Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Չորրորդ Թիւը

Ընթերցողին տրամադրութեան տակ է «Դրօշակ»-ի այս տարուան չորրորդ թիւը, ուր բնականաբար հիմնական տեղ կը գրաւեն Հայոց ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած էջերը: Պատմական զուգահեռներ կատարելով` թիւի առաջնորդող յօդուածին մէջ կը խօսուի այն մասին, որ հայ ժողովուրդը կրկին կանգնած է ճակատագրական փորձութեան շեմին, եւ ցեղասպան թշնամիներուն նկատմամբ չգիտակցուած կամ գիտակցուած անհաշուենկատ վերաբերմունքը, վերջինիս երախէն խաղաղութիւն կորզելու անյաջող ճիգերը հայութեան համար կրնան աւարտիլ մեծ ողբերգութեան կրկնութեամբ:

Քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք Շահնազարեան կ՛անդրադառնայ վերջին շրջանի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն, սահմանային գօտիին մէջ տեղի ունեցող վտանգաւոր զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ` Անդրկովկասի մէջ ընթացող իրադարձութիւններուն նկատմամբ տարածաշրջանային ուժերու դիրքորոշումներուն: Ներկայացուող վերլուծութիւնը կը բացայայտէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւններու սխալ քաղաքականութիւնը ինչպիսի՛ վտանգաւոր հեռանկար կը ստեղծէ Հայաստանի համար:

Պատմաբան Արմէն Մարուքեանի ծաւալուն յօդուածին մէջ փաստերու վկայաբերումով կը ներկայացուին «Հայոց ցեղասպանութեան թրքական քաղաքականութեան ծրագիրը, փուլերը, մեքանիզմներն ու հետեւանքները»:

Մարգարիտա Խաչատրեանը «Վերընթերցենք Համաստեղին. Համաստեղն ապրիլի 24-ի մասին» յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ նշանաւոր գրողին անդրադարձը Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան:

Հետաքրքրական է նաեւ սփիւռքին, սփիւռքի կենսական հիմնահարցերուն վերաբերեալ գերմանաբնակ հայրենակից Վազրիկ Բազիլի յօդուածը: Հայրենիքէն դուրս ապրող հայութեան բազում հիմնահարցերու քննարկման առումով հաւանաբար «Դրօշակ»-ի հրապարակումը նպաստէ վաղուց հասունցած թեմային շուրջ խօսակցութիւն ծաւալելուն: Ազգային ապահովութեան հարցերով փորձագէտ Արփի Աբրահամեան «Դրօշակ»-ի ընթերցողին կը ներկայացնէ «Միջուկային զսպման քաղաքականութիւնը Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական փաստաթուղթերում» յօդուածը, որուն մէջ կը քննէ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու ապահովական հայեցակարգին մէջ կատարուած փոփոխութիւններու հարցը:

«Դրօշակ»-ի 2023 թուականի երրորդ թիւին մէջ կան հետաքրքրական այլ յօդուածներ եւս, որոնց կարելի է ծանօթանալ այցելելով https://www.arfd.am

Comments are closed.