Ի շահ որու՞ն կը գործեն ազգային համաձայնութեան եզրերը

Երկար ժամանակէ ի վեր, հայ քաղաքական բեմը դրուած է մղձաւանջային երկուութեան մը առջև։ Ինչպէ՞ս վարուիլ երկրի տնտեսութեան լծակները իւրացուցած և քաղաքացիներու մեծ զանգուած մը իր տարրական կենսամիջոցներէն զրկած շահագործումի ուժերուն հետ, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ սուր և անմիջական արտաքին սպառնալիքներ։ Ինչպէ՞ս պայքարիլ մենաշնորհային համակարգի տէրերուն դէմ, երբ թշնամին կանգած է երկրի սահմաններուն վրայ իր առաջնահերթութիւնը պարտադրելով մեր ազգային օրակարգին։ Եւ ինչպէ՞ս ընտրել այս երկու սպառնալիքներուն միջև քաջ գիտնալով, որ երկուքն ալ սուր են և դաժան և որ վերջին քսանհինգ տարիներու ընթացքին մենաշնորհային համակարգը իր ենթակայութեան տակ առած է ՀՀ պետական մեքենան և իր քաղաքական վարքագիծը պարտադրած՝ երկրի քաղաքացիական դաշտի իրականութեան։

Թերևս ըսուի, որ այս հարցումները դնելն իսկ ըստ էութեան անընդունելի է, երբ նժարի վրայ է երկրի անվտանգութեան խնդիրը։ Հայը միշտ նոյն հայն է իր կորովի հայրենասիրութեամբ և իր յանձնառութիւնը հայրենիքին հանդէպ ենթակայ չէ սակարկութեան։ Ամէն ՀՀ քաղաքացի և ամէն հայ աշխարհով մէկ պիտի հաւաքագրուի հայրենիքի պաշտպանութեան համար և վե՛րջ։ Արտաքին վտանգը կը մերժէ ամէն երկընտրանք և մեր ազգային համաձայնութեան (national consensus) եզրերը յստակ են վաղուց։ Եւ անոնք պայմանաւորուած չեն գձուձ մարդոց հաշիւներով, որոնք կը փորձեն աղաւաղել էութիւնը մեր ազգային պայքարին։

Ճիշտ են այս բոլորը։ Եւ սակայն խիստ կարևոր է, որ մենք ճիշտ հասկնանք, թէ իրական հողի վրայ ինչպէ՞ս կը գոյանան եզրերը այդ ազգային ուխտին և ի՞նչ անգիր հասկացողութիւններ կը ղեկավարեն զանոնք։ Որո՞նք են իսկական կողմերը այդ համաձայնութեան։ Ո՞վ և ի՞նչ պարտական է որու՞ն, որպէսզի ազգային համաձայնութիւնը ըլլայ ամուր և տևական և անխախտելի և իրական և ճի՛շտ գործէ։ ՀՀ Ազգային Ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան շուտով կիրարկման դաշտ բերելով երկրի նոր սահմանադրութիւնը, ինքնաբերաբար պիտի շղթայազերծեն գործընթաց մը, որուն ապագան դժուար է գուշակել այսօր։ Կ՚ուզեմ միայն յիշեցնել, որ սահմանադրութեան տողերուն մէջ գրուածը հազիւ թէ կը պարփակէ էութիւնը մեր ազգային համաձայնութեան։ Յենուելով սահմանադրութեան տառին և արհամարհելով անոր ոգին – որ ոչ այլ ինչ է քան էական խէժը մեր ազգային համաձայնութեան – կարելի չէ հասնիլ համակարգային փոփոխութեան։ Ոչ ոք իրաւունք ունի սահմանադրութիւնը խաբկանքի և խաբէութեան վերածելու։ Կարևոր է, որ մենք ազգովին և այժմէն իսկ սկսինք կարդալ սահմանադրութեան չգրուած տողերը…կարևոր է, որ սկսինք գրե՛լ զանոնք կեանքի անկեղծ ձեռագրով որպէսզի կարողանանք կանխել վաղուան թիւրիմացութիւնները և ճամբայ հարթենք դէպի վաղուան մարտահրաւէրները։

Իրերու ներկայ դրութեամբ, ՀՀ քաղաքական բեմի ընդդիմադիր և արդարախոհ ուժերը — և առաջին հերթին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր ուրոյն ազգային ռազմավարութեամբ — կը գտնուին Սողոմոնի յայտնի առակի «հարազատ մօր» դիրքին մէջ։ Ամէն մարդ կը գիտակցի, որ երկրի ազգային միասնականութիւնը իրագործուած է արտաքին սպառնալիքներու պահանջին տակ և ան իրագործուած է աղաղակող անհաւասարութեամբ մը։ Պատի՛ւ մեր ժողովուրդին, որ ան կրցած է առանց այլևայլի դարբնել այդ առաջնահերթութիւնը։ Բայց կա՛յ այդ ճնշիչ անհաւասարութիւնը և իրական է ան։ Զայն կարելի չէ անտեսել։ Անոր փայլուն օրինակն էր 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմը։ Մինչ ազգին զաւակները հերոսաբար կը պաշտպանէին մեր հայրենի հողը թշնամիին դէմ, երկրի ներքին ընկերային ճակատին վրայ բացարձակապէս ոչինչ կը փոխուէր հակառակ Նախ. Սարգսեանի մանրակրկիտ հաւաստիքներուն (Փետրուարի 12-ի և Օգոստոսի 1-ի իր յայտարարութիւններով) և հակառակ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի Մայիսի 12-ի հռետորաբանութեան։ Ոչ իսկ դոյզն մէկ ապացո՛յց՝ որ պետութիւնը արդէն պատրաստ է առնելու վճռական քայլեր երկրէն ներս մենաշնորհները կազմաքանդելու և չարաշահութեան (կոռուպցիա, corruption) ցանցերը լուծարելու։

Ճիշտ է. Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի օրով զգալիօրէն փոխուած է լեզուն («Փոխուելու ենք բոլորս…») և իշխանութիւնը կը թուի ուղեգծային նոր և աւելի գիտակ ուղղութիւններ որդեգրած ըլլալ, բայց այդ բոլորը առայժմ կը մնան նախնական խոստումներու ոլորտին մէջ և յամենայն դէպս մենաշնորհային համակարգը ցարդ դժգոհելու որևէ պատճառ չունի Պր. Վարչապետի քաղաքականութենէն։ Լայն չափերով, կեանքը մնացած է անփոփոխ և համակարգային փոփոխութիւններու մարզին մէջ տօնելու ոչինչ ունինք առայժմ։

Երկրին մէջ կը գործէ Հանրապետութեան առաջին օրերէն ի վեր հաստատուած դասակարգային բիրտ վարդապետութիւն մը, որ միայն կ՚առաջնորդէ ընկերային սուր բևեռացումներու տևաբար պատժելով աշխատաւորութիւնը և խափանելով միջին դասակարգի զարգացման գործընթացը։ Դեռ ունինք հարստութեան անհամաչափ կուտակում բուռ մը շահատէրերու ձեռքերուն մէջ և
ոչ-մրցակցային տնտեսական յարաբերութիւններով պայմանաւորուած։ Դեռ ունինք դրամագլուխի շարունակական փախուստ և բնակչութեան հետևողական աղքատացում։ Դեռ ունինք երիտասարդ և կարող աշխատուժի և մտուժի զանգուածային արտագաղթ։ Հանրապետութեան դրամագլուխն ու աշխատուժը կ՚երթան ձուլուիլ համաշխարհային տնտեսութեան ծաւալներուն փոխանակ երկրէն ներս արտադրողականութեան վերածուելու և Հայաստանը ինքնիր ուժականութիւններով կապելու աշխարհի տնտեսութեան։ Անընդունելի է, որ միջին դասակարգի կազմաւորման համար անհրաժեշտ մարդուժը ստիպուի իր կայացման խարիսխը որոնել երկրէն դուրս։

Այս պայմաններուն մէջ, երկրի ազգային համաձայնութեան եզրերը շատ հեռու են ամուր և վստահելի ըլլալէ։ Անոնք աւելի շատ և աւելի շուտ կազմուած են ճգնաժամի տուեալներով փոխանակ երկրի կառուցման հրամայականներով ձևաւորուելու։ Երկրի տնտեսութեան ակերուն տիրող մենաշնորհային դասակարգը իր մտայնութեամբ, իր կենցաղով և իր քաղաքականութեամբ տևաբար կը բարոյալքէ երկրի քաղաքացիական դաշտը։ Ինչպէ՞ս կրնայ բարոյալքուած քաղաքացին ազգային համաձայնութեան հիմ ծառայել։ Մեծ անկայունութեան մը զոհն է երկիրը, եթէ իր պարտադիր զինուորական ծառայութեան համար կենսական և բաժնետէր հանդիսացող երիտասարդութիւնը մեծ թիւերով կը մեկնի երկրէն։ Կամ այն երիտասարդութիւնը, որ կը զօրացրուի, չի կրնար մնալ երկրին մէջ, քանի որ տնտեսութիւնը մեծ դժուարութիւն ունի իր արտադրողական հնոցէն ներս պատշաճ աշխատանքով զինք ընդգրկելու։ Ասիկա փաստն իսկ է այն իրողութեան, որ Հանրապետութեան առաջին օրերուն գոյաւորուած ազգային համաձայնութիւնը հետզհետէ կը ձախողի իր սկզբնական առաջադրութիւններուն մէջ։

Իմ խօսքս չի վերաբերիր հասարակութեան այն շերտին, որ մեծ հաւատքով փարած է հայրենիքի մշտնջենական պատգամին և յամառօրէն կը ջանայ ապահովել երկրի ապագան։ Իմ խօսքս կը վերաբերի երկրի ժողովրդագրական տագնապին, որ ծնած է տնտեսութեան փակ և անշնչելի իրականութենէն և մենաշնորհի տէրերու սանձարձակ շահագործումներէն։

Ես համոզուած եմ, որ անյոյս թուող և քառորդ դարու անցեալով արմատաւորուած այս կացութիւնը այնուամենայնիւ յաղթահարելի է։ Տաղանդի և ձեռներէցութեան երկիր հանդիսացող Հայաստանը պիտի անպայման դուրս գայ այս թակարդէն։ Կարդա՛լ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընտրական պլատֆորմը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ յեղափոխական կուսակցութեան պայմանագիրը մեր ժողովուրդին հետ։

Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու նախօրեակին, միանգամընդմիշտ պէտք է յստակ ըլլայ մենաշնորհային համակարգը ներկայացնող կուսակցութեանց և դաշինքներուն, որ ազգային համաձայնութեան նորմերը մեծ պահանջներ պիտի դնեն իրենց վրայ։ Մինչև ե՞րբ մենաշնորհի տէրերը կրնան դղեակներ կառուցել Մոնումենտի բարձունքներուն վրայ և ակնկալել, որ երկրի քաղաքացին խոնարհաբար ընդունի կենսամակարդակի իր շարունակական նահանջը ամէն օր աւելի կքելով պարտքերու տակ և դիմելով դէպի աղքատութեան խորխորատը։ Մինչև ե՞րբ քաղաքացին կրնայ հանդուրժել գլխիվայր դարձած այս «ազգային» համաձայնութիւնը և թոյլ տալ, որ ան գործէ ի շահ շահագործողներուն։ Իր երկրի սահմաններուն տէր կանգնող ժողովուրդը տէր պիտի կանգնի նաև իր իրաւունքներուն և վճռականօրէն վերջ տայ իր կեանքը անդամալուծող այս անհեթեթ երկուութեան։ Մեր ժողովուրդը կարող է միաժամանակ և նոյն վճռականութեամբ դիմագրաւելու դուրսի և ներսի մարտահրաւէրները։ Մենաշնորհի տէրերը թող իրենց գրաւը չդնեն Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն վրայ։ Հարազատ մայրը չի կրնար լքել իր որդին և պիտի չլքէ զայն։ Պիտի չլքէ, ինչ ալ, որ ըլլան Ապրիլ 2-ի ընտրութեանց արդիւնքները։ Այս պայքարը նոր է, որ կ՚ըսկսի։

Կարօ Արմենեան
Մարտ 25, 2017
Ուաշինկթըն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.