Լոյս Տեսաւ «Վէմ Մատենաշար»-ի Չորրորդ Կոթողային Աշխատութիւնը` «Ռոստոմի Անտիպ Նամակները» Հատորը

«Վէմ» հանդէսի խմբագրութիւնը կը հաղորդէ, որ լոյս տեսած է Երուանդ Փամպուքեանի կազմած «Ռոստոմի անտիպ նամակները» փաստաթուղթերու ստուարածաւալ ժողովածուն: Ընթերցողի դատին կը ներկայացնենք վաստակաշատ պատմաբան, ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու անխոնջ հետազօտող Երուանդ Փամպուքեանի երկարամեայ գիտական պրպտումներու արդիւնքը հանդիսացող «Ռոստոմի անտիպ նամակները» ստուարածաւալ ժողովածուն: Շքեղ տպագրութեամբ օրերս լոյս տեսած այս 732 էջնոց պատկառելի հատորը «Վէմ մատենաշար»-ի թիւով 4-րդ հրատարակութիւնն է, որ իր աւարտին հասցուցած է ՀՅԴ ականաւոր գործիչ Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) անտիպ նամակներու հրատարակութիւնը: Երուանդ Փամպուքեան շարունակելով «Վէմ» հանդէսի հիմնադիր Սիմոն Վրացեանի կազմած «ՀՅ Դաշնակցութեան դիւան»-ով սկսած, իսկ հետագային Հրաչ Տասնապետեանի հատորներով շարունակուած փաստաթուղթերու տպագրութիւնը, բայց չկրկնելով անոնց բովանդակութիւնը, ստեղծած է կոթողային աշխատութիւն մը, որ անգնահատելի ծառայութիւն պիտի մատուցէ մասնագէտ պատմաբաններուն ու ընթերցող լայն հասարակութեան: Այսպիսով, առկայ վաւերագիրները հիմք պիտի դառնան հայոց պատմութեան նոր շրջանի բազմաթիւ հիմնահարցերու գիտական գնահատականները վերանայելու համար: Համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կատարուած այս ահռելի աղբիւրագիտական աշխատանքին խմբագրումն ու տպագրութիւնը առանց չափազանցութեան` իսկական հերոսութիւն է պատկառելի տարիք ունեցող գիտնականին կողմէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.