Ինչ Նպատակ Կը Հետապնդէ Սահմանադրական Փոփոխութիւնը

Ի՞նչ ձեւաչափով տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները: Աւելի քան վեց ամիսներէ ի վեր ոչ մէկ հանդիպում կատարուած է թէ՛ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ եւ թէ՛ արեւմտեան կողմի (Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու) մասնակցութեամբ: Բոլոր միջնորդներն ալ ենթադրաբար իրականացուցած են իրենց ակնկալութիւնները: Այդ ակնկալութիւնները, որոնք չեն բացայայտուած, կը թուի, որ կ՛ենթադրէին ստեղծուած ներկայ իրավիճակը, այսինքն` Արցախի հայաթափումը եւ Հայաստանի որոշ տարածքներու գրաւումը Ազրպէյճանի կողմէ: Ազրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ սահմանազատման հարցը պէտք է անջատել խաղաղութեան պայմանագիրէն, որուն ստորագրութիւնը պէտք էր իրականանար, ըստ նախատեսութիւններու, մինչեւ 2023 թուականի աւարտը:

2023 թուականի ընթացքին ականատես եղանք բանակցային նոր գործընթացի մը:

Ազրպէյճան կ՛առաջարկէ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծ մը, որուն կը յաջորդէ Հայաստանի կողմէ առաջարկուած տարբերակ մը, որ կը փոխարինուի ազրպէյճանական նախագիծով մը, եւ այսպէս` շարունակաբար: Ո՛չ առաջարկուած նախագիծը ծանօթ է հանրութեան, ո՛չ ալ առաջարկուած փոփոխութիւնները: Այժմ ամիսներ տեւած այս փոխասացութիւնն ալ դադրած է: Արդարացի է բնական հարց տալ, թէ ի՞նչ պատճառով կանգ առին ուղղակի դարձած բանակցային նամակագրութիւնները:

Բանակցութիւններուն գաղտնիութիւնը չէր թոյլատրեր իմանալ հայկական կողմին հաշտարար ու յայտարարուած խաղաղասիրական պահանջները, որոնք ենթադրաբար համեստ էին ու սահմանափակուած 29800 քառ. քմ տարածքի ապահովութեան (անվտանգութեամբ) երաշխիքով: Ազրպէյճանը չէր գոհանար նման համեստ պահանջով. աւելին կ՛ուզէր, բայց ի՞նչ:

Հայ հանրութեան այն հատուածը, որ շահագրգիռ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի դէպքերու ընթացքին, Արցախի հայաթափման օրերուն կարծեց, որ դրօշակի, զինանշանի, Արարատ-Արագածի, օրհներգի հարցերու արծարծումը նպատակ ունի ուշադրութիւնը շեղել գետնի վրայ կատարուածէն: Աւելցաւ նաեւ հայոց պատմութեան դասաւանդման չափորոշիչներու հարցը, հայրենիք, Հայաստան եւ պետութիւն յղացքներու նոյնացումը եւ այսպէս` շարունակ: Մինչդեռ այս բոլորը ուղղակիօրէն կապ ունէին բանակցային գործընթացին հետ եւ կը ծառայէին մտքերու նախապատրաստութեան յաջորդող աւելի հիմնական պահանջի մը հրապարակման:

Ինչպէս յաճախ պատահած է, այս անգամ եւս բանակցութիւններու յաջողութեան գլխաւոր խոչընդոտին մասին իմացանք Իլհամ Ալիեւէն: Վերջապէս յայտնի դարձաւ, որ Ազրպէյճան կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութենէն դուրս բերել այն, ինչ որ կը վերաբերի Արցախին, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման, պահանջատիրութեան ու Հայ դատին: Մնացածը ածանցեալ է. Սահմանադրութեան փոփոխութեան իրաւականօրէն պիտի հետեւի դուրս բերուած յօդուածներու սովորական օրէնքներով կիրարկումը:

Նիկոլ Փաշինեան այլեւս չի պահուըտիր երկրորդական մանրամասնութիւններու ետին: Ան աներկբայօրէն կը յայտարարէ, որ հարկ է հիմը դնել Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան: Չորրորդ հանրապետութիւնը նման է երկրորդին` խորհրդայինին, որուն համար երջանիկ հայութիւնը ապազգային հայութիւնն էր:

Սահմանադրական փոփոխութեան գլխաւոր թիրախը անոր նախաբանն է. նախաբանը յղում կը կատարէ, իբրեւ Սահմանադրութեան անբաժանելի մաս, Անկախութեան հռչակագիրին: Անկախութեան հռչակագիրը, որդեգրուած տակաւին խորհրդային կարգեր ունեցող Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին կողմէ, դարձաւ անկախութեան համար պայքարին հիմնաքարը: Հռչակագիրին մէջ, սեղմ տողերով, յիշուած են հայ ազգի ձգտումները, իղձերը, նպատակը: Հոն կը գտնենք թէ՛ Արցախի Հայաստանի հետ միաւորման պահանջը եւ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:

Կ՛ուզեն հաւատացնել հայ ազգին, որ Անկախութեան հռչակագիրին պահանջները անցած ու մոռացման արժանի անցեալ են, արժանի պահպանման թանգարանի մէջ: Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստան իր դրացիներէն ոչ մէկ հողային պահանջ ունի ու ապագային ալ պիտի չունենայ: Ազրպէյճան գործնական հաստատում կ՛ուզէ. Նիկոլ Փաշինեան պահանջին գոհացում կու տայ սահմանադրական փոփոխութիւն կատարելով:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կարելի է կատարել միայն հանրաքուէով, հանրային քննարկման ու խորհրդարանի կողմէ որդեգրման երկար ընթացակարգէ ետք: Հիմա այլեւս խօսքը ժողովուրդին է. ժողովուրդը պէտք չէ թոյլատրէ հայ ազգը իր ինքնութեան ստորոգելիներէն զրկող նորագոյն խարդաւանքը:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Comments are closed.