Լինէթ Իսրայէլեանի եւ Փաթիլ Հարպոյեանի «Musique de film et de ballet» հրաշալի ելոյթը

Շաբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2018-ին, Մոնթրէալի Théâtre Beaubois-ի մէջ տեղի ունեցաւ գանատահայ ջութակահար Լինէթ Իսրայէլեանի «Musique de film et de ballet» ելոյթը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Փաթիլ Հարպոյեանի:

Ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմավարը բեմ հրաւիրեց երկու արուեստագէտները, որոնք հերթաբար ներկայացուցին Վիթթորիո Մոնթիէն, Ճօն Ուիլիըմզէն, Գարլոս Էլաթա Ալմարանէն, Մորիգոնէն, Հարըլտ Առլէնէն, Անտրու Ուէպըրէն, Հանս Զիմմըրէն եւ Շառլ Ազնաւուրէն կտորներ՝ բացառիկ կատարողութեամբ: Բարձր մակարդակի զուգանուագին ընդհանրապէս կը նախորդէր երաժիշտին եւ ներկայացուելիք կտորին մասին կարճ տեղեկութիւններ, բեմավարին կողմէ, նաեւ յատուկ մասնակցութեամբ երկու կատակերգակներու: Իւրաքանչիւր կտորի զուգընթաց կը ցուցադրուէր հետաքրքրական եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ տեսերիզ, կտորին հեղինակ երաժիշտին մասին կամ առնչուած ֆիլմէն պատկերներով, ինչպէս նաեւ երեւակայութեան, մտքի ու հոգիի թռիչք տուող եւ նուագներուն համապատասխանող բնութեան պատկերներով, նաեւ Մարիա Ալփինի պալէի մենապարով:

Կարճ դադադրէ ետք երկու արուեստագէտները ներկայացուցին Քամիլ Սէն Սանսի, Արամ Խաչատուրեանի, Կոմիտասի, Գարլոս Կարտէլի, Փիացոլլայի, Անժէլ Վիլոլտոյի եւ Ճոն Ուիլիըմզի հեղինակած երաժշտութիւններէն կտորներ, որոնք արժանացան ներկայ երաժշտասէր հանրութեան բարձր գնահատանքին եւ երկարատեւ ծափողջոյններուն, որոնց ընդառաջելով, Լինէթ եւ Փաթիլ աւարտին զուգանուագ մը եւս ներկայացուցին: Նշենք, որ յայտագրի այս բաժինին մէջ տեսերիզի ցուցադրութիւնները շարունակուեցան, հայկական կտորներու ներկայացման ժամանակ հայրենի երկրի բնութեան պատկերներով, գեղանկարիչ Արեգ Էլիբէկեանի գծագրութիւններով, Մեղեդի Աղուրեանի մենապարով եւ թանկոյի պարային մասնակցութեամբ երկու մենապարողներու:

Ելոյթին ընթացքին Նէնսի Թորոսեանի կողմէ (Temker Productions) պատրաստուած տեսերիզներու ներկայացումը շարժում եւ կենդանութիւն տուին ելոյթին եւ երաժշտութեան լարերով հանդիսատեսը փոխադրեցին նիւթեղէն աշխարհէն հեռու կախարդական վայր մը՝ նոր ապրումներ եւ զգացումներ արթնցնելով անոնց հոգիներուն մէջ:

Նշենք, որ Փաթիլ Հարպոյեան, որպէս դաշնակահարուհի, արժանացած է գանատական զանազան մրցանակներու եւ կը դասաւանդէ Մըգ-Կիլ համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ 2015-ին իր «Music from Armenia» խտասալիկի ներկայացման ելոյթը բարձր գնահատուած է Նիւ Եորքի Carnegie Hall-ի մէջ:

Լինէթ Իսրայէլեան, մանկութենէն զբաղած է երաժշտութեամբ, Մոնթրէալի մէջ արժանացած է զանազան մրցանակներու, իսկ այս տարի տիրացաւ Գանատայի Երաժշտական մրցոյթին (Canadian Music Competition) առաջին մրցանակին, որմէ ետք ան ելոյթ ունեցաւ Maison Symphonique-ի մէջ որպէս մենակատար Orchestre Métropolitain-ի հետ։

Սոնա Թիթիզեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.