիկան այցելութեան առիթով, 1970-ին, վեհափառն ու կարդինալ Աղաճանեան ողջագուրուեցան: Ատիկա եղաւ կարդինալին հրապարակային վերջին ելոյթը: Այնուհետեւ Աղաճանեան հիւանդացաւ եւ 16 մայիս 1971-ին վախճանեցաւ:

Կարդինալ Աղաճանեանի եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր բազմաբեղուն գործունէութեան մասին համեստ, բայց արժէքաւոր վկայութիւններ բովանդակող գրքոյկ մը, որ արժանի է գնահատանքի:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Comments are closed.