Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը անդարմանելի վէրքեր ձգեց մեր ազգին եւ մանաւանդ Արցախի ժողովուրդին վրայ: Հողերու կորուստը, տեղահանումն ու 5000 հերոսներու նահատակութիւնը ցնցեցին ողջ սփիւռքը իր բոլոր երեսներով: Առօրեայ այդ սպասման փուլին պատանիէն մինչեւ ծերունի մարդը ապրեցաւ հոգեկան ելեւէջներ, որոնք անպայման բացին նոր պատուհաններ մտքի հորիզոններուն վրայ:

Ցնցումային տարբեր վիճակէ անցաւ հայ պատանին, այս պարագային` լիբանանահայ պատանին, որ իբրեւ կարեւոր մէկ մասնիկը այս գաղութին` իր առօրեայ հայեցի դաստիարակութիւնը կը ստանայ հայկական վարժարաններուն, ակումբներուն, տուներուն թէ եկեղեցիներուն մէջ: Լիբանանահայ պատանին նաեւ ֆիզիքապէս մասնակից դարձաւ նահատակներու սուգին` սգալով լիբանանահայ նահատակներու ընտանիքներուն կորուստը ու վառ պահելով Լիբանան ծնած այդ հերոսներուն գործերուն յիշատակը:

Հաւատալով հայ պատանիին ու երիտասարդին առաջնատար դերին` հայութեան ու հայրենիքի ծառայութեան մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբը  («Արցախ ֆոնտ») նոյեմբեր ամսուան ընթացքին նախաձեռնեց նամակարշաւի մը, որուն նպատակն էր լիբանանահայ աշակերտին եւ նահատակներու ընտանիքներուն միջեւ ստեղծել ոգեղէն կապ մը` բաժնեկցելով անոնց վիշտը, սակայն նաեւ փոխանցելով սրտի եւ զօրակցական խօսքեր` զաւակ, հայր, եղբայր կամ հարազատ կորսնցուցած արցախցի ընտանիքներուն:

Նամակարշաւին մասնակցեցան լիբանանահայ 14 վարժարաններու 6-12-րդ դասարաններու աւելի քան 1500 աշակերտներ` իրենց տարբեր սրտի խօսքերը, մաղթանքները, զօրակցական եւ քաջալերական խօսքերը արտայայտելով այս առիթով պատրաստուած յատուկ նամակաթուղթերու վրայ: Աշակերտները նաեւ արձանագրեցին իրենց ել-նամակի հասցէները եւ Դիմատետրի հաշիւները, որպէսզի կարելի ըլլայ կապ մը ստեղծել արցախցի պատանիներուն հետ: Նամակները շուտով պիտի ուղարկուին Արցախ եւ յանձնուին համապատասխան ընտանիքներուն:

Մասնակից վարժարաններն էին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան,  Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Մխիթարեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան (Այնճար) եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները:

Աշակերտներուն նամակները զգայաշունչ էին, երբեմն յուզիչ ու պոռթկացող, բայց մեծամասնութիւնը` քաջալերական ու յուսադրիչ: ՋԱՀ-ի ներկայ ու հետագայ թղթակցութիւններով, ինչպէս նաեւ մեր Դիմատետրի էջերով պիտի ներկայացնենք փունջ մը այդ նամակներէն, որոնց հայատրոփ գրիչը լաւագոյն արտայայտութիւնն է լիբանանահայ աշակերտներուն ու պատանիներուն յոյզերուն եւ երիտասարդ հոգիին:

Քաջ գիտակցելով, որ արցախցին ունի տարբեր բնոյթի բազմաթիւ կարիքներ, անհրաժեշտ կը նկատենք նաեւ հոգեկան եւ բարոյական զօրակցութիւնը եւ յոյսով ենք, որ այս նամակներուն միջոցով արցախցին կը զգայ, որ ինք առանձին չէ եւ ամէնէն կրտսեր հայէն մինչեւ երիցագոյնը իրեն նեցուկ կանգնած է, որովհետեւ հայրենի հողի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ ինկած իւրաքանչիւր նահատակի արիւնը մեր ազգին սրբազան մասունքն է եւ անոր պաշտպանութիւնը պարտաւորութիւն եւ յանձնառութիւն է:

Յաւե՛րժ փառք այդ ճամբուն վրայ հերոսացած մեր նահատակներուն եւ մխիթարութիւն` անոնց ընտանիքներուն:

ՋԱՀ

Նամակներ

Սիրելի՛ հերոսի ընտանիք,

Գիտեմ, որ ձեր ցաւը շատ մեծ եւ անբուժելի է, որովհետեւ ձեր կեանքին լոյսը, ձեր տան ճրագը մարեցաւ… Այո՛, ձեր սիրելի «առիւծը» նահատակուեցաւ, որպէսզի մեր տուներուն ճրագները վառ պահեն, որպէսզի Արցախի դաշտերուն վրայ անգամ մը եւս ծագի արշալոյսն ու անգամ մը եւս հնչէ հոռովելը: Ձեր տղան մեր պաշտպանն ու պարիսպն էր, որուն առջեւ մենք կը խոնարհինք երկիւղածութեամբ:

Բի՜ւր յարգանք` մեր բոլոր հերոսներուն

Ձեզի միշտ զօրավիգ

ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՄԱՆԵԱՆ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Փա՛ռք մեր հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին: Կը ցաւակցիմ ձեզի եւ կը հաւատամ, որ պիտի վերատիրանանք մեր հողերուն: Մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, շատ մտահոգ էինք եւ ամէն օր կը կապուէինք մեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ, որոնք կ՛ապրէին Հայաստան եւ շատ տխուր լուրեր կը ստանայինք անոնցմէ: Այնճարէն երիտասադներ մեկնեցան Արցախ եւ ռազմաճակատ երթալով` կռուեցան ու նահատակուեցան, ինչպէս` անմահ հերոս Գէորգ Հաճեանը:

ՔՐԻՍԹԵԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Այս նամակը գրողը սոսկ նամակագիր մը չէ, որ սովորաբար պիտի հարցնէ ձեր որպիսութիւնը, այլ ձեր հերոս զաւակին, հօր, եղբօր զոհողութեան բագինին առջեւ խոնարհող մը, անոր հոգիին լոյս ցանկացող, առ Աստուած աղօթող մը եւ մեր բողոքը համայն աշխարհին բարձրացուցած ձեր սիրելի եղբայրը, գրչի ու գրականութեան մարտիկը… Մենք հոգիով ու մտքով ձեզի հետ ենք, մի՛շտ պատրաստ` անմբողջական յաղթանակը բերելու Արցախի սրբազան հողերուն վրայ:

Անկեղծօրէն`
ՎԱՀԷ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Հերոսածի՛ն մայր, հերոս մըն ալ դուն ես, որովհետեւ առանց քեզի` ո՛չ հերոս կը ծնի, ո՛չ ալ հայրենիք կը կերտուի: Սահմանը պաշտպանող հայ զինուորին, թէ մարտերու մէջ պայքարող հայ մարտիկին դաստիարակութիւնը կը պարտինք քեզի, մեր բոլոր հայ մայրերուն, որոնք իրենց կաթին հետ հայրենասիրութիւն դիեցուցին իրենց զաւակներուն, որոնք իրենց «օրօր, իմ բալային» հետ ռազմի երգեր ալ երգեցին իրենց նորածիններուն: Քու բալիկդ այսօր` նոր, նորածին հերոս. Այսօր մի՛ երգեր, այլ աղօթէ՛, հերո՛ս մայր, իր հոգիին խաղաղութեան համար, աղօթէ՛ մեր հայրենի հողերուն ազատագրութեան համար, աղօթէ՛, որ նոր հերոսներ ծնին:

Ձեզի միշտ զօրավիգ`
ՄԱՐԻԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Սիրելի՛ առիւծածին մայրեր,

Մխիթարուեցէ՛ք, ո՜վ մայրեր, որովհետեւ ձեր որդիները բաց ճակատով նահատակուած են: Վստահ եմ, որ անոնք ձեզի համար միայն հերոսներ չեն, այլ` աւելին: Գրիչս ձեր անմահները չի կրնար նկարագրել, քանզի անոնք նահատակուեցան, եւ թուղթն ու գրիչը անոնց թափած արիւնը չեն վերադարձներ: Ո՜վ հերոսածին մայրեր, մի՛ նեղուիք, ձեր հոգեհարազատները այժմ երկինքի մէջ լուսաւոր աստղեր դարձած են: Անոնք իրենց կեանքը զոհելով` իրենց հոգիները իբրեւ մատաղ ընծայաբերեցին հողին, ընտանիքին եւ Աստուծոյ: Ձեզմէ ծնածները չեն նմանիր սովորական անհատներու, այլ անոնք մարտիրոսներ են, որոնք դէմ կանգնեցան արհաւիրքին` Տիրոջ փառքին եւ հայրենիքի ազատութեան համար:

Կ’աղօթեմ, որ Աստուած ձեր սիրտերը մխիթարէ ու ձեր զաւակները երկնային փառքին արժանացնէ:

Ո՜վ հայոց մայրեր, մխիթարուեցէ՛ք:

Դուք ծնած էք հերոսներ:

Ծնրադիր աղօթեցէ՛ք բարձրեալն Աստուծոյ, ձեր քաջազնունիները դարձած են սուրբեր:

Սիրով`
ՎԱՐԴԱՆ ԱՍԱՅԵԱՆ

Կեանքի մէջ շատեր կու գան ու կ՛անցնին աննշան, բայց հայ զինուորին հերոսութիւնն ու զոհողութիւնը անջնջելի կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ, իսկ անունը` անմահ: Հպա՛րտ եղէք, որ ձեր զաւակը մեզ` նոր սերունդս, դաստիարակեց ի՛ր օրինակով, ապագային հայրենիքի հերոս դառնալու բարձր գիտակցութեամբ:

Ձեզ միշտ յիշող`
ՆԱՆՈՐ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Բարեկամնե՛ր,

Շատ ժամանակ անցաւ 44 օր տեւած մղձաւանջէն: Ճիշդ է` վերջացաւ, բայց` ո՛չ ձեզի, ո՛չ ալ մեզի համար: Մեր ներսի ցաւը պիտի չանցնի, պիտի չմոռցուի: Մենք իրաւունք չունինք մոռնալու: 44 օր ես ալ ձեզի պէս ապրեցայ պատերազմը, կռուեցայ ու պարտուեցայ: Բոլոր զինուորները եղբայրներս են: Բոլորին համար ցաւ զգացի ու նեղուեցայ: 44 օրուան մէջ 5000 ընկեր յանձնեցինք հողին, 11000 մարտիկներ վիրաւորուեցան, ու արդէն չեմ գիտեր, թէ դեռ քանի՛ հոգի կորսուած են առանց հետքի: Անտանելի բան է: Բառեր չեմ կրնար գտնել` հանգստանալու: Միայն կրնամ ըսել, որ ձեր զաւակին արիւնը պարապի պիտի չերթայ. հողը արիւն կը քաշէ եւ չի մոռնար նահատակները: Կը զօրանայ անոնց միջոցով:

Նայեցէ՛ք պատմութեան. ձեր տղուն պէս առիւծներու շնորհիւ, այսօր մենք կանք: Լաւագոյն տղաքը կը հեռանան մեզմէ, բայց մենք զանոնք չենք մոռնար: Ես հայ եմ, որովհետեւ ձեր տղուն պէս քաջ հերոսի հետեւորդն եմ: Պիտի շարունակեմ իմ հայրենիքիս կրցածիս չափ ծառայել: Ոչ մէկ բան կրնայ մոռցնել եղածը, բայց պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մենք մեր հերոսներուն շնորհիւ միշտ ոտքի ելած ենք եւ իրենց օրինակով յառաջ գացած:

Ես կարելիս պիտի ընեմ ձեր զաւակին յիշատակը անմար պահելու համար:

Ձեզի կը մաղթեմ համբերութիւն եւ ուժ:

Փա՛ռք եւ պատիւ ձեր հերոս զաւակին:

Փառք եւ պատիւ մեր հերոս տղաներուն:

ՆԱՐԵԿ ԱԼԵՄԷԶԵԱՆ

Նահատակի ծնողք,

Կը գրեմ ձեզի Լիբանանէն: Նախ կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ ամբողջ Լիբանանի հայ գաղութը խորապէս վշտի մէջ է: Անհասկնալի պատերազմ մըն էր՜ հազարաւոր զոհեր, անհետ կորածներ, գաղթականներ եւ հայրենիքի կորուստ:

Հարազատ կորսնցնելը դիւրին չէ, կը հասկնամ ձեր անմխիթարելի ցաւը: Մենք կորսնցուցինք մեր ամենաթանկագինները. մեր հայրենիքը եւ մեր երիտասարդութիւնը: Ամչնալով է, որ կը գրեմ այս նամակը` գիտնալով, որ կրնայի գալ եւ հայրենիքս պաշտպանել պատերազմի ժամանակ: Բայց ինքզինքս համոզելով, որ սփիւռքի մէջ ալ կարելի է գործ տանիլ, մնացի:

Այս պատերազմը վերջնականապէս համոզեց զիս, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն: Ձեր տղան հաւատարիմ մնալով մահ կամ ազատութիւն կարգախօսին` նուիրեց ինքզինքը յանուն ազատութեան:

Ճիշդ է, որ ներկայ իշխանութիւնները հետաքրքրուած չեն մեր նահատակներով, բայց կ՛ուզեմ ըսել, որ Լիբանանի մէջ մեր բոլոր նահատակ հերոսները միշտ կը յիշուին եւ պիտի յիշուին անուն առ անուն` օրինակ դառնալով ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն:

Վիշտը մեծ է, բայց «սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ»: Ո՛չ մէկ ճիգ պիտի խնայենք լուծելու համար մեր վրէժը, հասնելու արդարութեան:

Կը ցաւակցիմ ձեզի, ձեզի հետ կը պոռթկամ նեղութենէս, կը տանջուիմ մեր կորուստներէն, վրէժխնդիր կը դառնամ ձեզի հետ, կը զինուիմ ձեզի հետ` հասնելու համար մեր նպատակին. իսկ մեր տղոց կ՛ըսեմ, մեզ չներէ՛ք, երբե՛ք չներէք…

Համբերութիւն կը մաղթեմ ձեզի:

ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Թուղթ առ Արցախի ծնողացն,

Սիրելի՛ ու թանկագին Արցախի նահատակներու մայրեր,

Նախքան զամենայն, փառք ու գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ ձեզի նման ծնողներ ստեղծած է: Դուք մեր հայ ազգի պարծանքն ու մտատիպարն էք, որովհետեւ եթէ դուք տիւ ու գիշեր ձեր զաւակներուն ազգային ջիղն ու հայրենիքը պաշտպանելու առաքինութիւնները շնորհած չըլլայիք, մենք վաղուց կորսուած ու փոշիի տակ մնացած ազգ մը պիտի ըլլայինք:

Եթէ սփիւռքը Արցախի սիրտն է, ապա ձեր անձնուրաց մանկունքը անոր արեան երակներն են: Եւ ինչպէս որ Արցախը առանց սրտի չի կրնար գոյատեւել, այնպէս ալ ան չի՛ կրնար ապրիլ առանց իր արեան երակներուն:

Արցախը վերջին երեսուն տարիներուն ապրեցաւ շնորհիւ ձեր ձեռքով ու քրտինքով ցանուած պտուղներուն` ձեր զաւակներուն, որոնց անուշահոտութիւնն տակաւին կը բուրէ ողջ հայ իրականութենէն ներս:

Մենք` սփիւռքահայերս, մաս կը կազմենք ա՛յն ծառին, որուն հաստ ու տոկուն արմատները ձեր զաւակներն են: Անոնք են, որ կեանք եւ կենդանութիւն կը պարգեւեն մեզի, եւ եթէ պատահի, որ անոնք ջուր չստանան, այսինքն մենք մոռնանք զանոնք, անոնք կը դադրին մեզի կենդանութիւն պարգեւելէ:

Ճիշդ է, որ անոնք ֆիզիքապէս ներկայ չեն, սակայն մենք կրնանք զանոնք ապրեցնել մեր մէջ` իրենց հայրենիքը պաշտպանելու կտակը պահելով:

Ես անձնապէս կ՛ուզեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը տեսնել եւ ձեր ձեռքերը համբուրել, քանզի ձեր ձեռքերը օրհնուած են, որովհետեւ ձեր զաւակներուն թափած արիւնով է, որ ամէն օր մեր հայրենի հողը կ՛ոռոգուի եւ պտղաբեր կը դառնայ:

ՇԱՆԹ. ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.