Լիմասոլի ՀՅԴ խումբին կողմէ 27,500 եւրօ արժողութեամբ դեղորայքի օժանդակութիւն լիբանանահայութեան
1524
0
Լիմասոլի ՀՅԴ Նորայր Յովաննէսեան խումբի ընկերները, վերջին երկու ամիսներու ընթացքին΄ յատուկ պատուիրուած դեղերու ցանկով մը, մեծ քանակութեամբ դեղորայք հաւաքեցին Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար։
Արդէն, բոլոր արկղները փոխանցուած են ՀՅԴ Լիբանանի կեդոնական կոմիտէի ԿԱՄՔ մարմնին որուն աշխատանքներու բաժանումը կատարուեցաւ Երեսփոխանական Գրասենեակի եւ ԼՕԽ-ի կողմէ։
Աշխատանքի առաջին փուլը, որ կը կազմէ 27,500 եւրօ արժողութեամբ դեղորայք, հասած է իր աւարտին։