Ինքնաշարժներու շարասիւնով բողոքի ցոյց Մոնթրէալի մէջ

Հոկտեմբեր 10-ի յետմիջօրէին, Մոնթրէալի հայ համայնքը աւելի քան հազար ինքնաշարժներու եւ ճեպանիւներու շարասիւնով մը բողոքի արշաւ մը կազմակերտպեց ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ բռնարարքներուն: Ցուցարարներու շարասիւնը յաջորդաբար փակեց Մոնթրէալի թրքական հիւպատոսարանի եւ CTV ու LCN հեռուստաընկերութիւններու ճանապարհները։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.