Ինչո՞ւ Սուրիոյ մասնատման գաղափարը Ամերիկայի կայսերապաշտական վերջին աղէտը պիտի ըլլար

Վիժայ Փարաշատ alternet.org կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ Սուրիայէն շատ հեռու՝ վերլուծական կեդրոններու զովացուած գրասենեակներուն մէջ կը նստին մեր ներկայ համակարգի մտաւորականները։ Անոնք կը դիտեն քարտէսներ Սուրիոյ՝ երկրի մը‚ որուն հետ զգացական կապեր չունին կամ անոր հողերուն վրայ կրնան երբեք քալած չըլլալ։ Անոնք բնական հարստութիւնները ձեռք բերելու եւ կարգ մը հարցեր լուծելու համար նոր սահմաններ գծող առաջին անձերը չեն։ Անոնք կը հետեւին 1916-եան աւանդութեան բրիտանացի դիւանագէտ Մարք Սայքսի եւ իր ֆրանսացի գործընկեր Ֆրանսուա Ժորժ-Փիքոյի‚ որոնք օսմանեան Սուրիան իրենց երկիրներուն ազդեցութեան գօտիներուն միջեւ բաժնեցին։ Հարիւր տարի ետք‚ Սայքսի եւ Փիքոյի հետեւորդ մարդիկ, իրենց կայսերական փառամոլութիւնները կը զարդարեն մարդասիրական խօսքերով։ Անոնց նախադասութիւնները կը սկսին «ապահով գօտիներ»-ով եւ ապա կ’անցնին դաշնակցային դրութեան մը‚ իսկ ի վերջոյ մասնատուած Սուրիոյ։ Ամերիկեան օդուժի եւ ցամաքային ուժերու կողմէ երաշխաւորուած մասնատումը‚ ըստ իրենց‚ սուրիական ճնգնաժամի լուծումն է։

Քաղաքացիական պատերազմներէն յոգնած‚ իր բնակչութեան կէսը տեղահանուած եւ աւելի քան կէս միլիոն զոհեր տուած Սուրիան տկարացած է քանդուելու աստիճան։ Դամասկոսի մէջ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումը Ամերիկեան կայսրութեան մտաւորականներէն շատերուն կարծած լաւագոյն լուծումը պիտի չըլլայ։ «Պրուքինկզ» հիմնարկէն Մայքըլ Օ’Հանլըն 2015-ին նշեց. «Իրապաշտօրէն՝ Ասատի փոխարինումը շօշափելի այլընտրանքներու բացակայութեան պատճառով չի թուիր հասանելի ըլլալ»։ Միացեալ Նահանգներու կողմէ չափաւորական ճշդուած ուժեր գոյութիւն չունին։ Ուստի‚ Ասատի իշխանութենէն հապճեպ հեռացումը անմտութիւն կը նկատուի։

«Փոխան Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու»‚ կ’ըսէ Օ’Հանլըն‚ Միացեալ Նահանգներ պէտք է աշխատանք տանի «յարաբերաբար խոստմնալից վայրերու մէջ մէկ կամ երկու ապահով գօտիներու» հաստատման։ Այդ «ապահով գօտիներուն մէջ‚ տեղական ուժեր‚ որոնք կը յուսացուի‚ որ չափաւորականներ ըլլան‚ կրնան մարզուիլ Ասատի կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնելու համար։ «Լաւագոյնն ու իտէալականը այն է‚ որ ապահով գօտիներէն մէկ քանին կարենան իբրեւ բանալի տարրեր իրարու միանալ ապագայ համադաշնակցային դասաւորումի մը մէջ»‚ կը պնդէ Օ’Հանլըն։ Այդ մէկը կրնայ առաջնորդել «հարկ ըլլալու պարագային երկրին բացայայտ մասնատման»։ Մաստանումը կը պատկերացուի կատարել յարանուանական եւ ազգային հիմքերով՝ սիւննիական շրջան‚ ալեւիական շրջան եւ քրտական շրջան։ Օ’Հանլըն այդ մէկը կը կոչէ «Սուրիոյ կազմաքանդումը»։

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի սիւնակագիր Թամըս Ֆրիտմըն վերջերս գրած իր մէկ յօդուածին մէջ կը խորհրդածէ Սուրիոյ հաւանական ապագաներուն մասին։ Ըստ Ֆրիտմընի‚ «լուծումներէն նուազագոյն վատ եղողը Սուրիոյ մասնատումն է եւ ստեղծումը հիմնականին մէջ սիւննիական պաշտպանուած շրջանի մը՝ պաշտպանուած միջազգային ուժի մը կողմէ‚ ներառեալ‚ եթէ հարկ ըլլայ, որոշ թիւով ամերիկացի զինուորներու»։ Օ’Հանլընի եւ Ֆրիտմընի միջեւ տարբերութիւնը պարզապէս այն է‚ որ առաջինը կ’ընդունի‚ որ ընկերային բազմազանութիւն ունեցող մեծ քաղաքներուն՝ Դամասկոսի‚ Հալէպի‚ Համայի եւ Հոմսի մէջ մասնատումը դիւրին պիտի չըլլայ։ «Զգուշաւորութիւնը պիտի ըլլայ հրամայական»‚ կը գրէ Օ’Հանլըն։

Ո՛չ Օ’Հանլըն‚ ո՛չ ալ Ֆրիտմըն‚ որոնք երկուքն ալ Ուաշինկթընի մէջ ազդեցիկ անձնաւորութիւններ են‚ կը թուի թէ նեղութիւն կը զգան իրենց կայսերական քայլերէն։ Անոնք բաւական գոհ են սուրիացիներուն փոխան խօսելով‚ խնամակալութիւն առաջարկելու Սուրիոյ‚ որ կը թուի, թէ չի կրնար իր սեփական ճակատագիրը ճշդել։ Այս մարդիկը‚ որոնք ժողովրդավարութեան ու մարդկային իաւանց մասին կը խօսին‚ երբ ի նպաստ իրենց է‚ ապա նոյնքան դիւրութեամբ կայսերական դիւանակալներու կը վերածուին՝ իրենց գրիչներով ուրիշ երկրի մը քարտէսին վրայ գիծեր քաշելու պատրաստ։

Այս երկու անձերուն ազդեցութիւնը կրնայ բաւական շօշափելի կերպով զգացուիլ իշխանութեան շրջանակներուն մէջ։ Անցեալ տարուան վերջաւորութեան‚ «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Ճոն Պրենըն շատ հանգիստ կերպով ըսաւ. «Չեմ գիտեր, եթէ Սուրիան եւ Իրաքը կարելի է վերակազմել։ Շատ արիւնահեղութիւն եղած է‚ շատ քանդում‚ շարունակական‚ եռացող լարուածութիւններ եւ յարանուանական բաժանումներ»։ Ըստ իրեն‚ անոր հետեւանքը Սուրիոյ մասնատումն է։

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ յայտնեց‚ որ արդէն իսկ Սուրիոյ վեց շրջաններուն «երեւան եկող բաժանում մը՝ Սուրիոյ սոմալացումը» գոյութիւն ունի։ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմավարական խորհրդատու եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկական շրջանակներուն մօտ լաւ վարկ վայելող Ամոս Կիլատ յայտնեց. «Սուրիոյ վերջը հասաւ»։ Անոնք‚ բաւական համարձակօրէն‚ կոչ կ’ուղղեն երկրին մասնատման։

Անցեալ ամիս‚ կառավարական օդակայանի մը դէմ ամերիկեան հարուածէն առաջ‚ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտնեց‚ որ անգամ մը որ ՏԱՀԵՇ վերցուի հիւսիսային Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն‚ քաղաքը ամերիկեան աջակցութեամբ պիտի կառավարուի տեղական ուժերու կողմէ։ Նկատի առնուածը այն է‚ որ Միացեալ Նահանգներ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ պիտի ստեղծէ իրաքեան կառավարութենէն անկախ եղող Քրտական շրջանային կառավարութեան համազօր շրջան մը։ Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ‚ ուր իր սահմաններուն վրայ սուրիական քրտական պետութեան մը ստեղծումին նկատմամբ մտավախութիւն գոյութիւն ունի։ Թուրքիա Սուրիոյ մասնատումէն նեղացած չէ։ Անոր վախը այն է‚ որ այդ կազմաքանդումը պիտի արտադրէ իր հարաւային սահմանին երկայնքին ամերիկեան աջակցութիւն վայելող սուրիական քրտական ինքնավար շրջան մը։ Անցեալ Նոյեմբերին‚ Ամերիկացի հրամանատար Ճոզըֆ Տանֆըրտ եւ թուրք հրամանատար Հուլուսի Աքար համաձայնութիւն գոյացուցին‚ որ «Միջազգային դաշինքն ու Թուրքիան միասնաբար պիտի աշխատին Ռաքքայի գրաւման‚ պահպանման եւ կառավարման երկարատեւ ծրագիրի մը վրայ»։ Այդ մէկը կը նշանակէ‚ թէ Միացեալ նահանգներն ու թուրքերը պիտի որդեգրեն այդ շրջանը, եւ այդպիսով թուրքերը պիտի լուսանցքայնացնեն քիւրտերը։

Եզրակացնելով՝ բոլոր հիմնական դերակատարները‚ որոնք անոյշ խօսքեր կ’ըսեն ժողովրդավարութեան մասին, պատրաստակամ են ոչ ժողովրդավարական կերպով ծրագրելու Սուրիոյ մասնատման։

Իրանը տկարացնելու համար տկարացուր Սուրիան

Իրանը 1979-էն ի վեր, Արեւմուտքն ու անոր արեւմտեան ասիական դաշնակիցները՝ Իսրայէլն ու Սէուտական Արաբիան, իրարու հետ կը շփոթէ։ Այդ ուժերուն մտադրութիւնը Իրանը տկարացնելու մեքանիզմ մը գտնելը եղած է։ Սէուտական Արաբիան եւ Արեւմուտքը աջակցեցան Իրանի դէմ Իրաքի երկարատեւ պատերազմին՝ տկարացնելու համար Իսլամական հանրապետութիւնը։

1979-ին‚ Իրանի յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք‚ ամերիկեան դեսպանատան պաշտօնատար Թալըթ Սիլի Դամասկոսէն գրեց‚ որ իր կառավարութիւնը պէտք է աւելցնէ սուրիական պետութեան վրայ ալեւիներու վերահսկողութիւնը‚ որպէսզի Հաֆեզ Ասատի՝ ներկայ նախագահի հօր, օրինականութիւնը ականահարէ։ Սիլի գրեց‚ որ Ասատէն ձերբազատուիլը կարեւոր է շրջանին մէջ Իրանի դերակատարութեան վնասելու համար։ «Հակուած ենք այն կարծիքին‚ որ անոր օրերը համրուած են»‚ Սիլի գրեց‚ նոյնիսկ «Ասատի ահաբեկումի ճամբով»։ Թէեւ իսկութեան մէջ կառավարութեան վրայ ալեւիական վերահսկողութիւն չկայ‚ Սիլի նշեց. «Ըմբռնումը իրականութենէն աւելի կարեւոր է»։

Իրան-Իրաք պատերազմի(1980-88) պատերազմին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներ կ’ուզէր Սուրիան հարուածել՝ տկարացնելու համար Իրանը։ 1983-ին նշանակալից հեռագիրի մը մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ղեկավար Կրահամ Ֆուլըր իր գանձապետներուն կոչ ուղղեց՝ «Սուրիոյ դէմ իսկական ուժ կիրարկելու»։ Ֆուլըր առաջարկեց‚ որ «Միացեալ Նահանգներ պէտք է մտածէ աւելցնել Սուրիոյ սահմանակից երեք երկիրներու՝ Իրաքի‚ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ դէմ սպառնալիքները»։ Ան կը յուսար‚ որ այդ երկիրները նոյն ատեն յարձակում կը գործեն Սուրիոյ դէմ‚ ինչ որ կը տկարացնէ անոր դիրքն ու վարկը։ Եթէ Սուրիոյ դիրքը վնասուի‚ ըստ Ֆուլըրի‚ Իրան պիտի ստիպուի «մտածել պատերազմին վերջ դնելու մասին»։ Կարեւորը այն է‚ որ Իրաքի նման շրջանային երկիրներ «տակաւին կարիքը ունին ամբողջ Ծոցի շրջանին մէջ իրանեան ազդեցութենէն եւ ուժէն զգուշանալու»։ Սուրիան հարուածելը պիտի տկարացնէր Իրանը։ 1983-ին‚ 1979-ին նման դիրքորոշումը այդ էր‚ եւ այդ է նաեւ այսօր։

Քսան տարի ետք‚ 2006-ին‚ Դամասկոսի մէջ ամերիկացի քաղաքական պաշտօնեայ Ուիլիըմ Ռոպաք գրեց‚ որ իր երկիրը պէտք է Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան միանայ երկրին մէջ յարանուանական լարուածութիւններ հրահրելու համար։ Անոնք սիւննի համայնքին պիտի յայտնեն‚ որ Իրան Սուրիոյ մէջ շիական օրակարգ մը յառաջ կը մղէ։ Ռոպաքի հեռագիրը ցոյց կու տայ Իրանի նկատմամբ յարանուանական զգացումները հրահրելով սուրիական հասարակութիւնն ու պետութիւնը տկարացնելու շարունակումը։ Ռոպաք կը գրէ. «Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի մտավախութիւն‚ թէ իրանցիները աշխոյժ են շիական քարոզչութեան եւ հիմնականին մէջ աղքատ սիւննիներու հաւատափոխութեան հարցով»։ Ցնցիչը այն է‚ որ Ռոպաք ետքը կ’ընդունի‚ որ ատիկա «յաճախ չափազանցուած է»։ Ռոպաք ըսաւ‚ որ ամերիկացիները հակառակ բոլոր փաստերուն‚ պէտք է միանան սէուտցիներուն «աւելի լաւ գովազդելու եւ շրջանի ուշադրութիւնը այս հարցին վրայ կեդրոնացնելու»։

Փաստը իրականութեան մէջ ցոյց տուաւ սէուտցի քարոզիչներ մեծ թիւերով մուտք գործած են Սուրիա եւ հաստատուած աղքատ շրջաններուն մէջ։ Այդ մզկիթներուն մէջ էր‚ որ անոնք յարանուանական սուր քարոզչութիւն կատարեցին եւ հասարակութիւնը պատրաստեցին բռնարարքներու բռնկման։ ճիշդ այս է, որ 2011-ին յորդեցաւ Սուրիոյ մէջ։ Ռոպաք իր գանձապետերը խրատեց բանակին մէջ պառակտումներ քաջալերելու‚ ծոցի արաբներուն խրատեց Սուրիոյ մէջ ներդրումներ կատարելէ դադրելու եւ քաջալերեց չարագործութիւնները‚ որոնք վարչակարգը կը զրկեն աջակցութենէ։ Այլ խօսքով՝ Ռոպաք պնդեց վարչակազմի փոփոխութեան վրայ‚ որ պիտի վնասէր‚ ինչպէս ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը տասնամեակ մը առաջ բացայայտ օրէնյայտնեց‚ թէ՛ լիբանանեան քաղաքական-զինուորական Հըզպալլա խմբաւորման եւ թէ՛ Իրանին։

Երկու տարի առաջ‚ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զեկուցումի մը մէջ նշեց. «Իրանի հետզհետէ աճող հիւլէական կարողականութեան ճարը գտնելու Իրսայէլի օժանդակելու լաւագոյն ձեւը Սուրիոյ ժողովուրդին Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու օժանդակելն է»։ Այս փաստաթուղթը կը յորդի Իրանի նկատմամբ մտավախութեամբ։ Հիմնական պնդումը այն է‚ որ Իրան Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի ճամբով իր ձեռքը առած է արեւմտեան Ասիան։ Վերջիններս պէտք է ծունկի բերուին։ Եթէ Ասատի կառավարութիւնը տապալի‚ ապա Իրանի դէպի Հըզպալլա տանող ճամբան կը խզուի։ Ուստի Ասատի տապալումը կենսական է։ Ասիկա ոչ մէկ կապ ունի սուրիացի ժողովուրդին ու անոր կարիքներուն հետ‚ այլ՝ ամէն կապ ունի Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի իրանեան ուժի մասին զառանցանքներուն հետ։ Ասատի տապալումը‚ ըստ ամերիկացի դիւանագէտի հաշուարկին‚ պիտի նշանակէ‚ թէ «Իրան այլեւս Միջին Արեւելքի մէջ պիտի չունենայ յենարան մը‚ ուրկէ կրնայ սպառնալ Իսրայէլի եւ ականահարել շրջանի կայունութիւնը»։

Եթէ Ասատ տապալի եւ նոր‚ թերեւս Դամասկոսի մէջ իշխանութեան գայ արմատական իսլամական վարչակարգ մը‚ ատիկա ինչո՞վ պիտի նպաստէ Իսրայէլի։ Ամերիկացի գաղտնի սպասարկական պաշտօնատար մը այս շաբաթ ըսաւ‚ որ այս ժամանակաշրջանի անունը «Եուկոսլաւիա» է։ Եուկոսլաւիոյ քայքայումը‚ պատճառ դարձաւ, որ շրջանային ուժ չունենան փոքր պետութիւնները։ Պալքանայնացումը‚ ըսաւ ան ժպիտով մը‚ Սուրիոյ համար յարմար լուծումը պիտի ըլլայ։ Զայն մասնատէ եւ Իրան պիտի կորսնցնէ իր յենարանը եւ Իսրայէլի հետ սահմանին վրայ անոր սպառնացող որեւէ ուժեղ պետութիւն պիտի չմնայ։ Իսրայէլ կրնայ մնայուն կերպով պահել Ճոլանի բարձրունքը‚ ամերիկեան աջակցութիւն վայելող պետութիւն մը կրնայ երեւան գալ սուրիական սահմանին վրայ‚ Յորդանան կրնայ տիրանալ Հաուրան բարձրաւանդակին‚ ալեւիական պետութիւն մը կրնայ տիրել ծովեզերեայ դաշտին‚ Ղապ ձորէն Համատ անապատին վրայ ձգելով սիւննիական պետութիւններու շարք մը։ Տկար Սուրիա մը դիւրին վերահսկելի պիտի ըլլայ։

Սուրիոյ շուրջ չարամտութիւն կայ։ Մասնատումը կը նկատուի պետութիւն քանդելու եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի հետ իր սահմանին վրայ Իսրայէլի հանգիստ պարգեւելու դիւրին միջոց։ Սուրիացի ժողովուրդի իրաւունքներն ու ձգտումները այս դաւերուն ու ծրագիրներուն մէջ տեղ չունին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.