Ինչպէ՞ս ապրեցանք. «Յուշամատեան» ծրագիրը

Հայագիտութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը՝ աշխարհի քիչ մը ամէն կողմ, գլխաւորաբար կեդրոնացած են Մեծ Եղեռնի եւ յաջորդող տարիներու քաղաքական դէպքերուն վրայ։ Սակայն, նախաեղեռնեան շրջանի Օսմանեան կայսրութեան հայոց կեանքը գրեթէ չէ պեղուած։ Եթէ կորսուած անցեալ մը պիտի ողբանք, արդեօք պէտք չէ՞ ծանօթ ըլլանք կորսուածին։ 2011-ին հիմնուած «Յուշամատեան» ծրագիրը ուղղուած է իմացութեան ու յիշողութեան այս հսկայ բացը գոցելու։ «Յուշամատեան»ի ու իր կայքէջին նպատակն է Օսմանեան հայերու ամէնօրեայ կեանքի ու ընկերային միջավայրի բազմակողմանի վերակառուցումը։ Յօդուածներու կողքին, կայքէջը կ՚օգտագործէ բազմաթիւ այլ միջոցներ, ինչպէս պատմական արժէքով երաժշտական ձայնագրութիւններ, բանաւոր պատմութիւններ, լուսանկարներ, ֆիլմեր, քարտէսներ, podcast-ներ եւ այլն։ «Յուշամատեան» նաեւ հրատարակած է անգլերէն հատոր-ալպոմ մը՝ «Օսմանեան հայեր. կեանք, մշակոյթ, ընկերութիւն» (Ottoman Armenians: Life, Culture, Society), որ ակադեմական յօդուածներ եւ հարիւրաւոր նկարներ կը պարունակէ։

Այս դասախօսութիւնը ներկայացուցին տոքթ. Էլքէ Հարթման եւ տոքթ. Վահէ Թաշճեան՝ «Յուշամատեան» ծրագրի գլխաւոր հիմնադիրները։ Տոքթ. Հարթման՝ աւագ գիտաշխատող  Ludwig Maximilian University-ի մէջ (Միւնիխ), մասնագիտացած է արդի օսմանեան եւ հայոց պատմութեան մէջ։ Տոքթ. Թաշճեան ներկայիս «Յուշամատեան» կայքէջի գլխաւոր խմբագիրն է։ Ան հրատարակած է շարք մը ակադեմական յօդուածներ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի հայութեան մասին։ Դասախօսութիւնը կազմակերպած էր Հայագիտական Ուսմանց Ծրագրի տնօրէն տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանը, իսկ ձեռնարկի ատենավարն էր Վազգէն Դաւիթեան՝ տոքթորական թեկնածու Birkbeck-ի մէջ (University of London)։

Տոքթ. Էլքէ Հարթման սկիզբը ընդգծեց, թէ կը պակսին հետազօտութիւններ հայոց կեանքն ու շրջանի ուրիշ ժողովուրդներու հետ անոնց յարաբերութիւններուն մասին, ինչ որ ընդարձակ բաց մը ստեղծած։ Անառարկելի է հայոց դերը Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային կեանքին մէջ։ Հայալեզու աղբիւրներու տպաւորիչ հարստութիւնը ներկայիս անգործածական կը մնայ, թէեւ կրնայ լուսաբանել օսմանեան շրջանը Փոքր Ասիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։  Տոքթ. Հարթման դիտել տուաւ, որ օսմանեան հայերու հանդէպ հետաքրքրութեան վերակենդանացումը դեր պիտի խաղայ իբրեւ ժխտողական պատմութեան պատասխան Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ, քանի որ վէճ պիտի յարուցանէ ճակատագրին մասին այն ժողովուրդներուն, որոնք անցեալին վիթխարի ազդեցութիւն մը ունեցած են շրջանին վրայ։

Տոքթ. Վահէ Թաշճեան հաստատեց, թէ Եղեռնէն ետք գաղափարախօսական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած էր հայ մտաւորական տարածքին մէջ։ Հայոց պատմութիւնը յաճախ ուսումնասիրուած է ազգայնական ակնոցով մը, որ կը նպատակադրէ ցեղասպանութեան չարիքները սրբագրել քաղաքական միջոցներով։ Ասիկա մշուշոտած է նախաեղեռնեան հայ կեանքն ու մշակոյթը, յատկապէս հայերու եւ իրենց դրացիներուն յարաբերութեան վերաբերեալ։ Այս գաղափարական շրջադարձը դէպի ազգայնականութիւն ազդած է հայ կեանքի բոլոր ոլորտներուն վրայ՝ քաղաքականութենէ մինչեւ գրականութիւն ու երաժշտութիւն, ինչպէս եւ հայկական ինքնութեան վրայ։ Ընդհանուր առմամբ, կարելի է խօսիլ հայ կեանքի համահարթեցումի (homogenisation) մասին, այսինքն՝ «զտարիւն», «օտար» ազդեցութիւններէ մաքրուած հայ ինքնութեան մը ձեւաւորումը։

Հայոց պատմութեան այս ազգայնական մեկնաբանութիւնը կեդրոնացած է հայ-թրքական կարծեցեալ «անխուսափելի» պայքարի մը վրայ, ընկերային եւ մշակութային կեանքի երբեմնի բոլոր համատեղ երեսակները դուրս ձգելով։ Այսպէսով, ընկերային ու քաղաքական յարաբերութիւնները հայերու եւ այլ խմբաւորումներու միջեւ կոպիտ պարզեցումի ենթարկուած են։ Տոքթ. Թաշճեան վերյիշեց իր դպրոցական տարիներուն փորձառութիւնը։ Օսմանեան կայսրութեան հայոց պատմութիւնը քաղաքականացած ազգայնական տեսանկիւնէ մը ներկայացուած էր, սկսելով Պերլինի համաժողովէն, որուն խոստացած բարենորոգումները մերժուած էին, առաջնորդելով զինեալ պայքարի սկզբնաւորութեան։ Այս կէտէն մեկնելով, աշակերտը կ՚անցնի համիտեան ջարդերէն, Մեծ Եղեռնէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումէն։ Շեշտը յստակօրէն կը դրուի օսմանեան հայերու մութ տարիներուն եւ հայ յեղափոխական շարժումի հերոսականութեան վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Սփիւռքի մէջ, այսպէսով, հայ պատանիները միայն մաքրազտուած ու խիստ քաղաքականացած պատմութեան տարբերակով մը կը դաստիարակուին։

Սակայն, Եղեռնի վերապրողներուն կողմէ զարգացուած վկայագրութիւնը վերապատմած է անոնց կեանքը օսմանեան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ։ Վերապրողները գիտակից էին, որ հայոց յիշողութեան վերջին կրողներն էին, ու նպատակ կը հետապնդէին անմահացնել իրենց գիւղերուն ու քաղաքներուն յիշատակը։ Այս գրական շրջանը տեւած է 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1970-80-ական թուականները, երբ վերջին վերապրողները սկսած են անհետանալ։ Տոքթ. Թաշճեան ցոյց տուաւ 300 գիրքերու ցուցակ մը «Յուշամատեան»-ի կայքէջին վրայ, որ միայն հրատարակուած գիրքեր կ՚ընդգրկէ. իրենց հրապարակային բացայայտումին սպասող գանձեր կան տակաւին անհատներու տուներուն մէջ։ «Յուշամատեան» այս սկզբնաղբիւրները կ՚օգտագործէ՝ Անատոլիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու պատմութիւնը վերականգնելու ու նկարագրելու համար։

Տոքթ. Հարթման յիշեց «Յուշամատեան» ծրագրին սկիզբը, երբ նիւթական աջակցութիւն կ՚որոնէին։ Հիմնադիրները բախտաւորուեցան նման աջակցութեամբ Հրեշտակեան եւ Գալայճեան ընտանիքներուն կողմէ, որոնք խանդավառուեցան ծրագրի նպատակներով։ Ասիկա «Յուշամատեան»-ի խմբակին թոյլ տուաւ իրենց ժամանակը տրամադրել հիմնական հետազօտութեան, կազմակերպական կառոյցի պատրաստութեան եւ վերջապէս կայքէջի հիմնադրութեան։ Աւելի ուշ, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը սկսաւ հովանաւորել երկու ծրագիրներ, որոնք «Յուշամատեան»-ի գործունէութեան մաս կը կազմեն. յօդուածներու թրքերէն թարգմանութիւնը եւ դպրոցներու հետ համագործակցութիւնը։ «Յուշամատեան»-ի անձնակազմին անդամներն են լիաժամ պատմաբան մը՝ Վահէ Թաշճեան, եւ լիաժամ կայքէջի գծագրող/արուեստագէտ մը՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան։ «Յուշամատեան»-ի մասնաժամ աշխատող է Շողեր Մարկոսեանը, որ կը համակարգէ դպրոցներու հետ համագործակցութիւնը եւ նաեւ պատասխանատու է կայքէջին յատուկ բաժնի մը՝ բաց թուային արխիւին։

Կայքէջը կը յատկանշուի ամբողջովին հայերէն իր բովանդակութեամբ, որուն մեծ մասը արեւմտահայերէն է, թէեւ արեւելահայերէն որոշ գրութիւններ ալ կան։ Ասոր նպատակն է պահպանել արեւմտահայ մշակոյթը եւ հակադարձել ցեղասպանութեան, որ փորձած էր մարել այս լեզուն եւ անոր կրած մշակոյթը։ Ամբողջ բովանդակութիւնը նաեւ անգլերէնի եւ թրքերէնի կը թարգմանուի, ինչ որ ոչ-հայախօսներու առիթը կու տայ «Յուշամատեան»-ի ներկայացուցած տեղեկութիւններուն ծանօթանալու։ Աւելի՛ն. թրքերէն թարգմանութիւնները Թուրքիոյ ժողովուրդին կը բացայայտեն անոր բնակած հողերուն պատմութիւնը։ Տոքթ. Հարթման յիշեց, թէ թրքախօս ընթերցողները, փաստօրէն, ամէնէն աւելի շահագրգռուած են «Յուշամատեան»-ի աշխատանքով եւ ամէնէն աւելի աշխուժութիւն ցոյց տուած՝ կայքէջի բովանդակութեան իրենց հակազդեցութեամբ։ Կայքէջը արժէքաւոր աղբիւր մըն է օսմանեան եւ հայկական պատմութեան սկզբնաղբիւրներ փնտռող ուսումնասիրողներու համար։

Կայքէջին բովանդակութիւնը բաժնուած է ըստ աշխարհագրական տեղադրութեան ու նիւթի։ Աշխարհագրական վայրերը ցոյց կը տրուին Օսմանեան կայսրութեան վարչական քարտէսի մը վրայ։ Այս իմաստով, մոռցուած հայկական վայրերու վերայայտնութիւնը Անատոլիոյ քարտէսներու մէջ կարեւոր իրագործում մըն է։ Մանրակրկիտ կերպով պատրաստուած քարտէսները ցոյց կու տան քաղաքներու նախագիծը եւ կը նկարագրեն փողոցներն ու շէնքերու տեսակները։ Ա՛լ աւելի մանրամասնօրէն ներկայացուած են հայկական գիւղերու տուները։ Միւս կողմէ, հետազօտելի բազմաթիւ թեմաներ ու ենթաթեմաներ կան՝ խոհանոցէն մինչեւ երաժշտութիւն ու տնտեսութիւն։ Իբրեւ օրինակ, տոքթ. Թաշճեան լսարանին ցոյց տուաւ Խարբերդի խոհանոցի մասին գրուած յօդուած մը։

Տոքթ. Թաշճեան ամփոփեց «Յուշամատեան»ի ծրագիրը իբրեւ արհեստագիտութեան, պատմական հետազօտութեան եւ արուեստի միախառնում մը։ Դասախօսութեան վերջին մասը արուեստի նուիրուած էր։ Տոքթ. Հարթման ընդգծեց, որ «Յուշամատեան»-ի նպատակը միայն պատմական տեղեկութիւններու ներկայացումը չէ, այլ անցեալը կեանքի կոչել արուեստի միջոցով՝ Սիլվինա Տէր Մկրտչեանի կողմէ հետազօտուած ինքնութեան, կորուստի եւ երիտասարդացումի թեմաներով։ Հագուստներու, գործիքներու, ասեղնագործութեան եւ ձեռագործներու բազմագոյն ներկայացումը տարբեր շրջաններու եւ քաղաքներու հայերու այլազանութեան գեղարուեստական վերակառուցում մըն է։ Կայքէջի արուեստի աշխատանքին ընդհանուր թեման (ծրագրի գոյապատճառը՝ անշուշտ) ընդունումն է, որ հաւաքուած յիշողութիւնները մաս կը կազմեն անցեալի մը, զոր երբեք կարելի չէ իսկապէս վերստեղծել։ Կայքէջի արուեստի գործերէն շատերուն պարագային, այդ յիշողութեան ուրուանկարային ըլլալու գաղափարը տեսանելի է. ան կը ներկայացնէ յիշողութեան մշուշոտ շերտերը, որոնք վերստին կեանքի կը կոչուին, բայց երբեք իրենց բնատիպ ձեւով։

Ներկայացումին վերջաւորութիւնը նուիրուած էր այն ընտանիքներուն, որոնք «Յուշամատեան» ծրագրին հայթայթած են իրենց նկարները, պատմութիւնները, գիրքերը, նամակները եւ պապերէն մնացած այլեւայլ նմոյշներ ու յիշատակներ։ Այս գանձերը ծրագրի անբաժանելի ու էական մաս եղած են։ Կայքէջին մէկ մասը նուիրուած է այս ընտանեկան հաւաքածոներուն, որոնք կու գան Սփիւռքի ու Հայաստանի բոլոր կողմերէն։

Հարց ու պատասխանի բաժնին մէջ, լսարանէն անդամ մը վերապատմեց իր ճամբորդութիւնները Տիարպեքիրի մէջ, յատկապէս յիշելով, որ հանդիպած էր խանութի մը, ուր հարիւրաւոր սափորներու շարքին, անոնցմէ մէկը «Էրմէնի քիլի» (հայկական կաւ) կոչուած էր ու բժշկական նպատակներով կը գործածուէր։ Իրեն համար, հաճելի անակնկալ մըն էր, որ շրջանի մարդիկը ապրանքները տակաւին կը կապէին աւելի քան դար մը առաջ վտարուած հայերուն հետ։ Տոքթ. Հարթման վերահաստատեց, որ այս դրուագը եւ նման իրի մը յայտնագործումը կը կազմեն «Յուշամատեան» ծրագրին էութիւնը, այսինքն՝ յայտնաբերել ո՛չ միայն կորսուած հայկական անցեալ մը, այլ անցեալ մը որ հասարակաց է շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ ազգայնականութեան պատճառով բաժնուած է։ Ժխտողականութեան գործընթացը, փաստօրէն, կը մերժէ այդ հողերու բոլոր ժողովուրդներուն եւ ո՛չ միայն հայերու պատմութիւնը։ Հայկական ներկայութեան եւ շրջանի մշակութային, ընկերային ու տնտեսական կեանքի վրայ հայերու ազդեցութեան ժխտումը նպաստած է Թուրքիոյ ներկայ ինքնութեան տագնապին։

Լսարանէն ուրիշ անդամ մը հետաքրքրուած էր «Յուշամատեան»ի ծրագրի կրթական բաժինով, քանի որ կը ներկայացուի աշխարհասփիւռ հայկական դպրոցներու։ Տոքթ. Թաշճեան դիտել տուաւ, թէ ծրագրի ներկայացումին յաջողութիւնը գլխաւորաբար կապուած է ուսուցիչի շահագրգռուածութեան հետ։ Մարսէյլի ու Պոլսոյ դպրոցներու մէջ ներկայացումները յաջողութեամբ անցած են, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել Լիբանանի փորձառութեան մասին։ Տոքթ. Թաշճեան լիբանահայ աշակերտներու հետաքրքրութիւնը արթնցնելու ձախողութիւնը չվերագրեց բացառաբար ծրագիրը ներկայացնող ուսուցիչի անկարողութեան ու հետաքրքրութեան պակասին, այլ լիբանահայ համայնքի ընդհանուր մտայնութեան։ Գլխաւոր վիճելի կէտը այն է, որ Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութեան ներկայացումը լիբանահայ դպրոցներու մէջ տիրող պատումին հակասող տարրեր կը պարունակէ։ Այսուհանդերձ, «Յուշամատեան» նախագիծին ներկայացումները պիտի շարունակուին այլ համայնքներու մէջ։ Այս տարի, ան պիտի երթայ Յունաստան, եւ յոյս կայ, որ յառաջիկայ տարի ծրագիրը պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու համայնքներուն։

Թարգմանութիւն` Վարդան Մատթէոսեանի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.