Լիբանանցի Հայուն Քուէն Գին Չունի

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Ուղիղ 48 օր կը բաժնէ մեզ մայիս 6-ին կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններէն:

Ընթացիկ շաբաթը թէ՛ թեկնածութեանց յետս կոչման եւ թէ՛ ընտրական ցանկերու յայտարարութեան յատկանշական օրեր են: Այս շաբթուան ընթացքին պիտի ուրուագծուի յառաջիկայ խորհրդարանին ընդհանրական պատկերը:

Լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմը եռուզեռի մէջ է: Աննախընթաց աշխատանքի լծուած են կուսակցութիւններ, թեկնածուներ, ծանուցումի ընկերութիւններ, լրատուամիջոցներ, տպարաններ, ընկերային ցանցի մասնագէտներ, վիճակագրական հաստատութիւններ, քաղաքական մեկնաբաններ, յայտնի ու անյայտ բարերարներ, մարդասէրներ, ընկերային ծառայողներ եւ դեռ…

Սաստկացած են ու յառաջիկայ օրերուն աւելի պիտի սաստկանան ընդհանրապէս ժողովրդավարական ընթացիկ արարք նկատուող ընտրութիւններու առիթով քաղաքական կեցուածքները, լոզունգաբանութիւնը, սուր եւ անխնայ քննադատութիւնները ազատ կարծիքի եւ ազատ խօսքի արտայայտութեան քողին տակ անհատական վիրաւորանքները, լուտանգները, նոյնիսկ երբեմն լկտի արտայայտութիւնները:

Իբրեւ լիբանանցի հայեր ու Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, մենք եւս բնականաբար շահագրգռուած ենք այս ընտրութիւններով: Մեր համայնքը եւս պէտք է արժանաւոր կերպով ներկայացուի յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ:

Վերջին հաշուով իբրեւ լիբանանցի հաւասարազօր քաղաքացիներ մենք եւս իրաւունքը ունինք երկրի յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ ձեւակերպելու լիբանանցի հայ քաղաքացին ներկայացնելու համապատասխան տարազը:

Այսուհանդերձ, մեկնելով տասնամեակներու վրայ երկարող քաղաքական կենսափորձէն, լիբանանցի հայը արդարօրէն կ՛ակնկալէ, որ ներկայ փուլին հայկական ընտրադաշտը հեռու մնայ զինք շրջապատող ցաւցնող ու հետք ձգող բացասականութենէն, բաւարարուի ընտրապայքարի ազնիւ միջոցներով ու լիբանանցի հայն ալ չվարակուի տարածուած ընտրական ախտերով:

Առիթը տակաւին կը ներէ խօսելու ճշգրիտ ու արդար ներկայացուցչութեան մասին:

Դեռ ժամանակ ունինք արտայայտուելու հայ համայնքի ընտրութեան ձեւին ու հայ երեսփոխանէն ակնկալութեան մասին:

Ու դեռ պիտի խօսինք քաղաքական ուժի, ինքնուրոյնութեան, ոչ կախեալ ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին:

Բայց այսօր պարտաւոր ենք արտայայտուիլ ընտրական փերեզակներու մասին: Այլ խօսքով, չհասկցողին համար` ընտրական սմսարներու մասին:

Մեր քաղաքացիները ցաւով կը փոխանցեն, որ իրենց կը մօտենան հայանուն մարդիկ` քուէի փոխարէն դրամ խոստանալով: Ընտրակաշառքի տարբեր ձեւեր ի գործ կը դրուին` ստանալու համար լիբանանցի հայ քաղաքացիի քուէն:

Ցաւով կը լսենք, որ մեր թաղերուն մէջ անձնաթուղթեր «կը գրաւուին»` փոխան նիւթական խոստումներու:

Ցասումով կը լեցուինք, երբ տեսնենք, որ թեկնածուներ կամ թեկնածու առաջադրող վարպետներ, շահագործելով ընտանիքներու նիւթական դժուարութիւնները, դեղի, հիւանդանոցային ծախսերու կամ ուտեստեղէնի փոխարէն քուէ կը փորձեն գնել իր քաղաքացիութեամբ ու հայութեամբ հպարտ հայ մարդէն:

Նոր տարուան առիթով «բարեսրտութեամբ» ուտեստեղէն բաժնող անհատներ այսօր ոսպի, բրինձի, ձէթի ու շաքարի ստացականի փոխարէն քուէ կը պահանջեն հայ քաղաքացիներէն:

Ամբողջ տասնամեակներ հայկական իրականութենէն հեռու ապրած հայեր, յանկարծ մտահոգ են հայ քաղաքացիով կամ հայկական կառոյցով ու մետասաներորդ ժամու իրենց ժամանումով կը կարծեն խաբել հայ մարդը:

Լիբանանցի քաղաքացի հայ մարդը գիտէ զանազանել սեւը ճերմակէն:

մնայունը` ժամանակաւորէն,

իրականը` կեղէն

ծառայութիւնը` շահագործումէն:

Ան գիտէ զանազանել տասնամեակներ ամբողջ համայնք ապրեցուցած, քաղաքական ուժ կերտած, կեցուածք պարտադրած, հաւաքական շահ ապահոված ներկայացուցչութիւնը` պատահական անցորդ ու անհատակեդրոն թեկնածուէն:

Լիբանանցի հայ քաղաքացին գիտակից քաղաքացի է: Մի՛ փորձէք  զինք:

Լիբանանցի հայ քաղաքացին իր քուէն չի ծախեր, մի՛ փորձէք զինք:

Լիբանանցի հայ քաղաքացիին քուէն գին չունի, անգին է, դրամով, դեղով կամ սնտուկ մը ուտեստեղէնով չի գնուիր:

Լիբանանցի հայ քաղաքացին պայքարով կը պահէ իր լիբանանցիի իրաւունքը:

Գնեցէք քուէն անոր, որուն լռութիւնը կ՛ուզէք ապահովել չորս տարի:

Գնեցէք քուէն անոր, որ չի ճանչնար ձեզ:

Լիբանանցի հայը իր քուէն չի ծախեր:

Համոզումը, հաւատքը, հաւատարմութիւնը դրամով չեն գնուիր:

Մեր լեզուն խօսողը իր խիղճը, իր քուէն չի ծախեր:

Մեր լեզուն չհասկցողն ալ լիբանանցի հայուն արժանապատուութիւնը չի ճանչնար: Ան իրաւունքը չունի վարկաբեկելու զինք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.