«Լիբանանի գծով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեծ դեր խաղացին ու պիտի խաղան». Բաբգէն Արք. Չարեան

Հարցազրոյց Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի հետ

 Սեպտեմբեր 1-ին, «Հորիզոն»ի խմբագրակազմը այցելեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարան եւ շնորհաւորեց Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանին իր վերընտրութեան առիթով։ «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան այս առիթով յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Սրբազան Հօր հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան անցնող քառամեակի թեմի գործունէութիւնը՝ հոգեւոր եւ ազգային բնագաւառներէն ներս, Լիբանանահայութեան օժանդակութեան հարցը, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն աջակցելու առաքելութիւնը, նորահաս սերունդի եկեղեցւոյ հետ մերձեցման հարցը եւ Հայաստանի կրթական համակարգէն ներս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդման հարցը։
 
– Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, մեր պատանեկան օրերուն, ապրեցանք վախն ու տառապանքը, մահուան դիմաց կանգնեցանք, սակայն այդ բոլորին յաղթահարեցինք շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եկեղեցիներուն, շնորհիւ մեր կազմակերպութիւններուն, յատկապէս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Այդ օրերուն, մեր տուներուն, մեր գործատեղիներուն, մեր զաւակներուն ու ընտանինքներուն պահապաններն ու պաշտպանները եղան։ Լիբանանի գծով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեծ դեր խաղացին ու պիտի խաղան։ Այս օրերուն մենք կը լսենք, կը կարդանք բամբասանքներ եւ զրպարտութիւններ մեր եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ, այս մէկը արդար չէ։ Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակից վստահութիւն եւ հաւատք ունենայ մեր եկեղեցւոյ եւ մեր կազմակերպութիւններուն հանդէպ։ Մենք պէտք է անդրադառնանք, որ մենք՝ անտէր չենք։ Մեր եկեղեցին եւ մեր կազմակերպութիւնները այդ տիրութիւնը կը կատարեն։ Կոչ կ՚ուղղեմ Գանատահայութեան եւ ընդհանրապէս ի Հայաստան եւ ի սփիւռս մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ որպէսզի այս գիտակցութեամբ մօտենան հարցին։

 

– Հաւաքական ճիգով ու աշխատանքով, անցնող չորս տարիներուն կարողացանք մեր թեմի պարտէզը կանաչ պահել։ «Լուսաւորիչ եկեղեցին Կանթեղ» կրօնական մեր ամսաթերթով եկեղեցին հայ ընտանիքին տան մէջ բերինք։ Ինչպէս Արամ Վեհափառ յաճախ կը շեշտէ, եկեղեցին իր չորս պատերէն անդին պէտք է տանիլ։ Եկեղեցին պէտք է մեր տուներէն ներս ներկայութիւն դառնայ, օրհնութիւն դառնայ։ Քրիստոնէական դաստիարակութեան համար կրօնական լսարաններ ու Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ կազմակեպեցինք։ Պատարագին մասին վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստելու ընթացքի մէջ ենք։
– Եթէ Հայրենիքի սահմանները ամուր չպահենք, Երեւանը կը վտանգուի։ Հայաստանը միայն Երեւանը չէ, այլ՝ գիւղերն են ու սահմանները, որոնք կը պաշտպանուին մեր արի զինուորներուն կողմէ։ Մենք աջակից ենք սահմանամերձ գիւղերու հայրենաշինութեան գործին։
– Դիւրին չէ այսօրուան նոր սերունդը ներգրաւել, սակայն պէտք է փորձենք։ Պէտք է այսօրուան աշխարհին համապատասխանող ձեւեր որդեգրենք։ Այսօրուան երիտասարդը կ՚ուզէ ամէն ինչ հասկնալ, կ՚ուզէ մասնակից դառնալ, ամէն ձեւով ներդում ունենալ… հետեւաբար, մենք իրենց պէտք է աւելի մասնակից դարձնենք եւ պատաասխանատուութիւններ յանձնենք։
 
– Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը չենք կրնար անջատել մեր եկեղեցւոյ պատմութենէն։ Բանանք մեր պատմութեան էջերը եւ պիտի տեսնենք, որ հոն ուր որ մեր պետականութեան մայրաքաղաքը կը փոխադրուէր կաթողիկոսութիւնն ալ հետը կը փոխադրուէր։ Մեր եկեղեցին ԱԶԳԱՅԻՆ եկեղեցի է եւ պէտք է հպարտ զգանք։ Մեր եկեղեցին ազգին կը պատկանի։ Կը զարմանամ, որ Հայաստանի մէջ այսօր եկեղեցւոյ դասանիւթը կը փորձեն դուրս հանել կրթական ծրագրէն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.