Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութեան Հետ Խօսելու Մէկ Օրակարգ Կայ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը»

մարտ 2021-ին տեղի ունեցած երթէն առաջ Բաղրամեան պողոտային մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երկրին նախագահը ամբողջական պատասխանատուն նկատեց երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Ան նշեց, որ իրենք ունին բեմագրութիւններ եւ պիտի ընթանան յառաջ, իսկ յառաջիկայ օրերուն, ըստ իրավիճակին, պիտի որոշեն իրենց քայլերը:

«Իշխանութեան հետ խօսելու մէկ օրակարգ կայ` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Իսկ ինչ կը վերաբերի արտահերթ ընտրութիւններու կոչերուն, եթէ ինք կ’ուզէ արտահերթ ընտրութիւններ, թէեւ, իմ կարծիքովս` չ’ուզեր, ատիկա կեղծիք է` նկատի ունենալով, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը գտնուի իր վերելքի վրայ, ան կրկին կ’ուզէ փոխել օրակարգը, եւ մեզ մտցնել անիմաստ քննարկման մէջ: Եթէ ան անկեղծ է, հիմա թող գայ Ազգային ժողով, հրաժարական տայ, եւ կատարուին արտահերթ ընտրութիւններ», ըսաւ ան եւ նշեց, որ «Իմ քայլը» խորհրդարանական ֆրաքցիան պարզապէս գերի է Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքը:

Իշխան Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ քայլերուն ծիրին մէջ միշտ նկատի պիտի ունենան այն, որ  Շարժումին համար Հայաստանի կայունութիւնը,  զայն ցնցումներէ զերծ պահելը շատ կարեւոր է, բայց այս չի նշանակեր, որ իրենք պիտի նահանջեն, վճռական պիտի չըլլան` հաստատելով, որ ժողովուրդին հետ բաւական ճամբայ քալած են ու մօտեցած յաղթանակին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.