Լոյս Տեսաւ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի «Դիմադրութեան Ցանցը» Հատորը

Միշիկընի նահանգային համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի «Դիմադրութեան Ցանցը» («The Resistance Network») հատորը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղախսնութեան օրերուն եւ անկէ ետք փրկարար աշխատանքներ կատարած մարդասիրական գործիչներու, աւետարանիչներու եւ դիւանագէտներու ցանցի գործունէութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ փրկել հարիւր հազարաւոր հայորդիներ։

262 էջնոց եւ 24.95 տոլար արժող հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար այցելել www.msupress.org կայքը։

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագիտութիւնը հաստատած «Քլարք» համալսարանէն դոկտորի առաջին վկայականը ստացած է: Ան դասախօս է «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ եւ խմբագիրն է «Արմինըն Ռիվիու»ի։ Ան դասախօսած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին, Ուուսթըրի նահանգային համալսարանին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ։ Ան եղած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին մէջ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրի համակարգողը: Ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային խորհրդաժողովներու եւ հեղինակած է մարդկային իրաւանց, լրատուամիջոցներու օգտագործման ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներ եւ գիրքերու հատուածներ: Մուրատեան 2007-2014 տարիներուն եղած է «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիրը եւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու ու եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.