Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Սկսաւ Յանձնել Վնասուած Բնակարաններու Հատուցումները

Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերին Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ ընթացք առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու փոխանցման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը:

Յայտնենք, որ բոլոր ընտանիքները պիտի ստանան հատուցում: Ծրագիրի գործադրութեան առաջին օրը 210 ընտանիքներ, նախօրօք իրենց տրուած ժամադրութեամբ, ներկայացան եւ ստացան իրենց համար ճշդուած գումարը:

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը մինչեւ ուրբաթ պիտի աւարտէ ներկայացած 1485 դիմողներու հատուցման տուչութեան աշխատանքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.