ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՍՏՈՐԱՑՆԵԼՈՒ ՓՈՐՁ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ»

 

«Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ստորացնելու փորձ կը կատարուի», «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը` մեկնաբանելով հայկական եւ ռուսական մամուլին մէջ աշխուժօրէն շրջանառուող լուրերը, որ 9 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի ընթացքին Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը կը պատրաստուին երկու նոր փաստաթուղթ ստորագրելու:

Իշխան Սաղաթէլեանի դիտարկումով` այդ փաստաթուղթը հերթական ստորացուցիչ, հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը եւ կենսական շահերը ոտնահարող թուղթ պիտի ըլլայ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ընդդիմութիւնը արդեօք տեղեա՞կ է, թէ ի՞նչ նոր փաստաթուղթի մասին է խօսքը, ի՞նչ կ՛ենթադրուի անով, Սաղաթէլեան ըսաւ. «Գործընթացներ տեղի կ՛ունենան, որոնց համադրութեամբ եւ վերլուծութեամբ, նաեւ տարբեր կողմերու յայտարարութիւնները կը յուշեն, որ լաւ ճամբով չենք երթար: Իշխանութիւնը չի ալ թաքցներ, որ պիտի ընթանայ այս ճամբով, իսկ ընդդիմութիւնը անոր մասին խօսած է ամէն օր», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ վստահեցուց, որ նոր ստորագրուելիք փաստաթուղթերը իշխանութիւնը կրկին պիտի փորձէ ներկայացնել իբրեւ ձեռքբերում, շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու փորձ:

«Մենք կը կարծենք, որ այս ամէն ինչը պիտի աւարտի նոր զիջումներով` նաեւ կենսական զիջումներով: Պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի կանխենք ասիկա, բոլորը պէտք է հասկնան, որ հայ ժողովուրդը պատրաստ չէ նոր զիջումներու», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ յայտնեց, որ ընդդիմութեան մէջ քննարկումներ կ՛ընթանան, իսկ 9 նոյեմբերին մեծ հանրահաւաք կը սպասուի:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.