Իշխան Սաղաթէլեան. «Ասիկա Խուժանապետութիւն Է»

«Ինչ որ այս պահուն կը կատարուի Վարդենիս խոշորացուած համայնքին մէջ, որեւէ կապ եւ առնչութիւն չունի իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան հետ», այս մասին երէկ` 30 դեկտեմբերին, Դիմատետրի իր էջով ուղիղ սփռումով ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:

Անոր գնահատումով, ասիկա խուժանապետութեան հաստատման փորձ է Հայաստանի մէջ, ասիկա ընդդիմադիր իրաւագիրներու գողութիւն է, այս պահուն Վարդենիսի մէջ, ըստ էութեան, կ՛առեւանգեն աւագանիի անդամները:

Սաղաթէլեան ներկայացուց, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է Վարդենիս համայնքին մէջ ընտրութիւններուն եւ անկէ ետք. «5 դեկտեմբերին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Վարդենիս խոշորացուած համայնքին մէջ երեք քաղաքական ուժ մասնակցած է` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, «Միասնական Վարդենիս» եւ «Ահարոն Խաչատրեան» դաշինքները: Ընտրութիւններուն հիմամբ ընդդիմադիր երկու դաշինքները միասին 27 հոգինոց աւագանիի կազմին մէջ ունեցած են 15 իրաւագիր, «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը` 12:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը ընտրութիւններէն ետք զբաղեցաւ իրաւագիրներու գողութեամբ, մէկ իրաւագիրի վերահաշուարկի հիմամբ «Միասնական Վարդենիս»-էն առին եւ տուին «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին: Արդիւնքը` աւագանիի կազմին մէջ 14 իրաւագիր ունեցան երկու դաշինքները, 13 իրաւագիր` «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը: Տեսնելով, որ այսպէս ալ կարելի չ՛ըլլար ունենալ քաղաքապետ, «Միասնական Վարդենիս» դաշինքի թիւ մէկը` Արամ Յարութիւնեանը, ըստ էութեան, առեւանգեցին: Ձերբակալեցին` յոյս ունենալով, որ այդ ճամբով իրաւագիրներու քանակը պիտի ըլլայ 13/13, եւ պիտի փորձեն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի թեկնածուն ընտրել իբրեւ քաղաքապետ:

Արամ Յարութիւնեանը հասկնալով, որ իր ձերբակալութեան միակ պառճառը այն է, որ մեկուսացնեն, չկարենայ մասնակցիլ նիստին, հրաժարեցաւ իրաւագիրէն, վերջինս անցաւ դաշինքի ցուցակով յաջորդ թեկնածուին: Իրաւագիրներու բաշխումը եղաւ` 14 իրաւագիր երկու դաշինքին, 13 իրաւագիր` «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին:

Հակառակ բազմաթիւ ճշումներուն, ապօրինութիւններուն, այսօր աւագանիի անդրանիկ նիստն է, տեղի կ՛ունենայ մարդոց առեւանգում, իրաւագիրներու գողութիւն», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ըստ անոր, պատահական չէ, որ յատուկ կերպով ճնշումներ կ՛իրականացուին սահմանամերձ համայնքներու ղեկավարներուն նկատմամբ:

«Այս ամէն ինչը կը կատարուի, որպէսզի յառաջիկայ զիջումներուն ժամանակ սահմանամերձ տարածքներու մէջ ունենան բացարձակապէս իրենց ենթակայութեան տակ գտնուող անսրբութիւն, անհայրենիք, իրենց ստրուկ անդամներ, որոնք անվերապահ պիտի կատարեն իշխանութեան հրահանգները», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ ասոնք իշխանութիւնը պիտի չյանձնեն, ամէն ինչ կը կատարուի երկրին մէջ մէկ մարդու բռնատիրութիւն հաստատելու համար, որուն դէմ պէտք է ըլլալ, անհրաժեշտ է դիմադրութիւն ցուցաբերել:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.