Լարուած իրավիճակ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի երիտասարդներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ. Ոստիկանութիւնը բռնի ուժ կիրառած է ՀՅԴ ՀԵՄ-ի երիտասարդներուն դէմ

Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզի նախարարութեան (ԿԳՄՍՆ) դիմաց խաղաղ անհնազանդութեան ցոյց կատարող ՀՅԴ ՀԵՄ-ի երիտասարդներուն հանդէպ Ոստիկանութիւնը բռնի ուժ կիրառած է, կը յայտնէ Yerkir.am-ը։

Ոստիկանութեան Կեդրոնի բաժին բերման ենթարկուած են քանի մը ցուցարարներ, որոնցմէ երեքին անունները յայտնի են. Գերասիմ Վարդանեան, Արգիշտի Գէորգեան եւ Դաւիթ Յունանեան։

«Ոստիկանութիւնը ոչ թէ ծառայում է ժողովրդին, այլ օրուայ իշխանութեանը․ ոչինչ չի փոխուել՝ նոյն անյարգալից վերաբերմունքը, նոյն խեղդելը, նոյն միջոցները, որ կիրառում էին քաղաքացու հանդէպ նախկինում, հիմա էլ են կիրառում։ Նոր Հայաստանում ոստիկանը ցուցարարին ասում է «կը թքեմ վրադ»», վրդոված են ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ցուցարարները։

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան կոչ ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեանին՝ հրաժարական տալու հետեւալ բնագիրով. «Ես տապալել եմ քաղաքականութիւնը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, սպորտի ոլորտներում, իմ գործողութիւններով չեմ նպաստել պետականամէտ եւ զարգացած քաղաքացու կերտմանը, ուստի խնդրում եմ ինձ ազատել նախարարի պաշտօնից»։ Հրաժարական ներկայացնելէ ետք նախարարը պէտք է հրապարակէ այս բնագիրը:

Ցուցարարները յայտարարեցին, որ աշխարհի բոլոր կողմերը, ուր այսուհետեւ կը գտնուի Արայիկ Յարութիւնեանը իր, արդէն իսկ անօրէն պաշտօնական այցերով, ՀՅԴ ՀԵՄ-ականները զինք կը սպասեն հրաժարականի վանկարկումներով։

15 օրուան նստացոյցէն ետք անոնք միայն պիտակաւորումներ լսած են եւ ոչ մէկ կառուցողական քննարկում։

Կը շարունակէ՞ք հանդիպում պահանջել ԿԳՄՍ նախարարին հետ հարցումին, հնչած է հետեւեալ պատասխանը․ «Ո՛չ, հրաժարական։ Կարող ենք հանդիպել եւ քննարկել Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի տեքստը»։

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 3-ին, կէսօրուան ժամը 3:00-ին երիտասարդները հաւաքուած էին ԿԳՄՍ նախարարութեան դիմաց, կ“ակնկալէին նախարարին հետ հանդիպում, սակայն նախարութենէն յայտնեցին, որ հանդիպման համար կայ յատուկ ընթացակարգ, որմէ ետք երիտասարդները ճեղքելով ոստիկանական պատը, հաւաքուեցան դրան դիմաց, իսկ ոստիկանութիւնը բիրտ միջոցներ կիրառելով հեռացուց ցուցարարները եւ քաշքշելով ու հարուածելով ոմանց նստեցուց ոստիականական մեքենան՝ Ոստիկանութեան կեդրոնի բաժանմունք տեղափոխելու համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.