Իրանի Հարկադրական Արտաքին Քաղաքականութիւնը` Հարաւային Կովկասի Մէջ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Այս խօսքը արտասանեցի «Հայաստան-Իրան պատմական անցեալը եւ ներկան» միջազգային խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 9-10 փետրուար 2021-ին: Անիկա նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին եւ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանութեան մշակութային կեդրոնին եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին եւ Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ:

Ներածութիւն

Բազմաթիւ իրանցի փորձագէտներ եւ գիտնականներ կը կարծեն, որ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը կը նուազի: Այս տեսակէտը արդարացուած է Աֆղանիստանէն, Իրաքէն եւ Միջին Արեւելքէն ամերիկեան ռազմական նահանջով: Սակայն Միացեալ Նահանգներու ռազմական նահանջը չի նշանակեր, որ անոր քաղաքական ազդեցութիւնը պիտի նուազի, որովհետեւ անոր քաղաքականութիւնը պիտի վարեն իր դաշնակիցները:

Հետեւաբար Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջոցով պիտի փորձեն ապահովել իրենց քաղաքական շահերը եւ զսպել Ռուսիան, Իրանն ու Չինաստանը:

Իրանցիները, յատկապէս պահպանողականները, շրջանային աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական զարգացումները կը դիտեն հակաիսրայէլեան եւ հակաամերիկեան պրիսմակով: Ահա այս է պատճառը, որ  Իրանը ուղղակիօրէն միջամտեց Սուրիոյ եւ Իրաքի քաղաքական տագնապներուն, որովհետեւ «սիւննի իսլամական ժիհատականութիւն»-ը կը դիտարկէ իբրեւ «ամերիկեան-սիոնական դաւադրութիւն»` շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխելու եւ Իրանը ապակայունացնելու համար:

Թեհրանը Հարաւային Կովկասը կը դիտէ նոյն պրիսմակով: Թէեւ Թեհրանը դիւանագիտօրէն եւ ռազմական առումով այնքան աշխուժ չէր իր քաղաքականութեամբ, ինչպէս` Միջին Արեւելքին մէջ, հետեւաբար այս ուսումնասիրութեամբ`

– Պիտի ընդգծեմ Իրանի սահմանափակումներն ու «կարմիր գծերը» շրջանին մէջ,

– Պիտի պատասխանեմ այն հարցադրումին, թէ ինչո՞ւ Իրանը կրաւորական դիւանագիտութենէն անցաւ «պարտադրողական» դիւանագիտութեան,

– Վերջապէս, առաջարկներ պիտի ներկայացնեմ հայ-իրանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ:

Իրանի քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ուղղութեամբ

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Իրանը համբերատար եւ զգուշութեամբ կը հետեւէր Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն: Թեհրանի գլխաւոր ռազմավարական նպատակն էր կանխել ամերիկեան-իսրայէլեան ներթափանցումը շրջան եւ Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական ազդեցութեան տարածումը շրջանին` մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ, կը դիտարկէր իբրեւ արգելակող գօտիի (buffer) ստեղծում` ընդդէմ արեւմտեան եւ նոյնիսկ թրքական ծաւալապաշտական գործողութիւններուն:

Սակայն 2018 թուականէն ետք իրանցիները Հայաստանի զարգացումները դիտարկեցին «Արեւմուտքի կողմէ ֆինանսաւորուող գունաւոր յեղափոխութիւններուն» պրիսմակէն: Մինչդեռ Թուրքիան սկսաւ վարել անկախ արտաքին քաղաքականութիւն եւ հասաւ այն կարգավիճակին, որ Ռուսիոյ հետ սկսաւ կիսել ազդեցութիւնը շրջանին մէջ:

Սակայն արցախեան Բ. պատերազմէն ետք շրջանային զարգացումները ցոյց տուին, որ Անգարան շրջանին մէջ կը մղէ հարկադրողական համաթուրանական արտաքին քաղաքականութիւն: 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութենէն եւ 15 յունիս 2021-ի «Շուշիի հռչակագիր»-էն ետք պարզ դարձաւ, որ Թուրքիոյ քաղաքական ազդեցութիւնը հզօրացաւ Հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ Իրանը աւելի  լուսանցքայնացաւ:

Իրանցի քաղաքական վերլուծաբան սէյիտ Մոհամետ Մարանտիի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ան պնդեց, որ Իրանի դիրքորոշումը ղարաբաղեան տագնապին շուրջ հիմնուած է միջազգային իրաւունքի պահպանման վրայ, հետեւաբար «գրաւեալ տարածքները, որոնք օրէնքով ազրպէյճանական էին, պէտք էր վերադառնային Ազրպէյճանին, եւ այն տարածքները, որոնք կը պատկանին Հայաստանին, պէտք է մաս կազմեն Հայաստանին»: Այսպիսով, պատերազմի ժամանակ «Իրանը աջակցեցաւ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան, իսկ այսօր Իրանը կ՛աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ թոյլ չի տար, որ թրքական կամ շրջանային այլ ուժեր թուլացնեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը», հարցազրոյցին մէջ նշեց  դոկտոր Մարանտի:

Այստեղ կարեւոր է նշել, որ բազմաթիւ իրանցի քաղաքական վերլուծաբաններ քննադատեցին Հայաստանի «անզիջող դիրքորոշումը» Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախապատերազմեան յայտարարութիւնները եւ բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխութիւնը դիտարկեցին իբրեւ պատերազմ հրահրելու ու անոր համար ճանապարհ հարթելու եւ շրջանին մէջ արտաքին (հիմնականին մէջ` թրքական եւ արեւմտեան) միջամտութիւն հրաւիրելու միջոց:

Իրանի սահմանափակումներն ու «կարմիր գիծերը» Հարաւային Կովկասի մէջ

Որո՞նք են Իրանի համար սահմանափակումներն ու կարմիր գիծերը:

Թեհրանի սահմանափակումները կապուած են շրջանի աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական նախագիծներուն հետ:

1.- Հիմնական գործօնը այն է, որ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Իրանը Թուրքիոյ կարիքը ունի` իբրեւ տարանցիկ երկրի: Երբ Իրանը կը ճզմուէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմի «առաւելագոյն ճնշում» պատժամիջոցներու արշաւէն, Թեհրանը դժուար թէ իրեն թոյլ տար, որ բախումի մէջ մտնէր Թուրքիոյ հետ: Այստեղ նաեւ պէտք է աւելցնել, որ Իրանը եւ Թուրքիան միասնական պայքար կը տանին քրտական անջատողականութեան դէմ:

2.- Իսրայէլի ու Ազրպէյճանի ռազմական եւ հետախուզական համագործակցութիւնը: Մինչեւ օրս Իրան չկրցաւ հակակշռել այս համագործակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորաբար Հայաստանի անտարբերութեան հետեւանքով:

Այստեղ կարեւոր է հարց տալ, թէ որո՞նք են Իրանի համար կարմիր գիծերը շրջանին մէջ:

Առաջինը. իսրայէլեան գործօնը, ուր Իրան մտահոգութիւն ունի, որ Իսրայէլ Ազրպէյճանի միջոցով ահաբեկիչներ ուղարկէ հիւսիսային Իրան եւ անկարգութիւններ կազմակերպէ` ազերի բնակչութեան մօտ անջատողական շարժումներ հրահրելով:

Երկրորդը. Իրան մտավախութիւն ունէր, որ որեւէ պատերազմ պիտի հզօրացնէ Թուրքիոյ քաղաքական եւ ռազմական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ, բան մը, որ պատահեցաւ արցախեան Բ. պատերազմի աւարտով:

Այստեղ պէտք է նշել, որ Իրան նաեւ իր կրաւորական քաղաքականութեան հետեւանքով պարտուած դուրս եկաւ այս պատերազմէն, որովհետեւ 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան պատճառով Իրան պիտի կորսնցնէր իր տարանցիկ դերը եւ իր քաղաքական ու ուժանիւթային ազդեցութիւնը Նախիջեւանի վրայ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին պատճառով:

Հետեւաբար, երբ Թուրքիան ներթափանցեց շրջան, իսկ Իսրայէլը այս պատերազմին միջոցով կրցաւ  քաղաքականապէս մեկուսացնել Իրանը, Թեհրանը մտահոգ է նաեւ շրջանին մէջ տնտեսապէս մեկուսացուած ըլլալու հեռանկարով, եւ այդ պատճառով Թեհրանի համար որեւէ միջանցք հարաւային Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն կը վտանգէ հայ-իրանական սահմանը, այլ նաեւ Իրանի այլընտրանքային ճանապարհը` դէպի Ռուսիա եւ Եւրոպա: (Այստեղ պէտք է նշել, որ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանին հետ առանձին մօտ 3 ժամնոց հանդիպման ժամանակ ան վստահեցուց, որ Մեղրիի միջոցով «միջանցք» (ճանապարհ) պիտի չկառուցուի:

Հայ-իրանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած առաջարկներ.

(Այս առաջարկները նաեւ ներկայացուցի եւ քննարկեցի Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանին հետ):

1.- Սիւնիքի մէջ Իրանի հիւպատոսարանի բացման առաջարկը շատ լաւ ազդանշան է, սակայն առաջարկս այն է, որ  ռազմական համակարգող/կցորդ նաեւ նշանակուի հոն: Ասիկա ճանապարհ կը հարթէ այլ պետութիւններու համար նմանատիպ քայլեր ձեռնարկելու եւ Սիւնիքի նկատմամբ միջազգային աջակցութեամբ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը պահպանելու:

2.- Եթէ ապագային Իրանը միանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան, Հայաստան կ՛ունենայ երկաթուղային եւ ճանապարհային ելք ո՛չ միայն դէպի Պարսից ծոց, այլ նաեւ արեւելեան Միջերկրական ծով` Սուրիոյ միջոցով:

3.- Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Իրանը կրնան արագ միասնական համագործակցութիւն սկսիլ համատեղ ձեռնարկատիրական ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ Իրանի ներդրումներու միջոցով Հայաստանի մայրուղիներուն, յատկապէս Նորտուզ սահմանային անցակէտէն մինչեւ Երեւան` «Հիւսիս-հարաւ» միջանցքի թողունակութիւնը ընդլայնելու նպատակով:

4.- Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Իրանը կրնան նաեւ ռազմական համագործակցութիւն ունենալ` յանուն շրջանային կայունութեան: Այդ իսկ պատճառով ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Իրանի մէջ պէտք է ստեղծուի հետախուզական համագործակցութեան կեդրոն, ուր երկու կողմերը կրնան կիսել, վերլուծել եւ գնահատել շրջանային սպառնալիքներն ու ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք կրնան վտանգ ներկայացնել երկու երկիրներուն եւ շրջանին համար: Այս գործընթացը դիւրացնելու համար երկու երկիրներու անվտանգութեան ծառայութեան հաստատութիւններուն միջեւ պէտք է ստեղծուին ուղիղ կապուղիներ:

5.- Հայաստանի եւ Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ ու Լիբանանի հայկական համայնքներուն միջեւ հաղորդակցութեան ընդլայնում` Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Իրանի  քաղաքականութիւնը համեմատելու եւ գնահատելու նպատակով: Այս համայնքները կրնան հանդէս գալ իբրեւ երկրորդական դեսպանութիւններ` դիւրացնելու հաղորդակցութիւնը եւ տեղեկատուութեան փոխանակումը իրանական ու իրանամէտ տարբեր կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի պետական կառոյցներուն միջեւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.