ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՄԱՏ ՈՐՈՆՈՂ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԳԻՐՔ ՄԸ՝ ՏՈՒՆ-ՕՋԱԽԻ ԼՈՅՍ ՈՒ ՄՈՒԹ ՅՈՒՇԻ ՇՆՉԱՌՈՒԹԵԱՄԲ

Յ. Պալեան

            Ֆրանսացի մտաւորական բարեկամ մը երկրորդ անգամն ըլլալով ֆրանսերէն գիրք կը նուիրէ ինծի: Առաջինը կը խօսէր Պրըթանեի հայկական հետքի մասին, հեղինակն էր Իվ Տըվուլֆ: Այդ գիրքի մասին արտայայտուեցայ եւ բազմաթիւ թերթեր հրատարակեցին յօդուածս: Նոր ստացած գիրքիս հեղինակն է ԱՆԱՀԻՏ ՏԵՄԻՐ, գիրքին անունը՝ MAISON-MERE: Գիրքի ընթերցումէն ետք այն հասկցայ, որ կը խօսուէր ՏԱՆ մասին, Տան Յարկի, ՕՋԱԽի: Գիրք՝ որ կրնար գրուած ըլլալ նաեւ հայերէն, քանի որ հայու ապրումներու, յուշերու, ցաւի եւ կեանքի մէջ հարազատութիւն փնտռելով տեւելու կամ անոնցմէ հեռանալու մասին կը խօսի:

           Անահիտ Տեմիրի Խօսքը կ’անցնի յիշողութեան, բանաստեղծութեան եւ գեղանկարներու լոյս ու մութի բովէն: «Տեմիր»ը ամբողջ ճակատագիր մըն է, ինչպէս ինք կ’ըսէ, պարտադրուած հայկական դրոշմ «եան»ի կորուստով:

            Առաջին տպաւորութիւն. Անահիտ Տեմիր իր բազմանդամ եւ ճիւղաւորուած ընտանիքի յուշագիրն է: Գրական սեռ մը, այնքա՜ն ծամծմուած անցնող հարիւրամեակին, նոյն խօսքերով եւ կրկնուող պատկերներով, որոնք ընտանեկանի պատերէն դուրս չեկան: Անահիտ Տեմիրի MAISON-MERE-ը, ՕՋԱԽ է, մասնակի չէ, պատմութիւնը եւ ճակատագիրը՝ հայուն, հայերուն, տեղ մը ծնած եւ ապրած, այլ երկինքներու տակ ապաստան գտած շարունակութիւն: Ի հարկէ, ֆրանսացի հրատարակիչին համար, ինչպէս գրուած է ներկայացման համար, գիրքը «գրական եւ բանաստեղծական պատումն է ծագումով հայ ֆրանսացի ընտանիքի մը», որ կը խօսի ներգաղթողի, համարկումի, փոխանցման եւ շրջապատի հանդէպ փակման եւ մեկուսացման մասին: Նաեւ կը խօսի արմատներու եւ նոր մշակոյթի բախման մասին:

            Ֆրանսա ապաստան գտած հայեր կը ճանչցուին որպէս թուրքքանի որ այդպէս են իրենց «թուղթերը»: Մանաւանդ՝ երբ ընտանեկան անունը թրքացուած է: Հայ Անահիտի եւ թուրք Տեմիրի գոյակցութիւն, որ սփիւռքացածի կացութիւն է: Ժամանակի ընթացքին, շատեր շրջանցած են այդ երկփեղկումը, ընդունելով տեղւոյն պատշաճող ե՛ւ անուն ե՛ւ ընտանեկան նոր անուն, եղած են Միրէյ Տանիէլ կամ Ժերար Տաւիտ…

            Անահիտ Տեմիրի պատումը եզակիէն կը մեկնի, բայց կը սեւեռէ գաղթականութեան եւ նոր կեանք սկսելու դատապարտուած մարդոց ճակատագիրը, որոնք ճողոպրած են ցեղասպանութեան նախճիրէն, կամ անոնց ժառանգներն են: Անհատներու պատմութիւնը՝ ընդելուզուած անանուններու պատմութեան, եզակի անհատներու համար, յատուկ անուններու յիշատակութեամբ, բայց համապատումն է ամբողջ կոտրուած եւ կոտորակուած ժողովուրդի մը, որ բազմահազարամեայ ազգ էր իր հողին վրայ իր քաղաքակրթութեամբ եւ մշակոյթով, իր կառուցած քաղաքներով՝ ուր այլեւս բնիկները չկան, կան եկուորներ:

            Ընտանիք, հայր, մայր, նախնիներ եւ անոնց յիշատակները, քոյր, եղբայր զարմիկներ, կը հիւսեն վերապրողներու կեանքի նոր ոստայնը, նոր աշխարհի մը մէջ, իրենց անցեալի միշտ տեւող եւ ներկայի յոյզերով, բարքերով, դաջուած յիշողութիւններով, դէպքեր եւ պատկերուած անձեր: Եւ ի հարկէ պատշաճելու, նորը սկսելու եւ ապրելու ճիգը, թէեւ մարած կրակի մոխիրներուն տակ միշտ կը մնան բռնկուն բոցերու հետքերը:

            Ինչպէս Թուրքիայէն,- հասկնալ՝ բռնագրաւուած սեփական հայրենիքէն, տունէն եւ տեղէն,,  աշխարհի մօտ եւ հեռու վայրերը գաղթած հայերը, Անահիտ Տեմիրի բազմանդամ ընտանիքը, կրնանք ըսել՝ գերդաստանը, մեծ մայր, հօրաքոյր, անոնց զաւակնեըը, իր ընտանիքը՝ հայր, մայր, քոյրեր եւ եղբայրներ: Ինք չէ գաղթած, նոր սերունդ է, ծնած է Ֆրանսա: Յաճախած է Դպրոցասէր հայկական վարժարան: Կը  պատմէ արեւելքէն եկած հայ ընտանիքի աւանդական կեանքը, անոր անդամներու տեւաբար խմբուած մնալու աւանդապահի սովորութիւնը, որ տեսակ մը ինքնապաշտպանութեան բնազդ է: Բայց իր ծնած երկրի մթնոլորտին մէջ ապրելով, դպրոց եւ ընկերներ, լեզու եւ բարքեր իր լայն ընտանիքէն, եղբայրներէն եւ զարմիկներէն տարբեր ինքնութիւն մը կ’ունենայ:

            Անցեալի եւ ներկայի, հինի եւ նորի ալշիմիի գործողութիւններու վայրը ՏՈՒՆն է, ուր նոր կեանք ունեցած են հայր, մայր, քոյրեր, եղբայրներ, ուր կան հետքերը նաեւ մեծ ընտանիքին:

            Անահիտ Տեմիր լքուած տան անտես եւ մոռցուած անկիւնները կը փնտռէ անցեալը, ինքնութեան արմատները, պատկերներ, տան սիւնը հանդիսացած մայրը, գործատէր հայրը, որ արմատախիլ ըլլալէ ետք դարձած է օրավարձով աշխատաւոր, ինքնահաստատում փնտռող եղբայրներ, ցեղասպանութենէն ճողոպրած երէցներ, յիշողութիւններ՝ զոհերու մասին: Բայց կայ հարկադրանքը նոր կեանքի, նոր սկսողներու նախաձեռնութիւններու պատումներ:

            Մարդիկ եկած են նոր աշխարհ, բայց իրենց հետ է իրենց կորսնցուցած աշխարհի ցաւը, զոր կը կոչեն Մեծ Աղէտ: Այդ ցաւը հեղինակը կը կարդայ արմատախիլ եղած անգործութեան եւ անզօրութեան արտայայտութեան մէջ: Անվերականգնելի կերպով ընկճուած սերունդի ցաւը եւ ողբերգութիւնը կը պատկերանայ: Կը կարդանք.

            «Եթէ կար ցաւ մը, ան շատ հեռուէն կու գար: Այդ փաստը ես կը տեսնէի նախնիներուս զգացած դատարկութեան մէջ, մասնաւորաբար՝ հօրենական: Իրենց այդ մեծ պարապը զոր կը պտըտցնէին իրենց հետ: Նկուղը այդ անասելի պատկերով էր: Այդ թաքցուած բանը զրկուած լոյսէ, խնամքէ եւ ջերմութենէ: Խեղդուած շրջապատի խոնաւութեամբ, իրենց ներքին արտասուքին մէջ: Նկուղին մէջ է որ թաղուած էր այն ինչ որ իրենք կը կոչէին Մեծ Աղէտ:…. Տեղի ունեցած էր «ցեղասպանութիւն»: Երէցներու այդ բառը կը խառնուէր կարգ մը խօսակցութիւններու իմ մանուկ տարիներուս: Մօտաւորապէս կը հասկնայի անոր իմաստը, առանց կարենալ չափելու անոր ամբողջ տարողութիւնը: Հարցը կը վերաբերէր երբեք չմոռնալու այն՝ ինչ որ պատահած էր 1915ին»:

            Այս երբ կ’ըսէ, Անահիտ Տեմիր կը դառնայ պայքարող, կը յիշէ եւ կը յիշեցնէ Ժան Ժոռէսը եւ անոր ահազանգող ճառերը: Եւ չի հասկնար, թէ ինչպէ՞ս ցեղասպանութիւն գործած ոճրագործները պատիւներու կ’արժանան: Այս իւրաքանչիւր հայու հետ կրկնուող ընդվզումէ բխած հարցում է:

            Յիշողութեան, երէցներէ ժառանգուած ցաւի, ինքնահաստատման եւ արմատներու որոնման ներքին ճամբորդութիւն մը, հեզասահ պատում մը, առանց քաղաքական ճառի: Ապրումներու պատում մը, հինի եւ նորի խաչաձեւ ուղիներու վրայ, համարկուելու ճիգ մը, առանց հրաժարումներու:

            Գիրքին վերջին տողերը վկայութիւն են բոլոր արմատախիլ եղածներու եւ անոնց նորը ստեղծելու, սեփական ճակատագիր կազմելու յանդգնութեան կամ ցանկութեան: Բայց միշտ կը մնան ցաւը եւ յիշողութիւնը, նոյնիսկ անոնց մէջ որոնք կը կարծեն անդին անցնիլ անցեալէն: Հայուն յաւերժացող երկուութիւնը:

            Յուզումներու եւ ապագայի տեսիլքի խրձիկ են գիրքի վերջին պարբերութեան տողերը. «Փախուստ տալ ընտանեկան կաղապարումէ եւ ապրիլ ըստ իմ յատուկ ծրագրումիս: Եթէ ես ծագման կէտ մը ունիմ, ես ապագայ մըն եմ մանաւանդ: Անահիտ մը իրեն յատուկ ընտրանքներով: Կայ ծնիլ մը, ապա ծնիլ ինքնիրեն համար: Թերեւս վերածնիլ: Արդ պատրաստ եմ թռչելու դէպի իմ ապագաս»:

            Այս համարկուելու եւ պատշաճելու ընթացք է:

            Ընթացք՝որ ինքնութեան լարերը թաքցնելու եւ լռեցնելու ճիգ է, «նոր հայրենիք»ներու ուղղակի կամ անուղղակի թելադրութիւնը: Նոր եւ սեփական տունը, պատեր եւ լեզու, նոյնիսկ երբ անհատը կը հետեւի իր ընտրանքներուն, կը ջնջէ՞ հին տունը, ուր եղած է կեանք, օջախ, «Մեծ Աղէտ»ի խորքի պաստառին վրայ:

            Անահիտ Տեմիրի գիրքը հոգեվերլուծական թատրոն մըն է, որուն ընթացքին ինք կը գտնուի հոգեվերլուծողի տիվանին վրայ եւ ինքզինք կը լսէ:

            Եթէ Անահիտ Տեմիր յաջողած ըլլար փախչիլ զինք անցեալին կապող եւ ընտանեկան հոգեկան-զգացական ժառանգութեան ոստայնէն չէր գրեր խոստովանութիւններու այս գիրքը, ուր կայ նոր կեանք սկսելու ցանկութեան մէջ հինի կրկնուող եւ յաւերժացած ներկայութիւնը, որ անհատականութեան կառուցման կամարի քարն է:

            Մտածե՛լ հայրենահանուածներու եւ հայրենազուրկներու սկսած եւ չաւարտող տուայտանքներու մասին… Մտածելէ ետք հարց տալ. վա՞ղը, յետո՞յ

            Նոյնիսկ երբ Անահիտներ կը յաջողին զիրենք որդեգրած կամ իրենց որդեգրած Նոր Աշխարհներուն մէջ, ինքնութեան ծիները կը շարունակեն ապրիլ, սպասելով ժայթքելու պահը:

            Անահիտ Տեմիր յաճախած է Փարիզեան շրջանի Դպրոցասէր վարժարանը: Ինչպէ՞ս չխորհիլ հայ դպրոցի ձգած անկորնչելի հետքի մասի: Այս արդէն այլ հարց է:

         

Յ.Գ. Անահիտ Տեմիր արուեստի քննադատ է եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպող:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.