«Լեռնային Ղարաբաղ. Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն Մը» Խորագիրով Ցուցահանդէս` Վարշաւայի Մէջ

Արցախի մշակութային եւ յատկապէս կրօնական ժառանգութեան պատկանելիութիւնը կեղծող, զայն աղուանական համայնքին վերագրող ազրպէյճանցիներու՝ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ կազմակերպած աղմկայարոյց ցուցահանդէսէն քանի մը ամիս ետք, այս անգամ նոյն քաղաքին մէջ, նախաձեռնութեամբ Oeuvre d’Orient-ի, 4 Հոկտեմբերին կատարուեցաւ բացումը պատմական իրականութիւնը ցոլացնող ցուցահանդէսի մը: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՍՊԱՐԷԶ»-ը։

Ստորեւ՝ այս նիւթին նուիրուած Oeuvre d’Orient-ի Facebook-ի էջին վրայ հրապարակած տեղեկատուութիւնը.

««Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ 4-18 Հոկտեմբեր, Վարշաւայի Skwer Ks. Jan Twardowski հրապարակին վրայ։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Œuvre d’Orient-ի կողմէ՝ Fundacja Kultury i Dziedzictwa Ormian Polskich-ի (Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկ) հետ գործակցաբար:

«Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ 4 Հոկտեմբերի կէսօրին, Վարշաւայի արքեպիսկոպոս, Լեհաստանի մէջ արեւելքցիներու տեսուչ, կարդինալ Կազեմիերզ Նիչի եւ Վարշաւայի եպիսկոպոսի տեղակալ Միխալ արք. Եանոչայի ներկայութեամբ, որուն յաջորդեց հանդիպում մը Պատմութեան հետ հանդիպումներու տան մէջ»։

Comments are closed.