Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 2024 թուականի առաջին համարը

Համացանցի մէջ կրնաք ընթերցել «Դրօշակ»ի 2024 թուականի անդրանիկ համարը: Համարին առաջնորդող յօդուածը անդրադարձ մըն է Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն գրեթէ վեցամեայ ձախող քաղաքականութեան, այս անգամ ներազգային դաշտին մէջ:

Հեղինակներ Լուսինէ Մխիթարեան եւ Մանուէլ Մկրտչեան կ’անդրադառնան ձախողումներու պատճառներուն, քննելով զանոնք ներհասարակական հոգեվիճակի, տրամադրութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային կազմուածքին մէջ բոյն դրած յոռի արատներու հետ առնչելով:

Պատմաբան Անի Մելքոնեանի ներկայացուցած յօդուածը այս անգամ նուիրուած է հայոց բանակի հերթական տարեդարձին: Պատմաբանի հայեացքով Անին կ’անդրադառնայ ներկայ հանրապետութեան հիմնադրման հետ ծնունդ առած եւ պատերազմներու դաշտերուն մէջ կոփուած հայոց բանակին անցած փառաւոր ուղիին, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ օրուան իշխանութիւններուն հակաազգային եւ հակաբանակ քաղաքականութեան հետեւանքով բանակին կարեւորութեան ստորադասման, անոր արժեզրկման եւ, որպէս հետեւանք, թշնամիին յաղթանակներն ու պետութիւնը ինքնիրեն պաշտպանելու ունակութենէն զրկելու ողբերգական պատմութեան:

Ամերկեան ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնը ներկայացուցած է 2023 թուականին ընթացքին ամերիկացի բարձր պաշտօնեաներու միջնորդական նախաձեռնութիւնները հայ եւ ատրպէյճանական կողմերու միջեւ: Ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի եզրակացութիւնը այն է, որ Ամերիկեան վարչակազմը աննախադէպ աշխուժութեամբ նախորդ տարի դերակատարութիւն ունեցած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ՝ առանձնաբար հայ պաշտօնեաներու հետ շփուելով, այս մէկը կրնայ նախանշել Անդրկովկասի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան աշխուժացման սկիզբ:

Դրօշակի այս առաջին համարը ընթերցողին կը տրամադրէ քաղաքական եւ ոչ քաղաքական այլ յօդուածներ:

«Դրօշակ»ի 2024 թուականի առաջին համարը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէին:

«Դրօշակ» թիւ 1, 2024 թ.

Comments are closed.