Լիբանանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Տորըթի Շիայ ներկայ գտնուեցաւ Այնճարի Էքօ Պուրակի բացման հանդիսութեան

Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ներկայ իրավիճակը ստեղծած է յուսալքութեան այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր ամէն մէկ քաղաքացի իր առօրեայի դաժան ճնշուածութեան տակ կքած` կորսնցուցած է նաեւ ապագային նկատմամբ լաւատեսութեան նուազագոյն յոյսը:

Բայց այս երեւոյթին դէմ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Կարելի չէ մոգական լուծումներու ցանկութեամբ ճակատագիրի վարդագոյն  արշալոյսին սպասել, ինչպէս նաեւ  կարելի չէ յանձնուիլ նոյնինքն այս պայմաններուն ստեղծուած հրամայական դրուածքի պարտադրանքին:

 

Միայն գործնական տրամաբանութեամբ, ծրագրային յստակ ու վճռորոշ համոզումով  եւ մանաւանդ այս դժնդակ պայմաններուն մէջ անպայման բան մը փոխելու կամքով հանդէս գալը  միջավայրին  համար կը ստեղծեն նոր տուեալներ ու նորանոր հորիզոններ:

Այս հաւատքին մեկնարկն էր ուրբաթ, 25 յունիս 2021-ին, երբ Այնճար պաշտօնապէս բացումը կատարեց Լիբանանի տարածքին իր տեսակին մէջ առաջին Էքօ պուրակին (Էքոփարք)` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Պեքաայի նահանգապետին, քաղաքապետներու եւ հոգեւոր ու պաշտօնական մարմիններու  ներկայացուցիչներու:

Դեսպան Տորըթի Շիա դիմաւորուեցաւ հայկական աւանդական ոճով` Վարուժան արք. Հերկելեանի կողմէ օրհնուած հացը կիսելով:

Հանդիսավարութիւնը կատարեց զբօսայգիի վարիչ տնօրէն Սեւան Գապագեան-Քենտիրճեան, որ իր բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը:

Քաղաքապետը, ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները, հանգամանօրէն անդրադարձաւ զբօսայգիի` զանազան բնագաւառներու մէջ ընձեռած օգտաշատ ու դրական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ աշխատանքային նոր կարելիութիւններու առջեւ լայն  դուռ բանալու անհրաժեշտութեան: Բան մը, որ պիտի նպաստէ Այնճարի գիւղատնտեսութեան վերելքին եւ զբօսաշրջային մարզի յաւելեալ բարգաւաճման, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի գիւղի կիներուն համար յաւելեալ գործի կարելիութեան եւ գիւղատնտեսական արդիւնաբերական ճարտարարուեստի զարգացման:

Քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան բարձր գնահատեց եւ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի`  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող պատմական կեցուածքին եւ յայտարարութեան:   Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց  բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս ծրագիրի իրականացման:

Երկրորդ խօսք առնողը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան էր, որ նախ իր հիացումը արտայայտեց ընդհանրապէս տարուած աշխատանքներուն համար եւ վեր առաւ նմանօրինակ ծրագիրներու օգտակար անդրադարձը  Լիբանանի  ընկերային իրավիճակի բարելաւման  հոլովոյթին վրայ:

Ան խոստացաւ յաւելեալ զարկ տալ հասարակական կեանքին նպաստող ծրագիրներու, որոնք  ուղղակիօրէն առնչուած են բնակչութեան այն հատուածին, որ ներկայ դրութեամբ մեծագոյն տուժողն է: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն շատ ջերմ ընդունելութեան համար, որուն շնորհիւ ան զգաց իր սեփական տան մէջ եւ յանձնառու եղաւ  այլոց եւս հրաւիրել Այնճար:

Ապա բեմ  հրաւիրուեցաւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ Միացեալ Նահանգներու Բարգաւաճման գործակալութեան Լիբանանի գրասենեակին (Եու. Էս. Էյտ. Լեպանոն) նկատմամբ  երախտագիտական իր խօսքին մէջ չափազանց  օգտակար նկատեց այս ծրագիրի իրագործումը, մանաւանդ լիբանանեան հայրենիքին դիմագրաւած ներկայ շատ ծանր պայմաններուն մէջ: Ան յայտնեց, որ Այնճարի այս զբօսայգին խթան պիտի հանդիսանայ զարգացնելու Լիբանանի երիտասարդութեան մերձեցումը եւ նոր մարզաձեւերու կիրարկման ոլորտը: Վ. Օհանեան-Գէորգեան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն  յայտնելով բարերար իւրաքանչիւր կողմի, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ զբօսայգիի ծրագիրի իրականացման:

Հանդիսութեան վերջին բաժինով յուշանուէրներ յանձնուեցան յաջորդաբար դեսպան Տորըթի Շիայի, նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ  Օհանեան-Գէորգեանի, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Պեքաայի նահանգապետ դատաւոր Քամալ Ապու Ժաուտէի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.