Ինքնութեան ճանաչում, ազգային պատկանելիութիւն, լեզու եւ մշակոյթ

Անեղծելի փաստ է, որ Հայ ժողովուրդի վաղընջական պատմութեան ընթացքին, ինքնութեան ճանաչման եւ պահպանման կարեւորագոյն կռուանները եղած են հայոց լեզուն եւ մշակոյթը: Բաւ է առ մի նուագ աչք նետել պատմութեան եւ համոզուիլ, որ այս երկու լծակիցները եղած են կշռոյթը, ներշնչումն ու մղիչ ուժը մեր ժողովուրդի յոյզերուն ու յոյսերուն, գաղափարախօսութեան, իղձերուն եւ իտէալներուն, եւ ամէնէն կարեւորը՝ մաքառումներուն ու յաղթանակներուն: Իսկ այս օրերուն, երբ հայրենիքի մէջ լեզուն եւ մշակոյթը տակաւ առ տակաւ իրենց տեղը կը զիջին այլասեռ ու թիւր սկզբունքներու եւ սփիւռքի մէջ օտարամուտ եւ օտարամոլ բարքեր եւ աւանդոյթներ կ’աղաւաղեն եւ կ՚եղծանեն հայու տեսակը, դժուար կ՚ըլլայ ազգայինի չափորոշիչ հանգամանքները վերընձիւղել հասարակութեան ընդհանուր գիտակցութեան եւ դատողութեան մէջ, եւ յառաջ բերել ինքնութեան գիտակցութեան ու պահպանման բարերար ներգործութիւնը: Այսուհանդերձ, վստահ եմ, որ այս դժուար ուղին կը հարթուի հայրենասէր հայորդիներու նուիրումով ու զոհաբերութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին ազգային գիտակցութեամբ ու բնազդով։

Այս առիթով, ի դէպ է նախ եւ առաջ խօսիլ ինքնութեան մասին:

Ինքնութիւն ըսելով նախ եւ առաջ կը հասկնանք ինքնուրոյնութիւն, էութիւն, գոյութիւն, անհատականութիւն եւ առանձնայատկութիւն: Իսկ անձի ձեւաւորման հոլովոյթին մէջ ինքնութիւնը առ հասարակ ունի երկու երեսներ. առաջին՝ ներանձնական ինքնութիւն, որ յատուկ է մարդուս ներքին խառնուածքին, նկարագրին եւ աշխարհընկալման հետ, իսկ երկրորդ՝ հաւաքական ինքնութիւն կամ ազգային ինքնութիւն, որ շատ յաճախ կը կոչուի ազգային բնազդ, այլ բանիւ՝ ժամանակի ու տարածութեան մէջ ժողովուրդի մը ձեւաւորած հասարակական ու կայուն բոլոր ընդհանրութիւնները, որոնք ունին ծինային, ծագումնաբանական, լեզուական, տարածքային, գաղափարական եւ հոգեկան կերտուածքի իւրայատկութիւններ, եւ որոնց մէկտեղումը յառաջ կը բերէ ԱԶԳ հասկացութիւնը, որ գերակայ է խաժամուժ-ամբոխ, տոհմ, ցեղ եւ ժողովուրդ հաւաքականութեան ձեւերէն:

Սակայն ժամանակներու քառասմբակ հոսանքին, տարածութիւններու կրճատման եւ արդի ճարտարարուեստի նուաճումներուն հետ մէկտեղ, փոփոխութեան ենթարկուած են նաեւ ազգ եւ ինքնութիւն հասկացութիւնները, զոր օրինակ՝ Արեւմտեան ընկերահոգեբանական գիտութեանց եւ լեզուամտածողութեանց մէջ «ազգ» (nation) բառը պայմանաւորուած է պետութիւն եւ պետականութիւն կազմող ժողովուրդներու միութեան հետ: Այլ խօսքով՝ ժողովուրդի մը ազգութիւնը կ՚որոշուի պետական պատկանելիութեամբ եւ պետութեան մը քաղաքացին ըլլալու հանգամանքով: Այս իմաստով կը շեշտուի հետեւեալ միտքը՝ «A nation is more overtly political than an ethnic group»: Սա կը նշանակէ, որ Միացեալ նահանգներու, Գանատայի եւ կամ Եւրոպական ցամաքամասի մէջ ապրող սփիւռքահայը հայ չէ, եւ այստեղ, կամայ թէ ակամայ կը յիշենք Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը.- «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր։ Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն։ Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին…»:

Դար մը առաջ, մեր պատմութեան ամէնալուսաւոր միտքերէն մին՝ անկախ Հայաստանի առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին ՍՓԻՒՌՔ ունեցող ազգերուն մասին հետեւեալը կ՛ըսէ.- «Կան բազմաթիւ ազգեր, որոնք զրկուած են անկախ պետականութենէ, և կան բազմաթիւ պետութիւններ, որոնք բնակեցուած են տարբեր ազգերով։ Կան ազգեր, որոնք պատմութեան ընթացքին ունենալով պետականութիւն, լեզու եւ մշակոյթ, ժամանակի և հանգամանքներու բերումով զրկուած են պետականութենէ` պահպանելով լեզուն, ինքնատիպ մշակոյթը, աւանդոյթները, առասպելները, ինչպէս նաև պատմական յիշողութիւնը այդ պետութեան մասին։ Անոնք եւս ԱԶԳ են, բառին իսկական իմաստով»:

Քաջազնունիէն տասնեակ տարիներ առաջ, հայ ականաւոր հրապարակախօս, մտաւորական եւ «Մշակ» թերթի խմբագիր Գրիգոր Արծրունին (1845-1892) հետեւեալը կ՚ըսէ.- «Ազգը ինքնութեան գիտակցութիւն ունեցող այն հանրութիւնն է, որը ճանաչում է նոյն հայրենիքը, խօսում նոյն լեզուով, կրում նոյն մշակութային ժառանգութիւնը և հետապնդում նոյն նպատակները»: Հետեւաբար, սփիւռքահայը հայ է բառին բուն իմաստով, եւ այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի պարտաւոր ենք կառչած մնալ հայոց լեզուին, մշակութային ժառանգութեան, Հայրենիքին ու ինքնութեան, որպէս խարիսխ ու վահան մեր պատկանելիութեան եւ գոյատեւման:

Եթէ համաշխարհային պատմութիւնը պատմափիլիսոփայական նորմերով ուսումնասիրենք՝ համեմատելով այսօրուան հետ, ապա, պիտի տեսնենք, որ գերհզօր պետութիւններ, ազատութեան արդարութեան, մարդասիրութեան եւ համամարդկային կեղծ սկզբունքներու ներքոյ,  նպատակ կը հետապնդեն թուլացնել փոքր ազգերու ազգային գաղափարախօսութիւնները եւ վերջնականապէս ընկճել ազգային մտածելակերպը:

Այդ բոլորին դէմ, որոշ ազգեր, ինչպէս հայերը, որպէս պաշտպանութեան միջոց ստեղծած են իրենց պատնէշները:

Հայ ժողովուրդը, իր կենսափորձով եւ կենսաիմաստութեամբ, դարեր իսկ առաջ գտած է իր գոյապայքարի լաւագոյն միջոցը՝ լեզուի ու մշակութային ժառանգութեան մէջ: Իրաւամբ եւ արդարացիօրէն, հինգերորդ դարը՝ հայ դպրութեան ու մշակոյթի ոսկեդարը, որպէս մեր պատմութեան ամէնէն լուսաւոր ու ամէնէն հեռատես ժամանակաշրջանը, գիր ու գրականութեան կողքին մեզի պարգեւեց՝ հաւատքի ամրագրում, Հայրենիք գաղափարի ամրագրում, ազգային միասնութիւն եւ ազգային գաղափարախօսութիւն, որովհետեւ, լեզուն ազգի մը դարերով ձեւաւորած ու ամբողջացուցած հոգեկան կերտուածքի, բարոյական յատկանիշներու, գոյատեւման ու զարգացման սկզբունքներու եւ արժէքներու համակարգն է, որ հասարակութեան բոլոր խաւերն ու դասերը կը համախմբէ եւ համըդհանուր շահերու կ՚առաջնորդէ: Լեզուն ազգի մը պատմութիւնն է, յիշողութիւնը, իմաստութիւնը, խառնուածքը, անհատականութիւնը, յոյզերն ու յոյսերը: Իսկ մշակոյթը ժողովրդի մը հոգևոր, մտաւոր, ֆիզիգական, ազգային, գիտական ու ռազմական բոլոր ապրումներուն, երևակայութիւններուն և արարումներուն արդիւնքն է:

Մշակոյթը դարերու ընթացքին կը սնուի և կը զարգանայ ժողովուրդի մը դաւանած բարոյական արժէքներով եւ իր մեջ կը խտացնէ այդ ժողովուրդի դարաւոր իմաստութիւնն ու հանճարը:

Հուսկ, յօդուածը կ՚աւարտեմ Բիւզանդ Եղիայեանի «Ընտանեկան Կրթութիւն» հատորէն մէջբերելով այս հատուածը, որ այնքան դիպուկ է մերօրեայ իրավիճակին.- «Հայ լեզուն, որ դարերէն հոսած մեզի հասած հսկայ գետն է մեր կենսունակութեան, եւ ամէն տեղ ամէն գինով պէտք է մաքուր ու հոսուն պահուի ան: Թմրեցուցիչ սփոփանք է միայն ըսել՝ ԹԷ ԱՌԱՆՑ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻՆ ԱԼ ՄԵՆՔ ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ: Ատիկա թերեւս ճիշդ էր երբ մեր ժողովուրդը իր բնիկ հայրենիք Փոքր Ասիոյ մէջ կ՚ապրէր, երբ ազգային գոյութեան ու միութեան ուրիշ կռուաններ ամուր էին: Բայց սփիւռքի մէջ հայութեան զանազանիչ ամենէն զօրաւոր յատկանիշն է իր ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»:

Իսկ այսօրուան մեր հայրենի պետութեան համար Գարեգին Նժդեհ կ’ըսէ.- «Հայրենիք չէ երկիր մը, եթէ չէ օժտուած ժողովուրդի հոգևոր արժէքներով ու մշակոյթով: Հայրենիքը ժողովուրդի մը ոգին է, լեզուն եւ մշակոյթը»:

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.