Լիբանանին Մէջ Մեր Դէմ Մղուող Այս Արշաւին Առիթով

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Վիրաւոր, հիւանդ, տկար ու ցաւի մէջ տնքացող անձը խոցելի կ՛ըլլայ։ Նոյնպէս ալ հաւաքականութիւնները։

Օգոստոս 4ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած պայթումը ոչ միայն ֆիզիքական մեծ քանդումի եւ մարդկային կորուստներու պատճառ դարձաւ, այլեւ հոգեբանական լուրջ հարուած հասցուց ժողովուրդին, ներառեալ նաեւ՝ լիբանահայութեան։

Մեր կորուստները մեծ են։ Ցաւը նոյնպէս։

Այս ծանր մթնոլորտին մէջ, փոխանակ ուժերը գումարելու եւ համախմբուելու, փոխանակ թրքական իրական ու նոյնիսկ տեսանելի վտանգին դէմ զգաստ ու համախումբ դիրքորոշումին նպաստելու, հայկական միջավայրէն ներս կը շահագործուի մեր ժողովուրդին խոր ու արդարացի ցաւը (ու այդ պատճառով ալ զգացական խոցելիութիւնը) եւ աջէն ու ձախէն դարձեալ կը լսուին ղեկավարութիւնը բամբասող, խծբծող ու զրպարտող ձայներ՝ ամբոխավարական շունչով ու ոճով։ Այն աստիճան, որ կարծէք Լիբանանի պետական-քաղաքական համակարգի ձախողութեան, վարչական ապիկարութեան, «աւանդական» դարձած փտածութեան եւ կիսաֆէոտալական մտայնութեան համար յանցաւոր է հիմնականին մէջ… Դաշնակցութիւնը։ Ծանօթ ենք այս ոճին։ Հեղինակները թող չփորձեն ուղտին վրայ նստած կուզէ-կուզ պտտիլ։

Ալ հինցած է «գունաւոր յեղափոխութիւններու» այս ոճը։

Ոճ մը, որ մշակուած ըլլալով Արեւմուտքին կողմէ, կը միտի տուեալ երկրի «անհնազանդ», «փտած» («թալանչի») ղեկավարութիւնը փոխարինելու «մաքուրներով»։ Այսինքն՝ իրենց հլու հնազանդ կամակատարներով։ Բոլո՛րն ալ. «քըլլոն, եաանի քըլլոն»…

Այն աստիճան, որ «քըլլոն» ըսել տուող Արեւմուտքը այսօր Պելոռուսի մէջ կը պատրաստուի իշխանութեան բերելու… տնային տնտեսուհի մը։ Ոչ աւելի, ոչ պակաս։ Ի՞նչ, կը կարծէիք որ պելոռուս ժողովուրդին ու պետութեան ազգային շահերուն նուիրուած քաղաքական դէ՞մք մը պիտի ուզէին բերել իշխանութեան, փոխարինելու համար Լուքաշենքոն։ Ուրիշ խնդիր, որ այս վերջինը թերեւս խոցելի կէտեր ունի. բայց ատիկա այլեւս պելոռուս ժողովուրդին որոշելիքն է, ոչ թէ արտաքին ուժերուն։

Եւ քանի որ աշխարհ ընդհանրապէս ու յատկապէս Երրորդ աշխարհը կը տուայտին տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, կենսոլորտային ու բազում այլ խնդիրներու մէջ, Արեւմուտքը քաղաքական շահարկումի դրամագլուխի վերածած է նոյն այս երկիրներուն խնդիրները։ Ոչ Ուքրանիան, ոչ Վրաստանը, ոչ Սերպիան, ոչ Հայաստանը, ոչ Պելառուսը, ոչ ալ Լիբանանը բացառութիւն են։

Լիբանանի մէջ համակարգը համայնքային է։ Կան 7 համայնքներ։ Հայութիւնը այդ 7էն մէկն է։ Արեւմուտքի օրակարգին վրայ է այս համայնքներու ղեկավարութեան փոխարինումը իրեն հլու-հնազանդ կամակատարներով։ Թուրքիա միացած է այս խաղին, ոչ միայն իր ազդեցութեան գօտին ընդարձաելու, այլեւ հայ համայնքը ջլատելու նպատակով։

Կարգ մը համայնքներու մէջ արդէն իսկ «գտնուած» են կամակատարներ։ «Քըլլոն…» պոռացողները անշուշտ ի մտի չունին Ֆուատ Սինիորայի, Ուալիտ Ճոմպլաթի, Սամիր Ժահժայի նմանները…

Կը մնան «միւսները»։ Այդ «միւսներու» շարքին՝ հայ համայնքի ղեկավարութիւնը, որուն առանցքային ուժը Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն է։ Եւ հետեւաբար, պէտք է անխնայ շահագործել ժողովուրդին արդար ցաւն ու վիշտը եւ այդ զայրոյթին սլաքները ուղղել… Հ.Յ.Դաշնակցութեան ու անոր ուղեկից կազմակերպութիւններուն։ Թէ լիբանահայ համայնքի ղեկավարութիւնը, ընդհանրապէս, բարելաւումի, արդիականանալու խնդի՞ր ունի՝ շատ հաւանաբար։ Թէ ներհամայնքային յարաբերութիւններուն մէջ հարցեր կան՝ հաւանաբար։ Բայց կարելի չէ հարցականի տակ առնել համայնքի ղեկավարութեան նուիրումն ու ծառայակամութիւնը։

Այս պայքարին մէջ դերակատար են բոլորիս շատ ծանօթ հին ու նոր դէմքեր, հայութեան հետ օրկանական ոչ մէկ կապ ունեցած, բայց անունով հայ դէմքեր, հեռացուած-արտաքսուած քանի մը նախկին դաշնակցականներ (վերջիններս՝ գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ), առաւել՝ օտար եւ մանաւա՛նդ թրքական սպասարկութիւններու տեղական գործակալներ եւայլն եւայլն։

Զէնքերը նոյնն են.- Օ, չէ՞ք գիտեր, այսինչը այսքան միլիոնի տուն առեր է, ինչպէ՞ս չէք գիտեր, կ՚ըլլա՞յ մը եաու, ուալաու… Կամ՝ ի՞նչ գիտէք որ այս ղրկուած դրամները տեղ պիտի հասնին, մէկ մասը «իրենք» պիտի ուտեն («իրենք», այսինքն… «քըլլոն»), կարծէք թաղի «պախխալի» խանութ են մեր կազմակերպութիւնները…։ Կամ՝ աղբերու վայրի այդքան միլիոն տոլարը ո՞վ կերաւ որ… մոռնալով որ օրին այս ուղղութեամբ Պ. Համուտի քաղաքապետարանը փաստերով, տուեալներով երեւան հանած էր օտար լրագրողին պնդումներուն անհիմն ու բացայայտ սուտ բնոյթը։

Իսկ այս բոլորին կասկածով մօտեցողներուն ալ կը փորձեն խորհրդաւոր ժպիտներով համոզել ժողովրդային առածներով, «չէ՞ք գիտեր, առանց կրակի մուխ չըլլար…»։

Ալ ի՞նչ փաստ, ալ ի՞նչ տրամաբանութիւն։ «Փաստուեցաւ» գնաց…

Իսկ բամբասանքն ու զրպարտութիւնը ինչքան «հիւթեղ» ըլլան, այդքան դիւրամարս կը դառնան, չէ՞։

Զգաստացէ՛ք պարոնայք հեղինակներ։

Զգաստութեան կը հրաւիրենք նաեւ բոլոր այն անձերը, որոնք գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ մասնակից կը դառնան հայութիւնը թիրախ դարձուցած մութ ուժերու խաղերուն։ Ձեզի ո՛չ ոք թոյլ պիտի տայ խաղալու մեր ժողովուրդի զգայուն լարերուն հետ։ Ձեզի ո՛չ ոք կ՚արտօնէ շահագործելու մեր ժողովուրդին ցաւն ու վիշտը։ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդին թէ՛ տէրն է եւ թէ՛ ալ ծառան՝ միաժամանակ։

Մէկ բան լաւ գիտցէք.- Մեր ժողովուրդը, ուր որ ալ ըլլայ անիկա, անտէր ու որբ չէ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.