Ինքնութիւն. Հայ ըլլալու եւ զգալու բազմաթիւ ձեւեր

«Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:

Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։
«Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը։ Կը հրատարակենք շարքի երկրորդ յօդուածը։ Առաջին յօդուածը կարդալ այս յղումով։

Սիւզըն Փաթթի

Հետազօտութեան ընթացքին թէեւ բազմաթիւ հարցումներ անդրադարձան ինքնութեան հարցերուն, սակայն անոնց մէկ մասը նկարագրական բնոյթ ունէր, ինչպէս՝ պատասխանողին տարիքը, սեռը, կրթութեան, աշխատանքի, ամուսնական վիճակը եւ զաւակներու թիւը: Հարցումներ կային նաեւ ծննդեան, 12 տարեկանին ապրած վայրին եւ ներկայիս բնակած վայրին մասին: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար, հարց կու տայինք նաեւ, թէ ո՞ր սերունդը եղած է առաջին ժամանողը այժմու բնակութեան երկիրը, եւ արդեօք ծնողները եւ/կամ ամուսինը (յարմարութեան համաձան) հայե՞ր են: Ինքնութեան զգացումի եւ պատկանելիութեան մասին շուրջ 10 հարցումներ կեդրոնացան իւրաքանչիւրին համար ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ հարցին վրայ:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ հետեւեալներուն մէջ ո՞ր մէկը լաւագոյնս կը նկարագրէ ինչպէ՞ս կը մտածէք դուք ձեր մասին ըմբռնումը, 38%ը ընտրեց «հայ», 34%ը` ամերիկահայ, ֆրանսահայ կամ եգիպտահայ: 22%ը ընտրեց ամերիկացի (ֆրանսացի կամ եգիպտացի)՝ հայ ծագումով, իսկ 1%ը պարզապէս պատասխանեց ամերիկացի, ֆրանսացի կամ եգիպտացի: Ուրիշ 9% մը ընտրեց «այլ»՝ գրելով օրինակ «կէս հայ», կէս այլ էթնիկ խմբաւորում կամ «ակադեմական շրջանակի անդամ»: Միւս երեք քաղաքներուն հետ բաղդատած, Մարսէյի մէջ արձանագրուած պատասխանները (52% «հայ») ըստ երեւոյթին կը ցոլացնեն հոն ապրողներուն մէջ Հայաստան ծնածներու համեմատաբար մեծ թիւը: Պոսթընի մէջ հարցապնդուողներուն մէջ կային (25% «հայ») աւելի մեծ թիւով մարդիկ, որոնք կը պատկանին Մ. Նահանգներու մէջ ապրող 2-րդ, 3-րդ կամ 4-րդ սերունդներուն: Հետաքրքրական է, որ Գահիրէի մէջ, ուր հայերը կ’ապրին սերունդներէ ի վեր, միայն 20%ը պատասխանեց «հայ», 43%-ը՝ եգիպտահայ եւ 30%ը՝ հայկական ծագումով եգիպտացի: Անշուշտ, ընդհանուր շրջագիծի մէջ կարեւոր է նկատի առնել երկրին կառուցուածքը եւ լեզուին ազդեցութիւնը հարցապնդուողներուն վրայ, երբ անոնք կը մտածեն, թէ ի՞նչ պէտք է կոչեն իրենք զիրենք:

Տրուած են երկու հարցումներ, գիտնալու համար թէ մարդիկ հետաքրքրուա՞ծ են եւ մօտ կը զգա՞ն նոյն շրջանէն կամ նոյն քաղաքէն մարդոց նկատմամբ: Այն հարցումին, թէ արդեօք անոնք կը նոյնանա՞ն որոշ երկրէ կամ քաղաքէ (օրինակ՝ Պէյրութ, Մոսկուա, Պոլիս) եկած հայերու հետ, Փասատինայի մէջ հարցապնդուողներուն 67%ը ըսաւ «այո», տարբերելով Պոսթընի մէջ հարցապնդուողներու 44%էն եւ Գահիրէի 40%էն: Այն հարցումին, թէ արդեօք անոնք «իրենց տան պէս» կամ «ընտանիքի նման» կը զգա՞ն, երբ գտնուին հայերու հետ, որոնք եկած են իրենց ծնողներուն եկած նոյն շրջանէն, Փասատինայի եւ Մարսէյի մէջ հարցապնդուողներուն մեծամասնութիւնը պատասխանեց «այո, բաւական» կամ «այո, ձեւով մը»: Պոսթընի մէջ դրական պատասխանները աւելի նուազ համեմատութեամբ էին, բայց աւելի բարձր, քան՝ «ոչ, տարբերութիւն չ’ըներ»ը: Հետաքրքրական է, որ երբ հարցը առնուեցաւ տարիքային խմբաւորումներու ծիրին մէջ, փոքր տարբերութիւն կար անոնց միջեւ (35, 36-55 եւ 55-էն վեր տարիքային խմբաւորումներ):

Ինքնութիւնը ուսումնասիրուեցաւ նաեւ այլ տեսանկիւնէ: Այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը սահմանէք ձեր հայկական ինքնութիւնը, հարցապնդուողներուն առիթ տրուեցաւ ընտրելու երեք պատասխաններ ցանկէ մը: Համապատասխան հետազօտութեան միւս պատասխաններուն, ընտանեկան պատմութիւն/անձնական ենթահողը ամենէն կարեւորն էր (63% ընդհանուր առմամբ), իսկ «հայ լեզուն» մօտէն կը հետեւէր (60%ով), որուն կը յաջորդէր «քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ համոզումները» (39%): Շարք մը այլ պատասխաններ, ներառեալ գործունեայ վիճակը հայ համայնքին մէջ, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, հայկական ուտելիքը, պարը եւ երաժշտութիւնը խմբուեցան 30% շուրջ: Տարիքային խմբաւորումներու ծիրին մէջ նշմարեցինք, որ «ընտանեկան պատմութեան» համեմատութիւնները գրեթէ նոյնանման են: Այնուամենայնիւ, զարմանալիօրէն, իբրեւ ինքնութեան որոշիչ տարր «լեզուն» ստացաւ 72 առ հարիւրը տարիքային ամենէն երիտասարդ խմբաւորումին կողմէ, 57%ը` 36-55 տարեկաններուն եւ 52%-ը` 55 եւ աւելի տարիքային խմբաւորումին կողմէ: Քրիստոնէական ժառանգութիւնը տարիքային խմբաւորումներու պարագային կը ներկայանայ հակառակ շարքով՝ համեմատութիւնները իջնելով ամենէն տարեցէն մինչեւ ամենէն երիտասարդը, բայց շատ աւելի ցած համեմատութիւններով (41%էն մինչեւ 35%): «Հայկական ուտելիքի, պարի եւ երաժշտութեան» համեմատութիւնները կը բարձրանան կրտսերէն մինչեւ ամենէն տարեցը (44%էն 25%): Սեռերու առումով, այս հարցումին բոլոր պատասխաններուն համեմատութիւնները կը տարբերէին միայն քանի մը թիւով: Գաղթական սերունդը դրսեւորեց կարեւոր տարբերութիւն մը լեզուի հարցով: Այսպէս առաջին սերունդին 74%ը ընտրեց լեզուն իբրեւ երեք կարեւորագոյն գործօններէն մէկը: Երկրորդ սերունդին համար այդ համեմատութիւնը աւելի նուազ է (62%) իսկ 3-րդ սերունդին՝ 47%: Հաւանական է, որ առաջին սերունդը հայախօս է՝ գալով Միջին Արեւելքէն կամ Հայաստանէն:

Մ. Նահանգներու մէջ 2010-ին կայացած մարդահամարին առիթով հարց ծագեցաւ, մասնաւորաբար մղուած սփիւռքահայ աքթիվիսթներէ, որ ցանկագրումի ընթացքին ամերիկահայերը զանց առնեն «սպիտակ» բնութագրումը եւ փոխարէնը «այլ» դասակարգումին մէջ արձանագրեն «հայ»: Մարդահամարի արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք նշուած թիւերը ցոյց տուին, որ Մ. Նահանգներու մէջ շատ աւելի քիչ թիւով հայեր կ’ապրին, քան ժողովրդային գնահատումները: Մեր հետազօտութիւնը կ’ընդգրկէր նաեւ հարցում մը ուղղուած հարցապնդուող ամերիկահայերուն, թէ անոնք ո՞ր ընտրութիւնը կատարած են: Զգալի տարբերութիւն մը ի յայտ եկաւ Պոսթընի մէջ 74 առ հարիւրով եւ Փասատինայի մէջ 43 առ հարիւրով «սպիտակ» քուէարկողներուն միջեւ: Առցանց որոնում մը ցոյց տուաւ, որ 2010-ին Քալիֆորնիոյ մէջ լոյս տեսնող հրատարակութիւններ քարոզարշաւ մը կատարած են ի նպաստ այդ ընտրութեան: Տակաւին, կարեւոր է նշել, որ Փասատինայի մէջ հարցապնդուողներուն 21 առ հարիւրը յայտնած է, որ իրենք ընդհանրապէս չեն մասնակցած մարդահամարին, իսկ Պոսթընի մէջ այդ համեմատութիւնը ընդամէնը 7% է: Նկատի առնելով այս գործօնները, բացայայտ կը դառնայ, որ իսկապէս Մ. Նահանգներու մէջ թիւով շատ աւելի հայեր կ’ապրին, քան ինչ որ նշած է մարդահամարը:

Երբ հարց տրուեցաւ ճշդելու 3 մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան համայնքի ուժականութեան, Գահիրէի, Մարսէյի եւ Փասատինայի մէջ հարցապնդուողներ նշեցին խառն ամուսնութիւններու դերը, նոյնը շատ աւելի նուազ համեմատութեամբ Պոսթընի մէջ: Ինչ կը վերաբերի զոյգերու միջեւ ընկերութեան եւ ամուսնական ընտրութիւններուն, գրեթէ 50%ը նշեց, որ իրենց «ընդհանրապէս/բոլոր» ռոմանթիկ ընկերները հայ եղած են, մինչ շուրջ 20%ը «ոչինչ» պատասխանեց: Հարցապնդուողներուն գրեթէ երկու երրորդը (71.5%) յայտնեց, որ «բաւական/շատ կարեւոր է» գտնել ընկեր մը, որ հայ է՝ այր մարդոց համար քիչ մը աւելի կարեւոր, քան՝ կիներուն: Տարբերութիւնները մեծագոյնն է գաղթական եկած սերունդներուն միջեւ: 68%ը անոնց, որոնք անձնապէս առաջին սերունդէն են, «շատ կարեւոր» նկատեցին գտնել կեանքի հայ ընկեր մը, բաղդատած միայն 39%ին, որոնց մեծ հայրերը եւ մայրերը (կամ աւելի առաջ) առաջին ժամանողներէն եղած են:

Հարցումներուն պատասխանողներէն տասէն չորսը «երիտասարդութիւնը շահագրգռող գործունէութեան բացակայութիւնը» նկատեց համայնքային կապերու զօրութեան սպառնացող կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը: Մէկ այլ հարցումի, թէ ի՞նչ բանի ամենէն աւելի պէտք ունին համայնքները, անգամ մը եւս մեծամասնութիւնը փափաք յայտնեց գործունէութեան աւելի առիթ ստեղծելու երիտասարդներուն եւ մանուկներուն համար: Հզօր ղեկավարութեան մը բացակայութիւնը նոյնպէս բարձր համեմատութեամբ ներկայացաւ՝ 38 առ հարիւրով, ընդհանրապէս աւելի արտայայտուած տարեցներու, այր մարդոց եւ առցանց պատասխանողներու, քան՝ երիտասարդներու, կիներու եւ գրաւոր հարցապնդուողներու կողմէ:

Հայկական ճաշ ուտելը եւ ուրիշները անոր մասնակից դարձնելը «բաւական/շատ կարեւոր» էր հարցապնդուածներու աւելի քան 80%ին համար, քիչ մը պակաս Գահիրէի հայերուն պարագային (70%): Ի վերջոյ, հարց տրուեցաւ մարդոց, որ արդեօք իրենց տուներուն մէջ կը ներկայացնե՞ն «ընտանեկան աւանդ նկատուող առարկաներ», հարցապնդուողներուն 80%ը նշեց, որ անցեալը յուշող շօշափելի յիշատակներ ներկայ են իրենց տուներուն մէջ, թէեւ այդ համեմատութիւնը Մարսէյի հայերուն պարագային նուազ քան 69% է: Այլապէս, բաղդատականը աւելի նմանութիւններ ցոյց տուաւ քան տարբերութիւններ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.