Լոյս Տեսաւ Հ.Յ.Դ. Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 7-րդ Համարը

Արդէն իսկ համացանցի վրայ կարելի է ընթերցել Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 7-րդ համարը, որուն նիւթերու զգալի բաժինը ուղղակի եւ անուղղակի անդրադարձ է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն նախորդող ու յաջորդող քաղաքական, բարոյահոգեբանական մթնոլորտին, ինչպէս եւ հայութեան առջեւ ծառացած բախտորոշ մարտահրաւէրներուն: Պատահականութիւն չէ պատմաբան Անի Մելքոնեանի․ «Դաւաճանութիւնների դերը հայկական պետականութիւնների կործանման մէջ» յօդուածի յայտնուԻլը:

«Դրօշակ»-ի բարեկամ եւ մշտական հեղինակ Վրէժ Արմէնը, շարունակելով հանդուրժողականութեան թեմայի քննարկումը, այս անգամ մտահոգութիւն փոխանցէ ներազգային մթնոլորտը պղտորած ներքին անհանդուրժողականութեան երեւոյթի վերաբերեալ:

Հետաքրքրական է Արփի Աբրահամեանի լուսաբանումը, որ կը վերաբերի անկախութեան շրջանին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած ռազմավարական բնոյթի պայմանագրերուն եւ համաձայնագրերուն: Իր հերթին արեւելագէտ Արտեոմ Տօնոյեանը կը ներկայացնէ ընթերցողին Ատրպէյճանի ներքին կեանքին բնորոշ երեւոյթ մը: Յօդուածին վերնագիրն է.-  «Մի քանի դիտարկում Ատրպէյճանում իրանաֆոպիայի դրսեւորումների շուրջ»:

Նաեւ հետաքրքրական է Աւօ Գաթրճեանի «Պատառիկներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն  Ծածկանուններու Բառարանէն» յօդուածը:

Սեւրի Դաշնագրի կնքման 101-րդ տարեդարձին ընդառաջ, զետեղուած է Մարիամ Յովսէփեանի ընդարձակ ուսումնասիրութիւնը` որու համար աղբիւր ծառայած են Պոլսոյ մէջ, լոյս տեսնող «ճակատամարտ» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերը:

«Դրօշակ»-ի 7-րդ համարը կարելի կարդալ սեղմելով.- Դրօշակ թիւ 7, 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.