Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Լիպիոյ արեւելեան շրջանի ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը որդեգրեց միջազգային յարաբերութիւններու եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտուլ Հատի ալ Հուէյճի առաջարկը` ընդունելով 1915-ին, Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լիպիական «Ալ-Այն» կայքը:

Կառավարութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ ներկայիս Լիպիոյ նախարարներու խորհուրդի օրէնսդրական տնօրէնութիւնը աշխատանք կը տանի բանաձեւելու որոշում մը, որուն համաձայն, Լիպիոյ մէջ այսուհետեւ ամէն տարի 24 Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը պիտի ոգեկոչուի։

Կայքը կը շեշտէ, որ փորձագէտներու համոզմամբ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ամենամեծ ապացոյցն է, յատկապէս որ Պեռլինը Առաջին Համաշխարհային պատերազմին Անգարայի հիմնական դաշնակիցն էր, եւ Գերմանիան ունի Օսմանեան կայսրութեան բոլոր գաղտնիքները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.