Լոյս տեսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Հրայր Մարուխեանի նուիրուած նոր հրատարակութիւն

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Հրայր Մարուխեանի ծննդեան 90-ամեակին եւ մահուան 20-ամեակին նուիրուած, այսօր Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ նոր գիրք մը։ Հրատարակութիւն՝ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի, տպագրութիւն՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, խմբագիր՝ Նորա Բարսեղեան։

Հասարակական-քաղաքական ազգային գործիչ Հրայր Մարուխեան եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ 1972-1994։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.