Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն թիւ 1

Սիրելի հայրենակիցներ,

Լիբանանի հայութիւնը համավարակի եւ երկրի տնտեսական ծանր դրութեան պատճառով այսօր կը գտնուի ճգնաժամի մէջ։ Գաղութի հայկական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները ահազանգային վիճակի մէջ են ու լիբանանահայ կեանքը ընդհանրապէս՝ կ’անցնի ծանրագոյն փուլէ մը։

Շաբաթ մը առաջ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով դիմեց Գանատահայութեան ու յայտարարեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնի կազմութիւնը։  Մենք այդ պահէն իսկ անցած ենք գործի: Մեր առաքելութիւնը դարձուցած ենք՝ սատար հանդիսանալ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, առանց րոպէ մը կորսնցնելու։

Այսօր, Մայիս 28ին, խորհրդանշականօրէն  կը կատարուի մեր հանգանակային արշաւի մեկնարկը։ Անկախութեան տօնին նուիրուած տարբեր շրջաններու առցանց ձեռնարկներուն ընդմէջէն՝ պիտի լսէք մեր կոչերը: Գանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է  հոն՝ ուրկէ եկած է տագնապի ձայնը, հայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ Սփիւռքի որեւէ գաղութէ։ Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս, նո’յն ոգիով՝  զօրավիգ պիտի կանգնինք լիբանանահայութեան։

Ապագային՝ հանդէս կու գանք այլ հաղորդագրութիւններով՝  մեր գաղութը տեղեակ պահելու համար մեր առնելիք յաջորդ քայլերուն ու ծրագիրներուն մասին:  Այս հաղորդագրութեամբ, կը հրապարակենք նաեւ նուիրահաւաքի մեր յատուկ առցանց հասցէն, ուր կրնաք կատարել ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները ու անմիջապէս ստանաք տուրքէ զերծ ստացագրեր։

https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48

Հասնի’նք լիբանանահայութեան:

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին

Սիրելի հայրենակիցներ,Լիբանանի հայութիւնը համավարակի եւ երկրի տնտեսական ծանր դրութեան պատճառով այսօր կը գտնուի ճգնաժամի մէջ։ Գաղութի հայկական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները ահազանգային վիճակի մէջ են ու լիբանանահայ կեանքը ընդհանրապէս՝ կ’անցնի ծանրագոյն փուլէ մը։Շաբաթ մը առաջ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով դիմեց Գանատահայութեան ու յայտարարեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնի կազմութիւնը։ Մենք այդ պահէն իսկ անցած ենք գործի: Մեր առաքելութիւնը դարձուցած ենք՝ սատար հանդիսանալ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, առանց րոպէ մը կորսնցնելու։Այսօր, Մայիս 28ին, խորհրդանշականօրէն կը կատարուի մեր հանգանակային արշաւի մեկնարկը։ Անկախութեան տօնին նուիրուած տարբեր շրջաններու առցանց ձեռնարկներուն ընդմէջէն՝ պիտի լսէք մեր կոչերը: Գանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է հոն՝ ուրկէ եկած է տագնապի ձայնը, հայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ Սփիւռքի որեւէ գաղութէ։ Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս, նո’յն ոգիով՝ զօրավիգ պիտի կանգնինք լիբանանահայութեան։Ապագային՝ հանդէս կու գանք այլ հաղորդագրութիւններով՝ մեր գաղութը տեղեակ պահելու համար մեր առնելիք յաջորդ քայլերուն ու ծրագիրներուն մասին: Այս հաղորդագրութեամբ, կը հրապարակենք նաեւ նուիրահաւաքի մեր յատուկ առցանց հասցէն, ուր կրնաք կատարել ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները ու անմիջապէս ստանաք տուրքէ զերծ ստացագրեր։https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48Հասնի’նք լիբանանահայութեան:Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին

Posted by Horizon Weekly on Thursday, May 28, 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.