Լիբանանահայ Ցանցային Աշխարհը` 20 Նոյեմբերին Ընդառաջ

Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով անակնկալի բերաւ ո՛չ միայն լիբանանեան պետական-քաղաքական-հասարակական դաշտը, այլ նաեւ շրջանային թէ միջազգային մակարդակի վրայ տարատեսակ վերլուծումներու առաջնորդող մեկնաբանութիւններու դուռ բացաւ:

Յառաջիկայ օրերը աւելի լոյս կը սփռեն առնուած քայլին բուն դրդապատճառներուն վրայ եւ այդ առումով աճապարանքով բացարձակ հաստատումներու, ուղղակի վերագրումներու եւ ամրագրուող եզրայանգումներու պէտք չէ տեղի տալ:

Լիբանանեան մակարդակի վրայ կան նախադրեալներ` չխախտելու համալիբանանեան ընդհանուր համաձայնական մթնոլորտը, հանգուցալուծումներու յաջորդական փուլերու անցնող շղթայի գործողութիւնները եւ մանաւանդ սահմանադրական պարապութիւն չստեղծելու համար հսկայական ճիգերով ի գործ դրուած եւ հետզհետէ արդիւնաւորուող համակողմանի վարքագիծը:

Այս առումով ալ լիբանանեան բոլոր կողմերը պիտի շարունակեն թիրախային թուական նկատել մայիս 2018-ը` սահմանադրական նոյն ընթացակարգէն չշեղելու եւ օրէնսդիր ժողովին հետ կապուած երեսփոխանական ընտրութիւնները որոշուած ժամանակին կայացնելու համար:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ կապուած նախընտրական արշաւի նախաբանները կը հրապարակուին հետզհետէ: Այժմ իբրեւ լիբանանահայ համայնք մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, իբրեւ քաղաքական կեանքին կարեւոր բաղադրիչ ուժ եւ մանաւանդ այս պարագային իբրեւ աշխարհատարած կուսակցութիւն անմիջական նպատակ ունինք ընձեռուած առիթը լիարժէքօրէն օգտագործելու:

Խօսքը կը վերաբերի արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան բացառիկ իրաւունքին, որուն օրինականացումը Դաշնակցութեան առաջադրանքն էր եւ անոր կողմէ հետապնդուած առաջադրանք:

Լիբանան ունի մեծաթիւ սփիւռք: Այս օրէնքը Լիբանանի աշխարհասփիւռ քաղաքացիները իրենց հայրենիքի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մասնակից դարձնելու իրաւական քայլ է: Ծրագրումի եւ պատկանելիութեան ամրագրման խթան հանդիսացող միջոց, որ կրնայ շրջել ժամանակի, աշխարհագրական հեռաւորութեան եւ տարբեր հանգամանքներով իրերայաջորդ սերունդներու մօտ երեւոյթի վերածուած անհաղորդ մնալու իրավիճակը:

Մեզի համար սակայն այս բոլորով հանդերձ, հիմնական նշանակութիւն ունի աշխարհատարած լիբանանահայութեան մեծաթիւ մասնակցութեան ամրագրումը: Լիբանանահայ սփիւռքը այսօր շնչաւորած է յատկապէս այն համայնքները, ուր թթուածինի նման կը զգացուէր մարդուժի համալրման պահանջը:

Դասական սփիւռքի այն գաղթօճախները, որոնք վերաթարմացում ապրած են, նոր զսպանակումներով կազմակերպած են հայ կեանքի բոլոր բաղադրիչ հաստատութիւնները, հիմնականին մէջ կը պարտին լիբանանահայ սփիւռքին:

Այժմ անհրաժեշտ է, որ լիբանանահայ սփիւռքը վերստին իր հայեացքները սեւեռէ այդ միջնաբերդին, կեդրոնական գաղութին` վերաամրագրելու համար կենսասիւները, մարդուժի արտադրողականութեամբ յատկանշուող միջավայրը: Զարգացման ընթացքի շղթայի օղակները փոխկապակցուած են: Քաղաքական հզօր ներկայութիւն կ՛ենթադրէ իրաւունքներու պահպանման հզօր միջոց, քաղաքական գործօնի կենսունակութիւնը իր կարգին կ՛ապահովէ գործնական միջոցներ` հայեցի կազմակերպ կեանքի համար անհրաժեշտ բոլոր ստորոգելիները կայացնելու համար:

Միջնաբերդի սիւները վերաամրագրելու գործողութեան պիտի նպաստէ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանահայերու մեծաթիւ մասնակցութիւնը: Բայց ոչ միայն:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտալիբանանեան միջավայրերէ մասնակցութեան այս կարելիութիւնը լաւագոյն առիթն է մեր աշխարհատարած ներկայութիւնը եւ հաւաքական ուժը փաստելու:

Ցանցային աշխարհը այսօր կը գործէ նորարար կանոններով: Ամէն աշխատանք այսօրուան դրութեամբ կը գլէ ու կ՛անցնի բոլոր աշխարհագրական ու ժամանակի սահմանները եւ կը ստեղծէ հորիզոնական կապեր: Ցանցային իրավիճակը այսօրուան աշխատելաոճի ամէնէն արդիական հնչեղութիւնը ունի եւ տարբեր ոլորտներու համար կ՛օգտագործուի իբրեւ թէ՛ նորարար եւ թէ՛ արդիւնաւէտութիւն ապահովող եղանակ:

Ցանցային աշխատելաոճի ամէնէն պարարտ ենթահողը, բոլոր նախադրեալները ամբողջացնողը բոլորէն աւելի ունի հայկական աշխարհը: Այս պարագային` լիբանանահայ աշխարհը:

Լիբանանահայ ցանցային աշխարհը քաղաքական, ռազմավարական բոլոր պատճառները ունի լիարժէք աշխատելու: Աշխարհատարած ուժ եւ կազմակերպուածութիւն ցոյց տալու: Համախմբուածութեան եզակի օրինակ փաստելու: Կեդրոնական համայնքի կենսասիւները ամրագրելով սփիւռքին նոր կենսատու ուժ փոխանցելու եւ այդ ճամբով հայրենիքի հզօրացման նպաստելու:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.