Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Այցը Մուսուլի Հայկական Եկեղեցիներ
Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, օրերս հովուական այցով կը գտնուէր Իրաքի Քիւրտիստանի շրջան, Էրպիլի մէջ հայկական նոր կառուցուող եկեղեցւոյ հիմնարկէքի առիթով, այցելութեան ծիրէն ներս փետրուար 5-ին, այցելած է Մուսուլի հայկական եկեղեցիները, տեղւոյն վրայ ծանօթանալու աւերուած եկեղեցիներու վիճակին: Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը յայտնէ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Տէր Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեան:
Առաջնորդ Սրբազան հօր կ’ուղեկցէին Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Գատոյեան, ինչպէս նաեւ Մուսուլի հարթավայրերու համայնքի ատենապետ Շանթ Մոււրատեան, Աշթար հեուստաընկերութեան տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեան եւ Մուսուլի թաղական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Կիւլիւզեան:
Աւագ Սրբազանը Մուսուլ գտնուելու ժամանակ հանդիպած է Մուսուլի Սիրիան եկեղեցւոյ Առաջնորդ Պետրոս Մուշիին, որուն ընթացքին խօսած են Մուսուլի ներկայ եւ ապագայ վիճակի մասին: